ՆՇՄԱՐ.- ՆԻՔԱՐԱԿՈՒԱ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ԳԵՐՄԱՆԻԱՆ… ԵՒ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԵՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 58 Second

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

8 Ապրիլ 2024

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ՏՈՊՐԱԿԷՆ. Նիքարակուա Միջազգային Ատեանին ամբաստանագիր ներկայացուցած է Գերմանիոյ դէմ, զայն կը մեղադրէ պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկող Իսրայէլին մեղսակից ըլլալու յանցանքով:

Եթէ հարցնէք նիքրակաուացիներուն թէ ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ մեղսակցութիւնը, կը պատասխանեն. պաղեստինցիները ջարդելու համար գործածուած զէնքերուն աւելի քան 30 առ հարիւրը կը տրամադրուի Գերմանիայէն, 65 առ հարիւրը՝ Միացեալ Նահանգներէն, իսկ մնացեալ բաժինը՝ եւրոպական այլ երկիրներէ: Գերմանիա, որուն համար ցեղասպանութիւն եզրը – հոլոքոսթ տարբերակով – շատ զգայուն կէտ է, կ’աճապարէ մերժելու մեղադրանքը:

Նիքարակուա բազմափող հրացանով կրակած է ոճրագործին եւ մեղսակիցներուն վրայ: Եթէ մեղադրականը ուղղակի Գերմանիոյ ուղղուած է, նաեւ ինքնին հաստատումներ կ’ընէ, թէ Իսրայէլ ցեղասպանութիւն կ’ընէ (ի դէպ, սա ցեղասպանի յանցանքով առաջին մեղադրանքը չէ Իսրայէլի դէմ, Կազայի պատերազմին նորագոյն բռնկումէն ասդին, Հարաւային Ափրիկէ ուղղակի Իսրայէլը ամբաստանեց), եւ իր ոճիրներուն մէջ ունի մեղսակիցներ: Նիքարակուայի ամբաստանագիրը վար կ’առնէ նաեւ Ուաշինկթընի եւ ուրիշներու դիմակները: Պարզ է, չէ՞. նախագահ Պայտըն եւ կարգ մը գործակիցներ մինչեւ իսկ սպառնալիք բուրող զգուշացման կոչեր կ’ուղղեն Նեթանիահուի, իսկ գործնապէս անոր կ’ըսեն՝ շարունակէ սպանդն ու քանդումը, մենք քաղաքականապէս կողքիդ ենք, պիտի շարունակենք առատ զէնք տրամադրել քեզի: Ականջ մի տար ո՛չ մեր, ո՛չ ալ այլոց քննադատութիւններուն: Մենք աշխարհը կը համոզենք, որ պաղեստինցիներուն ուտելիք կը հասցնենք, աշխարհը պէտք է աչք փակէ նա՛եւ այն ոճիրներուդ վրայ, որոնց զոհ գացին սննդանիիւթ հասցնող բարեսէրներ:

 

Մարդս իրաւունք ունի մտածելու. Նիքարակուան ո՜ւր, Կազան ո՛ւր: Երկուքն ալ մանր երկիրներ են, մէկը միւսէն մօտաւորապէս 12 հազար քիլոմեթր հեռու: Մէկը շեշտուած կերպով քրիստոնեայ, միւսը առաւելաբար իսլամական դիմագիծով ներկայացող (թէեւ պաղեստինցիները, իրե՛նք, նման խտրական մօտեցում չունին): Սակայն եկուր տես, որ կազացիներուն, այսինքն՝ պաղեստինցիներուն պաշտպանի դերը ստանցնողը… յուշակորոյս մը չէ: Նիքարակուացիք չեն մոռցած, որ պաղեստինցիները տասնամեակներ առաջ իրենց զօրակից եղած են, երբ սանտինականները Ուաշինկթընի հովանաւորեալ՝ բռնատէր Սոմոզայի ու անոր գլխաւորած խունթային դէմ պայքար կը մղէին (այդ ի՜նչ հին պատմութիւն է, պիտի ըսէր ՔՊ-ական մը…)

***

ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՒՐԵՐՈՒ «ԳԱՆՁԱՐԱՆ»-ԷՆ. հոս այլազանութիւն կայ.

  • Ատրպէյճան քանի մը օրէ ի վեր կրկին յաճախակի դարձուցած է սահմանային գիւղերու վրայ յարձակումները: Թիրախները հիւսիսային, կեդրոնական եւ հարաւային գօտիներն են: Այս «փուլը» բացուեցաւ այն օրերուն, երբ վարչապետ կոչեցեալը Եւրոպայէն տնտեսական օժանդակութիւն կը մուրար (եւ մանրուքներ ստացաւ), իսկ եւրոպացի եւ ամերիկացի բանակցողները ոգի ի բռին կ’աշխատէին քարիւղատէր եւ խաւիարատէր Ալիեւը ողոքելու, թէ մտահոգուելու պէտք չունի: Անդին, Ատրպէյճանի յարատեւ ոճիրներն ու սպառազինութիւնը աչքաթող կը ձգուին արեւմուտքցիներուն կողմէ, որոնց դէտերը «սքանչելիօրէն» կը խաղան իրենց դեր՝ դէպքերու մասին արձանագրութիւն կը պահեն, որոնցմէ մինչեւ իսկ… մուկ մը չի ծնիր ի նպաստ Հայաստանի, կամ մեղադրանքի նշոյլ մը՝ Ատրպէյճանի հասցէին:
  • Ո՞վ պիտի մեղադրէ Ատրպէյճանը: Տեսէ՛ք, թէ Հայաստանի իշխանականները ինչպէս կը դիտեն եղածները: Արարատ Միրզոյեան անգամ մը եւս կը հաստատէ, թէ դիկտորական մըն է… տգիտութեան մէջ, եւ թշնամիին ոճիրները անուղղակիօրէն արդարացնող մը: Մէկ կողմէ կը տեսնէ՛, որ ազերիները թշնամանք կը կիրարկեն, բայց յետոյ կը յայտարարէ, որ իրեն համար անհասկնալի է թէ ազերիները ինչո՞ւ նման քայլերու կը դիմեն «խաղաղապաշտ Հայաստան»-ի դէմ (44-օրեայ պատերազմի նախօրեակէն ի վեր, եղածին մէջ չհասկնալիք ի՞նչ կայ): ՔՊ-ական խորհրդարանական մը՝ Անդրանիկ Քոչարեան կոչեցեալ, ուրիշ «գիւտեր»-ով կը բացատրէ ազերիներուն թշնամական արարքները: Նախ պաշտօնական Պաքուին կ’ընծայէ ինքնարդարացումի ուղի մը, ըսելով, որ կրակոցները յայտնապէս տեղւոյն վրայ պատահած պաշը-պօզըքութիւն են, այսինքն՝ պետական քաղաքականութեան հետ կապ չունին, յետոյ կ’ըսէ մօտաւորապէս. «Ի՞նչ եղեր է որ… քանի մը ապակի փշրուեր է, կը նորոգենք, կը վերջանայ»: Սա շարունակութիւնն է այն «տրամաբանութեան»,  ըստ որուն՝ մենք պէտք չունինք անբնակ հողեր պաշտպանելու, կամ՝ եթէ ազերիները մեզմէ կարեւոր մայրուղի մը խլեն, ի՞նչ կ’ըլլայ որ, նոր ճամբայ մը կը բանանք, հոգ չէ թէ անիկա պիտի երկարէ մօտակայ գիւղերու միջեւ երթեւեկի ուղին (հիմա ո՞վ կը յիշէ Գորիս-Կապան մայր ճամբան փոխարինողին ստեղծած դժուարութիւնները): Ասոնց թելադրուած է կոյր խաղալ, եւ հանրութիւնն ալ կը հրաւիրեն կուրութեան, որպէսզի ամբողջ ազգը մոռնայ, թէ Արցախը ինչպէ՛ս նուէր տրուեցաւ Ազրպէյճանին, հիմա ինչպէ՛ս կը փորձեն «ապացուցել», որ Հայաստանէն ալ այս կամ այն պատառիկը (մի՛շտ Պաքուի անհատնում պահանջներու ցանկին վրայէն) երբեք Հայաստանի չեն պատկանած, Ալէն Սիմոնեան «հրաշալիք»-ն ալ, Դիոգինէսի լապտերը ձեռքն առած՝ կը փնտռէ մէկը, որ ապացուցէ, թէ Ատրպէյճանի պահանջած գիւղերը Հայաստանի պատկանած են…: Այս բոլորին ի տես, զանգուած մը կը նախընտրէ կրաւորական մնալ, «ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր» պատճառաբանել եւ չընդառաջել ընդդիմադիրներուն եւ հայրենապաշտաններուն «գայլը կու գայ» ահազանգերուն: «Ստախօս Միհրան»-ին պատմութիւնը ծանօթ է, չէ՞: Կը պատմէ՝ թէ գայլը օր մըն ալ իրա՛ւ եկաւ ու առանձին մնացած ստախօս տղան բզիկ-բզիկ ըրաւ: Մեր պարագային, գլխագիր ստախօս(ներ)ը յայտնապէս իր միսը զոհ պիտի չտայ գայլին, իսկ իրենց հո՞գն է հատեր, եթէ գայլը պիտի ուտէ հայութեան մէկ մասն ալ, կուլ տայ Հայաստանէն աւելի մեծ պատառիկներ, հայաթափէ Հայաստանն ալ՝ մաս առ մաս:
  • Եւրոպական միութեան քարտուղարը՝ Մարիա Պէյչինովիչ Բուրիչ (այս ի՜նչ բուրումնալի անուն, չի նմանիր միւս դերակատար-բեմնադրիչներուն) Հայաստան եկած է, ստուգելու համար, որ Հայաստանի մէջ դատարանային մարզը, ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքներու յարգումը ինչպիսի՜ ծաղկում կ’ապրին: Չէ՞ որ Պրիւքսէլի մէջ խոստացուած օժանդակութիւնները այդ խորագիրներուն տակ դրուեցան եւ պիտի հոսին… արեւմտասէրներու գրպաններուն մէջ: Եւրոպացի պաշտօնակատարին յանձնարարութիւն չէ տրուած ստուգելու, թէ ընդդիմադիրներն ու ամբողջ ժողովուրդը ինչպիսի՛ դժգոհութիւններ ունին այս իշխանութեան բռնատիրական, անարդար եւ կաշառակեր ընթացքներէն: Քանի մը օր առաջ, նախարար կոչեցեալ մը կը յոխորտար, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան: Նոյնը կ’ըսէ նաեւ Պաքու, թէ՝ իր մօտ հայ քաղաքական բանտարկեալ չկայ, մինչդեռ միջազգային ընտանիքը կը կրկնէ ու կը կրկնէ, թէ Ալիեւ պատանդ կը պահէ Հայաստանէն եւ Արցախէն բազմատասնեակ հայորդիներ, պետական ու զինուորական անձնաւորութիւններ, մինչեւ իսկ համարձակող կայ, որ կ’ըսէ, թէ Արցախի հարցը չէ փակուած, դողի մատնելով ՔՊ-ականներու սիրտը: Երեւանի իշխանաւորները այս հարցին նկատմամբ ալ դարձած են Պապանձեալ Զաքարիային հաւատարիմ ժառանգորդները: Հապա ի՞նչ կ’ուզէք որ ընէին. Ատրպէյճանին նոր պատճա՞ռ տային, որ յարձակի Հայաստանի վրայ: Նոր սովորութիւնը այն է, որ ազերիներ կը յարձակին, կը կրակեն ու կը ռմբակոծեն առանց պատրուակ փնտռելու, իսկ Հայաստանի իշխանաւորները ոգի ի բռին կ’աշխատին, որ «խաղաղասէր Հայաստան»-ը ամէն գետնի վրայ աւելի՛ տկարանայ, մնայ մինակ (եւ այս մինակութիւնը Վ. Թէքէեանի «Բարձարացում»-ին մէջ նշուած մինակութիւնը չէ):

***

…Պաղեստինցիները հեռաւոր Նիքարակուայէն կամ ափրիկեան երկիրներէ զօրակիցներ կը գտնեն իրենց դէմ ոճիր գործողին ու մեղսակիցներուն դէմ (որովհետեւ օր մը զօրակցած են անոնց դատերուն), Երեւանի իշխանաւորները պատրաստ են կոտրելու օգնութիւն տրամադրելու պատրաստին ձեռքը, մոռացութեան գիրկը կը նետեն պատմութիւն, դատ եւ իրաւունք, պատրաստ են սահմանադրութիւնը կտրել-կարել Ալմա Աթայի հռչակագիրին «թաւիշ»-ով:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles