Թեհլիրեանի Յիշատակին․- Ծնած Օրդ Օրհնեալ Ըլլայ

2 0
Read Time:3 Minute, 20 Second

Ծ․Խ․- Այսօր վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթի ահաբեկման 103-րդ տարեդարձն է: Այս առթիւ, բազմաթիւ գաղթօճախներէ ներս հաւաքներ եւ ձեռնարկներ կը կատարուին, որոնց կարգին յատկապէս կիսանդրիի բացումը Մարսէյի (նկարը) մէջ։ Այս առթիւ, անգամ մը եւս լոյս կ՛ընծայենք 1960-ին
գրուած այս ձօնը, որուն գրիչը կը պատկանի Արամ Հայկազի։

Ես անզուգական Սողոմոնը անձամբ տեսնելու եւ իր ճակատը համբուրելու բախտը չեմ ունեցած։ Գսմէթ չեղաւ․․․ Բայց անմոռանալի երեք դէպքեր կան մտքիս մէջ իր անձին ու գործին կապուած։

Այդ դէպքերէն առաջինը այն պահն է՝ երբ մեր վարժարանի սրահը փոթորկեցաւ անակնկալօրէն։ Ձմրան օր մըն էր՝ Պոլսոյ մեղմ ու անուշ ձմեռներէն յետմիջօրէի մը, երբ տղայ մը, որ դուրս գացած էր՝ անկիւնի պարսիկ շաքարավաճառէն մի ինչ որ բան գնելու, վերադարձաւ՝ տակն ու վրայ եղած, լեզուն բռնուած, մոխիր դարձած, վազելէն ու յուզումէն շնչատ․

– Արա՛մ ախպար, Արա՛մ ախպար,– ըսաւ,– միւժտէս տուր, միւժտէ՜ս․ հայ մը Պերլինի մէջ Թալէաթ փաշան սպաններ է, շան սատակ է ըրե՜ր։ Խաչ որ, Արա՛մ ախպար, սուտ չեմ, աչքովս տեսայ ու կարդացի։

– Ո՞ւր կարդացիր։

– Անկիւնի պարսիկի խանութը, թերթին վրայ գրուած էր։

Վազեցինք պարսիկին խանութը, գնեցինք թերթը ու հոն՝ փողոցը, ինծի պէս քանի մը տղու հետ գլուխ-գլխի տուած, կարդացինք։

Իրաւ էր։ Սուտ չկար։ Տղան ընդհանուր խանդավառութեան մէջ միւժտէ ուզելը մոռցաւ։

Երեք օր վերջ, երբ լուրը վերջնականապէս հաստատուեցաւ, ու յայտնի եղան տեռորը գործադրողին ինքնութիւնն ու բռնուիլը, որբանոցի տղոց կողմէ պատգամաւորութիւն մը ներկայացաւ տնօրէնին՝ անորմէ խնդրելու, որ կիրակի օրերը մեզի մինակ ցամաք հաց տան վեց ամիս ու խնայուելիք դրամով օգնեն Սողոմոնի դատին․․․

Երկրորդ դէպքը այդ դատին յաջող վերջաւորութենէն յետոյ, արդիւնքը ծանուցանող հայերէն թերթերուն խոշոր, զուարթ խորագիրներէն հետեւեալն է․ «Պերլինի մէջ դատաւորներ կան»։

Այդ խորագիրը կարդալով՝ մենք ուրախութեամբ լացինք, ու մեր մարմինները փշաքաղուեցան։ Այդ պահուն մենք սիրայօժար էինք ներելու բոլոր գերմաններուն՝ Հայկական ջարդերուն մէջ ունեցած իրենց ուղղակի կամ անուղղակի բոլոր մեղքերուն համար։ Չէ՞ որ Տաք․ Լէփսիուս անուն մէկն ալ օգնած էր հայ փաստաբաններուն․․․

վրէժխնդրական այդ արարքը առաջինը չէր, ոչ ալ վերջինը եղաւ։ Իրարու ետեւէ շան սատակ ըլլալով պատժուեցան՝

Խան Խոյըսկին 1920 ձմեռ, Թիֆլիս

Թալէաթ 1921, Մարտ 15 Պերլին

Ջիվանշիր 1921, Յուլիս, Պոլիս

Սայիտ Հալիմ 1921, Դեկտեմբերին, Հռոմ

Ճեմալ Փաշա 1922, Թիֆլիս

Պեհաէտտին Շաքիր եւ Ճեմալ Ազմի 1922, Պերլին

Այս դէպքերէն վերջն էր, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յարգանքը հայ վրիժառու բազկին հանդէպ բարձրացաւ։ Կը պատմեն, թէ երբ Մուսթաֆա Քեմալի տիրապետութեան շրջանին ներքին ապահովութեան պետը իրեն կը տեղեկագրէ, թէ իր կեանքին դէմ դաւադրութիւն մը կը կազմակերպուէր, ու ինք՝ ապահովութեան պետը, զայն երեւան հանած է, Քեմալ կը հարցնէ, թէ կազմակերպողներուն մէջ հայեր կա՞ն։

– Ո՛չ Փաշա՛, չկան։

– Ուրեմն վախնալու պատճառ մը չունէիր,– կ’ըլլայ պատասխանը։

Ահա՛ եւ երրորդ դէպքը։

Աննման Սողոմոնի մահուան գոյժը հասած շաբաթը՝ իրիկուն մը, բարեկամի մը տունը հիւր էի ուրիշ քանի մը մարդոց հետ։ Կարծեմ հինգ էինք սեղանին վրայ ու աւելի քան քորդ մը սքաչ խմեցինք․․․

Ալքոլը լաւ բան է։ Երբ յաղթական ես, ուրախ, ցնծուելու պատճառներ ունիս, կը խմես՝ տօնելու համար։

Երբ վշտոտ ես, սրտաբեկ, կը խմես՝ մոռնալու համար․․․

Մենք խմեցինք, բայց չկրցանք մոռնալ մեր վիշտը։ Խօսակցութիւնը, ուրկէ ալ սկսելու ըլլայինք եւ ուր ալ առաջնորդել ջանայինք, նորէն կու գար Սողոմոնի մահուան վրայ։

– Պէտք չէ որ Սողոմոնին ցուցամատը իր հետ թաղեն,– ըսաւ մեզմէ մէկը։

Բաժակները վար դրինք ու նայեցանք իր կարմրած դէմքին։

– Հայ ժողովուրդը մասունք, սրբութիւն շատ ունի,– ըսաւ ան,– հատ մըն ալ՝ Սողոմոնին մատը․․․ Չէ՞ որ թուրքերը այս մասունքներէն շատերը փճացուցին․․․ Իրաւունք չունի՞մ հրէշը զգետնելու համար ատրճանակին բլթակը քաշող մատը սրբացնելու, պաշտելու․․․

Ու միտքս գնաց ետ՝ Հայրենիք, ծննդավայր, ուր որոշ օրերու քահանայ հայրերը պահարաններէն դուրս կը բերէին զանազան սուրբերու անուններով խաչեր ու աջեր ու անոնցմով կ’օրհնէին ջուրերն ու ժողովուրդը։

Հիմա այդ ժողովուրդին մէկ պանդուխտ զաւակը կ’առաջարկէր այդ մասունքներուն վրայ աւելցնել Սողոմոնի մատնոսկորը․․․

Աւելի մեծ պատիւ կարելի՞ է երեւակայել․․․

Կը կարծեմ, թէ ամէն ժողովուրդ քիչ թէ շատ հերոսապաշտ է։ Ու լաւ, որ այդպէս է․ լաւ որ մենք ալ հերոսապաշտ ենք։ Ատոր համար չէ՞, որ Սերոբն ու Գեւորգը անմահացուցինք, Մուրատը սիրեցինք ու Անդրանիկը երգեցինք․․․ Այդ ժողովուրդը չէ՞, որ իր մէկ ղարիպ զաւակին բերնով Սողոմոնը սուրբերու կարգը կը դասէ․․․

Աւելի մեծ պատիւ կա՞յ։

Ծնած օրդ օրհնեալ ըլլայ, Թեհլիրեան Սողոմոն, ու օտար հողը ձիւնծաղկէ վերմակի պէս թեթեւ գայ վրադ։

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

1960

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles