ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 40 Second

Խմբագրական

Կիրակի, Ապրիլ 13, 1919

Հազիւ ճամբաները բացուած, զարհուրանքի լուրերը ահա կը հասնին իրարու ետեւէ։ Հիւանդութիւն, հիւանդութիւն, դարձեալ հիւանդութիւն…։ Եւ եթէ հայ նախարարներ իրարու ետեւէ զոհ կ’երթան հիւանդութիւններու, կարելի է երեւակայել, թէ ինչպէ՜ս կը կոտորուի խեղճ ժողովուրդը, որ թուրքին սուրէն մազապուրծ ազատած՝ ահա կ’իյնայ հիւանդութիւններու ճիրաններուն տակ։

«Հայրենիք» քանի մը օրեր առաջ հրատարակեց տոքթ. Մուրատեանի նամակը, որ սրտաճմլիկ լուրերով կու գար, յանուն մնացորդ հայութեան, կոչ ընել ամերիկահայ բժիշկներուն։ Բժիշկի սով կայ, ժողովուրդը կը կոտորուի, մեռելաթաղեր չեն հասնիր մեռելներ թաղելու, կը գրէր տոքթ. Մուրատեան, որ կոչ կ’ընէր ամերիկահայ բժիշկներուն երթալ, իրենց գիտութիւնը սպաս դնել վերապրող հայութեան, որ ազատ Հայաստանի գլխաւոր ատաղձը կը կազմէ։

Տոքթ. Մուրատեանի նամակը դեռ մէկն էր միայն. միայն Երեւանի շրջանէն եկած, ուր ազատ հայ կառավարութիւն մը կայ, որ իր անձնուէր նախարարներու կեանքովն իսկ կ’աշխատի բան մը ընել վերջապէս հայութեան մնացորդին։

Տիֆը հիւանդութիւններու մէկ տեսակն է միայն, որ կը յիշատակէ տոքթ. Մուրատեան։

Ապա եթէ երեւակայենք, որ Հայաստանի մէկ ծայրէն միւսը, աւերակներու վրայ իր կեանքը քարշ տուող մնացորդ հայութիւնը նոր ջարդի մը ենթակայ է. եթէ աւելցնենք որ տիֆէն զատ կան տակաւին ուրիշ ահռելի հիւանդութիւններ, որոնք թուրք եաթաղանին պակասը կը լրացնեն, կան միքրոպներ, որ բորենի թրքութիւնը հայ արիւնին է խառներ…

Եւ ցուրտ իրողութիւնն է այս։

Մենք չենք կրնար մեղադրել ամերիկահայ բժիշկները, երբ անոնք կարիքի հսկայութեան առջեւ իրենց ուժերն ու միջոցները անբաւարար գտնեն։ Եւ իսկապէս, որ անհատ բժիշկ մը հազիւ թէ կարենայ պզտիկ օգուտ մը ընել, անմիջապէս ելնել երթալով դէպի աղէտահար ժողովուրդը, որ աչքերը սեւեռած է դէպի դուրս, իր բաղդաւոր եղբայրները։

Անհատական ճիգերն ու փորձերը որքան ալ հերոսական ըլլան, կարիքին չեն կրնար բաւարարութիւն տալ։

Ամերիկահայ բժիշկներուն մէջ, որոնց թիւը շատ պզտիկ չէ, չկա՞ն արդեօք տասը հերոս բժիշկներ, որոնք բժշկական խումբ մը կազմելով անմիջապէս ճամբայ իյնային դէպի հայրենի աշխարհ։

Փարիզի պատուիրակութիւնը բժշկական խումբ մը ղրկելու միտքը յղացեր է։ Երանի թէ ուշացած այս քայլը աւելի չուշանար։

Եթէ ուրիշ ոեւէ գործ չունենար ընելիք, բժշկական խումբ մը կազմելու, անոնց բոլոր միջոցները ընձեռելու գործը բաւական պիտի ըլլար որ ամերիկահայութիւնն ալ ունենար վստահելի մարմին մը։

Բժշկական խումբ մը կազմակերպելը, անոնց հետ ղրկելիք դեղերը եւ գէթ տարիով մը անոնց պէտքերուն գոհացում տալը առնուազն քանի մը հարիւր հազար տոլարներու կը կարօտին։ Իսկ նման գումար մը ձեռք բերելու համար պէտք է վստահութիւն ներշնչել։ Դժբախտաբար, սակայն , «Ազգային Միութիւն» մը ունինք, որ հեռու է ամէն վստահութենէ։

Այս բոլորը, սակայն, դեռ պատճառներ չեն որ ամերիկահայութիւնը նստի ձեռնածալ եւ իր բժիշկները սպասեն մինչեւ որ օր մը իրենք ուշանան նոյնիսկ մեռելաթաղներ ըլլալէ։

Պատմական քայլ մը պիտի ըլլար տեսնել որ ամերիկահայութիւնը իր նիւթական միջոցներով գոնէ տասը հայ բժիշկներէ կազմուած խումբ մը ճամբայ հանէր եւ անոնց տար բոլոր միջոցները։ Եւ մենք վստահ ենք որ ամերիկահայ աշխատաւորութիւնը լիաբուռն կերպով պիտի զօրավիգ ըլլար նման ձեռնարկի մը։ Բայց քանի որ պլօքեան Միութիւն մը ո՛չ միայն ինքը կազմալուծուած է ու բան մը չըներ, այլ իր դիակնացած գոյութիւնը արգելք է նաեւ ուրիշներու գէթ իրենց միջոցներով բան մը ընելու, չե՞ն մտածեր երբեք ամերիկահայ բժիշկները, թէ իրենք կրնան խումբ մը կազմել, դիմել Ամերիկեան Կարմիր Խաչին, իրենց տալու բոլոր միջոցները եւ փութալ աղէտեալ հայութեան։

Կարելի չէ՞ արդեօք այսպիսի քայլ մը, մինչեւ որ ամերիկահայութիւնը կազմէ իր վստահելի մարմինը եւ կարենայ անոր միջոցով նոր խումբեր ղրկել դէպի Հայաստան։

Ամերիկահայ բժիշկներ, Հայաստանի մէջ գերեզմաններն անհամար են. խնայեցէք նոր գերեզմանները, եթէ պէտք է հերոսական ժեստով մը, եւ վստահ եղէք, ամերիկահայութիւնը ձեզ մինակ չի թողուր։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles