Մոնրէալի Մէջ Նշուեցաւ «Համազգային»-ի Պաշտօնաթերթ «Բագին»-ի 60-ամեակը

0 0
Read Time:1 Minute, 49 Second

Չորեքշաբթի, Մարտ 13-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Համազգայինի պաշտօնաթերթ «Բագին»-ի 60-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը, բարձր հովանաւորութեամբ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան, հովանաւորութեամբ Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէքի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, գործակցութեամբ «Բագին» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի, եւ ատենադպիր Լորիկ Սապունճեանի, Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեանի եւ անդամներու։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Բագին»ի Խմբագրական խորհուրդի անդամ Անոյշ Ակներեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա ըսաւ. «Բագինի անդրանիկ թիւի խմբագրականը կը խօսի այդ օրերու «կեդրոնական ու կեդրոնաձիգ բեմի մը” բացակայութեան մասին, այսինքն՝ Սփիւռքի «գրողները քով քովի բերելու, աշխատանքի մղելու, աշխատութիւնները արժանաւորապէս ներկայացնելու խանդավառ միջոցի» պակասին մասին, եւ հետեւեալ հաստատում-խոստումը կ՚ընէ մանիֆեստի նման. «Բագին կոչուած է այդ կեդրոնական ու խանդավառ բեմը ըլլալու»:

Հանդիսութեան առաջին բանախօսն էր բանաստեղծ մտաւորական, «Բագին»-ի նախկին խմբագիր Յարութիւն Պէրպէրեան: «Բագին»ի առնչուած իր յուշերով սկսաւ ան իր բանախօսութիւնը, երբ մաս կազմած էր անոր խմբագիր Պօղոս Սնապեանի շուրջ հաւաքուած երիտասարդ գրողներու խմբակին ու անկէ ետք երկար տարիներ աշխատակցած է «Բագին»-ին իր յօդուածներով, ապա որպէս խմբագիր եւ խմբագրակազմի անդամ: Ան յիշեց, թէ տարբեր սերունդներու գրողներ «Բագին»-ի մէջ հանդէս եկած են։

Երկրորդ բանախօսն էր «Բագին»ի խմբագիր Սոնիա-Սանան Քիլէճեան, որ իր խօսքը սկսաւ ըսելով. «Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ որբերու ու ցնցոտիներու սերունդէն, պապանձումի մատնուած ամբողջ ամբոխ մը, արհաւիրքի պատկերը սառած դէմքին, աղէտը ապրելով հանդերձ, պիտի վերածնէր նոր հայութիւն մը, եւ նոր ծնող երեխաներու շրթներուն պիտի ծաղկէր ու զարգանար նոր հայերէն մը՝ շարունակութիւնը հազիւ 50 տարի առաջ ինքզինք ազատագրած աշխարհաբարին, ու այս անգամ պիտի զարգանար երկրէ երկիր տարածուող մամուլի ցանցով մը, շուտով ինքզինք գտնելու համար իբր կատարելապէս կանոնակարգուած գրական լեզու մը», ապա անդրադառնալով Բագինի առ այսօր գոյատեւման, հակառակ սփիւռքեան այլ հանդէսներու փակման տխուր իրողութեան՝ Քիլէճեան ըսաւ. «Բագինը կայ, որովհետեւ 100 տարի առաջ վերածնած հայութիւնը այս լեզուին մէջ դրաւ իր հաւատքն ու ապագայի տեսիլքը․․․»։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Լիբանանէն ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի գնահատական խօսքով, որ նախ իր վկայութիւնը փոխանցեց երիտասարդութեան տարիներէն ի վեր «Բագին»-ի առնչութեամբ, ապա շնորհաւորեց անոր 60-ամեակն ու նորանոր նուաճումներու մաղթանքներով փակեց իր խօսքը: Քէշիշեան իր խօսքը աւարտելէ ետք սրինգով նուագեց «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ» կտորը եւ զայն նուիրեց օտար ու ամայի ճամբէքի վրայ յամառօրէն իր երթը շարունակող «Բագին»-ին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles