ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇԵՑ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 19 Second

Կիրակի, Մարտ 31-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ՄԵՐ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափաշ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Հայրապետական Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը։

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

Հաւատացեալներու կողքին Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը եւ պետական, կուսակցական, միութենական ու համայնքային ներկայացուցիչներ։

Խօսելով հայ  ժողովուրդի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն մասին՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Նայեցէք մեր պատմութեան. մեր ողջ պատմութեան ընթացքին շրջապատուած եղած են ահաւոր տագնապներով, պատերազմներով, հալածանքներով, ցեղասպանութեամբ, արտագաղթով. սակայն կրցած ենք յարութեան հաւատքով զօրացած՝ դիմակալել այս ահաւոր տագնապները եւ վերականգնիլ, վերաշինել մեր հայրենիքը ու վերահաստատել մեր ազգին միասնականութիւնը։ Հետեւաբար, ներկայ ժամանակներուն, մեզի պարտադրուած տագնապներուն դիմաց պէտք չէ ընկճուիլ, յուսահատիլ, այլ՝ յարութեամբ զինուած՝ պէտք է շարունակել մեր հաւատքի պայքարը՝ ի խնդիր մեր հաւաքական արժէքներու ու իտէալներու պաշտպանութեան»։

Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեցուց, որ «նման ճակատագրական պահերուն հայ եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ եղած է՝ ինքզինք նոյնացնելով մեր ժողովուրդի տագնապներուն ու պայքարին հետ, իր հաւատքի առաքելութեան անբաժան մասը նկատելով հայրենիքի ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին միշտ պիտի մնայ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին»։

Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան՝ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատի կողքին՝ շեշտելով Կազայի պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումը եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներուն վերահաստատումը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։

Հուսկ, Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ Զատկական շնորհաւորութիւնները ընդունեց հոգեւոր պետերու, քաղաքական ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles