Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպում Փաշինեանի Հետ

0 0
Read Time:1 Minute, 27 Second

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացուի, թէ Ապրիլ 5-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լեյէնի եռակողմ հանդիպումը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.-

Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը սատարեն Հայաստանի եւ շրջանին համար կայուն, խաղաղ, անվտանգ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագային: Այս ծիրին մէջ մենք նպատակ ունինք ընդլայնել համագործակցութիւնը` միտուած Հայաստանի դիմակայունութեան ամրապնդման, այնպիսի առանցքային ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են` քաղաքական բարեփոխումները, տնտեսական զարգացումը եւ մարդասիրական աջակցութիւնը: Մենք պիտի ձգտինք ընդլայնել մեր գործընկերութիւնները, օրինակ` շարժունակութեան, կառավարման, օրէնքի կիրարկման, առեւտուրի, կապի, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ ճարտարագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ: Այս առանցքային ոլորտներուն աջակցելու նպատակով Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը նախատեսեն աւելի ամուր համագործակցութիւն Հայաստանի հետ:

Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները բարձր գնահատած են 2018 թուականէն ի վեր ժողովրդավարութեան եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի արձանագրած էական յառաջընթացը, եւ յանձնառութիւն յայտնած են շարունակելու գործընկերութիւնը եւ աջակցելու Հայաստանին` հաշուի առնելով, որ անիկա կը շարունակէ ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը մեր հասարակաց արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համահունչ:

Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները ողջունած են արտաքին աշխարհին հետ կապը բարելաւելու Հայաստանի յանձնառութիւնը, ներառեալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, որ պիտի խթանէ հասարակաց բարգաւաճումը ու շրջանային տնտեսական եւ առեւտուրի բազմազանացումը:

Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները մտադիր են լրացուցիչ օգնութիւն ցուցաբերել` օգնելու Հայաստանին մեղմացնել ռիսքերը, բազմազանացնել առեւտուրը եւ ամրապնդել տնտեսական ու հաստատութենական դիմակայունութիւնը:

Միւս կողմէն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ  յայտնեց, որ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ հանդիպումը Հարաւային Կովկասի համար «վտանգի յաւելեալ աղբիւր մը կը ստեղծէ»:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները իրենց նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին փորձած ենք մեզ համոզել, որ այս հանդիպումը ուղղուած չէ Ազրպէյճանի դէմ, մենք գիտենք, որ ատիկա կը հակասէ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան», յայտնած էր Ալիեւ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles