ԹԵՐԵՒՍ ԿՐԿՆՈՒԹԻՒՆ, ԲԱՅՑ ԿԵՆՍԱԿԱՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 0 Second

  Յ. Պալեան         

                        ՍԵՐՈՒՆԴԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ  ԱԶԳԻ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆ Է:             Պէտք  չէ անտեսել նաեւ չափահասներու մնայուն լուսաբանական դաստիարակութիւնը, որուն համար կարեւոր դեր վերապահուած է լրատուամիջոցներուն:

            Այս բոլորին համար սիրողականութիւնը, amateurism, միայն ժամանց է, զբօս:

            Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որ  ցարդ որպէս հայ եւ հայութիւն ապրած, տեւած եւ իրենք զիրենք որպէս այդպիսին ճանչցած եւ ընդունած անհատներ եւ հաւաքականութիւններ, հիներ եւ նորեր, համագումար՝ ԱԶԳԸ, գիտակցին, որ վերջին անձրեւէն անմիջապէս ետք բուսած սունկ չեն, այլ՝ ինքնուրոյն ազգ են, ասդին անդին յայտնուած «գաղափարական-տեսաբանական «լապորաթորիա»ներու փորձառական արտադրանք չեն, ինքնատիպ շարունակութիւն են, որ վաղը կրնան չըլլալ:

            Բառերը իմաստ ունին, միտք եւ ընտրանք եւ պատասխանատուութիւն են: Հետեւելով պատշաճեցումներու եւ հրաժարումներու հոսանքին, մենք մեզ ներկայացնելու եւ սահմանելու համար, ընդունած ենք եզրեր, բառակապակցութիւններ, որոնք դարձած են նկարագիր: Հայ ժողովուրդը, եթէ քաղաքական եւ ընկերային բնական հոլովոյթ ունեցած ըլլար, պիտի մնար արմատներու եւ ինքնութեան սահմանումի շրջագիծին մէջ, որ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ է: Այսօր, հայն ու հայութիւնը նոր ընդունուած մակդիրներով կը բնորոշուին: Հայը եւ Հայութիւնը, որոնց մասին կը խօսինք, բազմանուն հաւաքականութիւններու տեսական գումար են, բազմաթիւ բարքերով եւ ինքնութիւն կերտող տարբեր երկինքներու տակ զարգացած մշակոյթներով, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն չեն ունեցած եւ չունին հայկական ժառանգութեան եւ անոր շարունակութեան հետ:

            Լռելեայն  ընդունած ենք այս բազմադէմութիւնը, միշտ հաւատալով եւ ենթադրելով, որ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ենթահողը մնացած է ՆՈՅՆ: Բայց կը տեսնենք եւ գիտենք, որ  ենթադրուած ՆՈՅՆը դարձած է ԶԱՆԱԶԱՆ: Հասկցա՞ծ ենք, որ ԶԱՆԱԶԱՆԸ ՄԷԿ ԵՒ ՆՈՅՆ ՉԷ, հակառակ ամէն կարգի ինքնամխիթարական եւ պատեհապաշտական մեծխօսիկութիւններու: Զանազաններուն տուած ենք անուններ: Ըսած ենք Ռուսահայ, Թրքահայ, Պոլսահայ, Կովկասահայ, Վիրահայ, եւ աճելով՝ Լիբանահայ, Սուրիահայ, Իրաքահայ, Ֆրանսահայ, Պարսկահայ, Սաղիմահայ, Յունահայ, Եգիպտահայ, Ամերիկահայ, միշտ աճելով, Անգլիահայ, Գերմանահայ, Աւստրալահայ, Արժանթինահայ, Պրազիլահայ, Չիլէհայ, Շուէտահայ, Իսպանահայ, եւայլն… Ո՞վ կազմած է եւ կրնայ կազմել ցանկը այս բազմանուն Հայերուն: Մանաւանդ ճշդել՝ թէ ի՞նչ է անոնց իրա՛ւ միացման հասարակ յայտարարը: Տեսակ մըն ալ կար, Սովետահայը, որուն համար հայրենիք էր աշխարհածաւալ Սովետ Հայրենիքը, որ թուղթի վրայ չկայ, բայց այդ ինքնութիւնը կը տեւէ որպէս բարք եւ ըմբռնում:

            Մոլորակի տարածքին տեւական տեղաշարժի մէջ է Հայը, «համաշխարհային ազգ» ըլլալու շատ բան չնշանակող ըմբռնումի ընձեռած դատարկ իրաւունքով, ան ժամանակ մըն ալ, ինքնախաբէութեամբ, պիտի կարծէ շարունակութիւն եւ մէկ ըլլալ «նոր հայրենիք»ներու մէջ, ինչ որ ազգային  գոյապահպանութեան տեսակէտէ խոշոր անհեթեթութիւն է, քանի որ մտածելու, զգալու, դատելու եղանակները տարբեր են, իրականութիւնը միշտ կոշտ է, ազգի լինելութեան տեսակէտէ, եթէ մեկնինք, զանոնք թաքցնել ինքնախաբէութիւն է, խաբէութեան արշաւ:

            Նոր հայրենիքներու մէջ հին ազգը նոյն չ’ըլլար:

            Ուղեղս միշտ տաղուած կը մնայ Երեւանէն Փարիզ եկող օդանաւին մէջ, դէպի նոր աշխարհ գաղթող «հայաստանցի» մօր խօսքը իր աղջնակին, որ զինք կը տանէր իր նոր հայրենիքը… Այս հոգեբարոյական խաթարում է, բացառիկ պարագայ չէ: Հայրենիքը «սուպերմարկետ»ի մէջ վաճառուող շապիկ-տաբա՞տ է, որպէսզի հինը նետենք եւ նորը հագնինք:

            Երթալ  եւ տանիլ «նոր հայրենիքներ»…

            Հիմա կան նաեւ ներսի եւ դուրսի Հայաստանահայերը, ստեղծուող եւ տեւող ինքնութիւններու շարքին, որոնք կը մկրտուին նոր անուններով նոր հայրենիքներու մէջ, ինչպէս Իսպանահայ, Բելգահայ, Իրլանտահայ…: Գումարեցէ՛ք չեխահայը, քուէյթահայը… Եթէ մէկը այս բոլոր հայերուն ցանկը կազմէ ան կ’ըլլայ մոլորակի աշխարհագրութեան դոկտոր, քանի որ Վլատիվոսթոք, Ալասքա, Ուշուայա, Քամըրուն, ճաբոն, Հոնք Քոնկ, Շանկհայ, Ուքրայինա, Թահիթի, Թոկօ եւ ուրիշ ծանօթ-անծանօթ  վայրեր ալ հայեր կան: Քարտէս՝ զոր կը կոչեն համատարած:

            Ցեղասպանութեան յաջորդած հայրենահանումը ծնունդ տուաւ,  գաղթակայաններէ ետք գաղութներու, զորս կոչեցինք Սփիւռք: Ըսինք, Սուրիահայ, Ֆրանսահայ, Յունահայ, Լիբանահայ, Ամերիկահայ…: Հիմա բազմապատկութիւն կայ, ըստ բնակութեան եւ արձանագրութան վայրի անուններու, նոր ինքնութիւններ, քանի որ հայերը տեւաբար կը գաղթեն, ոչ միայն Հայաստանէն, այլ նաեւ այն վայրերէն ուր հասած էին որպէս գաղթական:  Նոր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, բարքերով, կենցաղով, հետզհետէ նաեւ լեզուներով, խառնուրդներով, ADNներու գերաճող բազմապատկումներով, հետեւանք՝ «խառն ամուսնութիւններ» կոչուած երեւոյթին, հնդիկ հայրեր, չինացի եւ քորէացի մայրեր… Բազմապատկեցէ՛ք աշխարհի քարտէսին վրայ եղած համայնագիտարանային անուններով: Գումարել նաեւ՝  յառաջդիմութեան կամարին տակ բնութեան կարգի նորը գրելու արշաւը առաջնորդող LGBTները եւ այդպէս բաներ:

            Եթէ, ներսը եւ դուրսը, իր անուան արժանի ղեկավարութիւն ունենայինք, մանաւանդ լսելու ունակ ժողովուրդ ըլլայինք, տարտղնումի դէմ ճակատ յարդարած կ’ըլլայինք,  ՀԱՅը եւ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը կը դաստիարակէինք, դաստիարակած կ’ըլլայինք  ուսուցանելով, ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԸԼԼԱԼՈՒ անսեթեւեթ համոզում, թաղային ՉՆՉԻՆԸ ԱՄԲՈՂՋի եւ ԱԶԳի հետ չէինք շփոթեր: Մէկդի դնելով շաբաթավերջի հայրենասիրական ճառ ու աղմուկ, ո՞վ կրնայ ըսել թէ հասարակաց ի՞նչ ունին, որպէս նպատակ, համոզում, մշակոյթ, լեզու, ինքնութիւն  եւ կենցաղ, Մարսիլիայի, Գորտոպայի, Թեսաղոնիկէի, Մոսկուայի, Պէյրութի, Ռումանիոյ եւ բազմանուն վայրերու հայերը, բազմապատկեցէ՛ք կրօնական-յարանուանական, կուսակցութիւններու, լեզուներու թիւերով:

            Վերջին մոդերնազիցիայով: Հայոց պատմութիւնը կը փոխարինենք Հայաստանի Պատմութեամբ, որ կը նշանակէ, թէ կայ աշխարհագրութիւն եւ կայ բնակչութիւն՝ որ տարածքի մը վրայ կ’ապրի, ինչպէս աղուէսը, գայլը, առնէտը… Հետեւաբար կարիք չկայ Նարեկացիի, Կոմիտասի, Մեսրոպի, Ռաֆֆիի, Թումանեանի, Սասունցի Դաւիթի, եւ կեանքը կը շարունակուի տարբերութիւններու ջնջումով, խաղաղութիւն կ’ըլլայ, մարդ արարածը կ’ապրի լաւի, վատի ժառանգութեան եւ յիշողութեան ջնջումով:

            Կա՞յ երաշխիք, որ պիտի անհետանայ բնութեան «մեծ ձուկը կ’ուտէ պզտիկ ձուկը»ի կարգը: Թէ «պզտիկ ձուկը» ինք պիտի նետուի «մեծ ձուկ»ի բերանը, վասն լաւ ապրելու իրաւունքի…: Այս(չ)իմաստութեամբ Հայաստանը, որպէս Արեւմտեան Ատրպէյճան կը միանայ Ատրպէյճանի, իսկ մեծ միտքերու ջատագովները կրնան երթալ Գանատայի, Շուէտի կամ Լոսի իրենց «նոր հայրենիք»ները: Եւ վերջ: Միթէ՞ այդ չէ «Համաշխարհային Ազգ»ի բնական եզրայանգումը: Խաղաղութեան հասնելու համար ինչո՞ւ Արարատի փոխարէն չըսել Աղրի Տաղ, ինչպէս Սիսի համար կ’ըսուի Քոզան: Պատմութիւնը գերեզմանած է Կոստանդնուպոլիսը, որ եղած է Իսթանպուլ, եւ հիմա այդ կը յիշեն միայն գիտնականներ եւ անցեալ որաճացողներ, ան ընկղմած է: Պատմաբանները կը խօսին նկարահանող սուզակներու պէս, կամ կը պատրաստեն հեռատեսիլի հաղորդումներ եւ կը խօսին, ինչպէս կը խօսուի Փարաւոններու մասին, որոնք շարունակութիւն չունին, չկան:

            Աւելի պարզ. Պրազիլիոյ, Ռուսիոյ, եւ բոլոր վայրերու անուններով  հայածնունդները, ներառեալ Հայաստանահայերը, հասարակաց ի՞նչ ունին: Չմտածել ինքնախաբէութեան առաջնորդող եզակիներով եւ բացառութիւններով, որոնք առասպել կը սնուցեն, հէքիաթասացութիւն են:

            Բազմագոյն եւ տեւաբար թուղթի վրայ բազմացող  «ղեկավարութիւն»ներու համար մնայուն եւ հետապնդուող օրակա՞րգ է հայրենադարձութիւնը, որպէսզի ամէն օր քիչ մը աւելի բազմադէմ եւ անդէմ դարձող զանազան անուններով հայերը չդատապարտուին ըլլալու «ծագումով հայեր», նոր անուններով նոր հայրենիքներու  նոր «քաղաքացիներ», որոնք «նախկինի շարունակութիւն չեն եւ պիտի չըլլան:

            Յաճախ կը մտածեմ նաեւ հայկական դպրոցներու բազմապատկութեան եւ «յաջողութիւններ»ու ընդունուած չափանիշի մասին, որ քննութիւններու յաջողութիւնն է, համալսարան մուտքը եւ օտար լեզուներու իւրացումը: Ծրագրայի՞ն է հայ տղոց պատրաստութիւնը, որպէս նպատակ ունենալով հայրենադարձութիւնը եւ հայրենատիրութիւնը, որ չըլլայ երգչախումբ  եւ պարախումբ, այլ՝ ազգային յանձնառութիւն: Նուազագոյնը՝ մնալ        ազգային համայնքի մէջ: Եթէ միայն կարենայինք գիտնալ, թէ հայ դպրոցներ աւարտածներէն քանիներ գացած եւ թաղուած են օտար շրջանակներու մէջ եւ կորսուած, նոյնիսկ երբ հասած են դիրքերու, մնացողներուն շնորհելով ծակ-պտուկ սնափառութիւն:

            Մեր անցեալի, ներկայի եւ գալիք «ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ»ները, ներսի եւ դուրսի, պիտի մշակե՞ն «ՄԷԿ ԵՒ ՆՈՅՆ»Ի համապարփակ քաղաքական եւ կրթական ծրագիր, ամէն գոյնի ղեկավարութիւնները եւ պետութիւնը, այդ ծրագրի իրականացումը պիտի ունենա՞ն որպէս ՆՊԱՏԱԿ, թէ պիտի տնտեսեն անինքնութեան տանող նահանջները, անոնք ըլլան, լեզուական, մշակութային, հող-հայրենիքի եւ համրանքի, օտարումներու:

            Գաղթականական, գաղութային, «գլուխ գովելու» ղեկավարումները ոչինչ պիտի բերեն ազգին:

            ԱԶԳ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ պահող եւ միացնող, հեռանկար ունեցող  գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող ղեկավարութիւն մը պիտի ծնի՞ հազարամեակներու ժառանգութիւն եւ ինքնութիւն ունեցող հայ ժողովուրդը, թէ՞ ան պիտի դառնայ ՀՆՈՒԹԻՒՆ, ինչպէս հիացում պատճառող եւ յուզող իր աւերակ եկեղեցիները, Անիէն, Ախթամար, Զուարթնոց…

            Այդ աւերակները ոչ ոք պիտի տանի Լոս, Փարիզ, Շուէտ, Իրլանտա, Լիբանան, Մելպուռն կամ Շանկհայ…

            Պիտի ունենա՞նք, կ’ունենա՞նք Ազգին, անոր Ժառանգութեան եւ ինքնութեան տէր ժողովուրդը առաջնորդող ղեկավարութիւն, որ անկարելին յաղթահարէ, ինչպէս աստուածշնչական Մովսէսը եւ անցնինք մեր Կարմիր Ծովէն: Այդ ընելու համար Եսերը յաղթահարած առաջնորդութիւն պէտք է, որ միացնէ ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերման նպատակ հետապնդելով, այլ յաւելեալ պարտքի եւ պարտականութեան անսակարկելի ժամանակը գերանցող լուսաւոր եւ լուսաւորող գիտակցութեամբ:

            Հրաշքը երկինքէն պիտի չգայ: Ազգը ինք կը ստեղծէ հրաշքը, դադրեցնելով աւազի վրայ թիավարելու անիմաստ մարզախաղը, կամ հրաշքը տեղի չ’ունենար եւ ինք ալ չըլլար: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles