Կիրակի, Մարտ 3-ին, «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգաշարի 39-րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի հանրահռչակ «Քարնըկի Հոլ»-ի «Ուէյլ» սրահին մէջ։
Երկու տաղանդաւոր երիտասարդներ՝ 20-ամեայ դաշնակահար Տիգրան Մարտանեանի եւ 19-ամեայ երգահան ու դաշնակահար Գրիգորի Բալասանեան ելոյթ ունեցան, իրենց հետ ընկերակցելով «Պըրպէնք» սենեկային քառեակը եւ փողահար Էնթընի Տոնաթելլոն։
Համերգը կը վայելէր Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութիւնը։ «Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982-ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու տարածման սատարելու։ Անցնող տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։