«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ՄԵՆՔ

0 0
Read Time:4 Minute, 53 Second

ԵՆՈՎՔ ԼԱՉԻՆԵԱՆ

Ապրիլ 6, 1954 

Պատմական անխուսափելի ճշմարտութիւն մըն է. Սփիւռքի մէջ՝ հոն ուր կորսուած է հայ լեզուն, հետզհետէ անյայտացած է նաեւ հայ գաղութը։ Մեր գաղութը բացառութիւն չէ այս ճակատագրական իրողութեան առջեւ։

Եթէ մենք աւելի քան երկու հազար տարի պահած ենք մեր գոյութիւնը, որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ, այդ ըրած ենք մեծմասամբ՝ շնորհիւ մեր լեզուին։
Երբ այսօրուան այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ ժողովուրդներէն շատեր Եւրոպայի անտառներուն մէջ կիսամերկ կը թափառէին, վայրի շագանակ հաւաքելով, Հայերը հասած էին իրենց բարձր քաղաքակրթութեան գագաթնակէտին… շնորհիւ իրենց լեզուին։

Շատ մը ցեղեր, է՛ն հզօրներէն եւ էն նուրբերէն, եկան ու գացին։ Հայերը դեռ կը մնան… շնորհիւ իրենց լեզուին։ Եւ Հայերը դեռ պիտի մնան… շնորհիւ իրենց լեզուին։

Այդ լեզուն, այդ գեղեցիկ լեզուն, մեր նախնիքներէն մնացած ամենէն թանկագին, անփոխարինելի ժառանգութիւնը, մեզ հասած է պահելով իր սկզբնական ճոխութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ պարզութիւնը, կարծես վճիտ առուակ մը ըլլար Մասիսի լանջքէն բխած։ Ու ինչպէս ինքը՝ Մասիսը, այդ լեզուն մնացած է հաստատ, հզօր, խրոխտ, գեղեցիկ, վսեմ եւ անսասան։ Այդ լեզուն, որպէս լոյսի անարատ աղբիւր, դարեր շարունակ լուսաւորած է հայութեան գոյութեան ճանապարհը։

Մեր բերրի դաշտերն ու դալարուտ անտառները ամայի դարձուցին, մեր հոյակապ վանքերը աւերակի վերածեցին, մեր շէն քաղաքները կործանեցին, բայց մեր լեզուն չկրցան փճացնել։ Մեր լեզուն մնաց։ Բաւ է այդ։ Բաւ է մեզ այդ, երբ ունինք հայերէնի նման շքեղ, հրաշակերտ լեզու մը, որ իր մէջ կը խտացնէ մեր բոլոր առաւելութիւնները, արժէքներն ու արժանիքները. իր մէջ կը պարունակէ հայ մշակոյթը, հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայկական քաղաքակրթութիւնը… մէկ խօսքով՝ կը մարմնացնէ հայ հանճարը, հայ ոգին։

Ամէն ինչ քանդեցին, բայց մեր լեզուն չկրցան քանդել։ Մեզմէ զատ ո՛չ ոք կրնայ այդ լեզուն փճացնել։ Այդ լեզուն կրնանք փճացնել միայն մենք, մե՛ր ձեռքով։ Ամէն օր, ամէն րոպէ կը մեռցնենք այն չնաշխարհիկ լեզուն, երբ զայն չենք խօսիր, եւ այդպիսով գամ մը եւս կը գամենք այդ աստուածապարգեւ հայկազեան լեզուին դագաղի վրայ։

Արդէն մեր ցաւալի հիւանդութիւնն է՝ օտարին լեզուն միշտ վեր դասել, մանաւանդ ներկայիս, երբ պէտք կայ պայքարի եւ ազգային գիտակցութեան։

Իսկ հիմա, այս մետասաներորդ ժամուան կացութեան մէջ, օրհասական անձկութեամբ կը ջանանք միջոցներ ստեղծել մեր նոր սերունդը, վաղուան հայութիւնը, այլասերման վերահաս վտանգէն փրկելու համար։ Մեր գաղութին կեանքին մէջ ամէն ինչ, ամէն ինչ անիմաստ է, աննպատակ եւ ապարդիւն՝ առանց հայերէն լեզուի։ Նախ՝ պէտք է որ հայեցի դաստիարակութիւնը սկսի տան մէջ, յետոյ՝ անհրաժեշտ է բարձրագոյն հայկական վարժարան մը։ «Չի կարող ազգ լինել առանց ազգային լեզուի»։

Մեր հայրենիքին մէջ ամէն եկեղեցիի կողքին դպրո՛ց մըն ալ կը շինէին։ Այստեղ՝ ամէն եկեղեցիի քով խաղարա՛ն մը կը շինեն։ Յաճախ՝ նախ խաղարանը կը շինեն, եւ եթէ դրամ աւելնայ, եկեղեցի մըն ալ կը բարձրացնեն։ Ապա, ո՞ւր է դպրոցը։

Չենք ուզեր դարձեալ լսել անիմաստ առարկութիւններ թէ հայկական դպրոցներ արդէն ունինք այս գաղութին մէջ։

Անուրանալի է որ մեր գաղութին վարժապետները եւ վարժուհիները անձնուէր զոհողութեամբ, աննպաստ պայմաններու տակ լծուած են գործի մը, որ իրենց միջոցներէն վեր է։ Շաբաթը մէկ երկու ժամ, յարմարցուած սրահներու մէջ, տարրական դասաւանդութիւն մը կարելի չէ դպրոց կոչել, ըմբռնուած ձեւով։ Այսպիսի շարժումներ իրենց ազգօգուտ դերը ունին, բայց դժբախտաբար՝ բաւարար չեն։ Մուրատ¬Ռաֆայէլեանին, Ճեմարանին, Լազարեանին, Սանասարեանին, կամ Կեդրոնականին պէս վարժարա՛ն մը միայն կրնայ լրացնել այն հայեցի դաստիարակութիւնը, որ հայ մանուկը կը ստանայ իր տան մէջ։

Նիւ Եորքէն մինչեւ Քալիֆորնիա տասնեակներով փառաւոր եկեղեցիներ ունինք, եւ ամէն տարի նորերը կը շինենք։ Ո՞ւր է դպրոցը։

Միթէ այդքա՞ն մեղաւոր ժողովուրդ ենք, որ այդքա՛ն աղօթավայրի պէտք ունինք մեր մեղքերը քաւելու։

Ծրագիր մը կայ Նիւ Եորքի մէջ, մեծածախս մայր եկեղեցի մը շինելու։ Քսան տարի ետքը որո՞ւ պիտի քարոզեն։ Աղաւնիներո՞ւն։ Երբ այդ չարաբախտ օրը գայ, կրնան «Տէր Ողորմիա»¬էն պակսեցնել հետեւեալ նախադասութիւնը.¬

– «Տո՛ւր… Ազգիս Հայոց սէր, միութիւն»։ Այլեւս պէտք չեն ունենար Ազգիս Հայոց մասին մտահոգուելու, որովհետեւ հայ մնացած չ’ըլլար հոս։

Աստուած զմեզ հայ ստեղծած է։ Ուրեմն ա՛յդ էր ԻՐ կամքը։ Միթէ Արարչին հաճելի չե՞նք ըլլար, եթէ քիչ մը հնազանդինք իր կամքին եւ ջանանք մենք մեզ հայ պահել։

Եթէ այսպէս շարունակենք, մեր գաղութին մէջ աւելի հայ եկեղեցիներ պիտի ըլլան, քան կային Անի քաղաքին մէջ։ Այսքա՛ն եկեղեցի բարձրացնելէ ետքը, ալ ատենը չեկա՞ւ մէկ հատիկ հայկական բարձրագոյն վարժարան մը շինելու։ Նախընտրելի է եւ միանգամայն հաճելի Աստուծոյ, փոխանակ շինելու Մայր Եկեղեցի մը, որ դատարկ պիտի մնայ, հիմնել բարձրագոյն հայկական վարժարան մը, կամ մինչ այդ, տարեկան գէթ տասը ամերիկահայ հայկական վարժարանները ղրկել, որպէսզի չմեռնի Նարեկացիին լեզուն այս գաղութին մէջ եւ միշտ կարենանք երգել Աստուծոյ փառքերը այդ լեզուով։

Մեր եկեղեցասէր ջոջերը, որ գործի գլուխ անցած են գաղութը փրկելու համար, եթէ հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղէին նոյնքան, որքան կը հետաքրքրուին իրենց փինաքըլ¬ով եւ փոքէր¬ով, առ նուազն կէս դար եւս կ’ապահովուէր այս գաղութին կեանքը։

Ամէն շինութիւն պէտք է դադրի, մինչեւ որ բարձրագոյն հայկական վարժարան մը շինենք։ Ոմանք թերեւս պատճառաբանեն որ եկեղեցին արդէն կը կատարէ ազգապահպանման գործը, եւ լեզուին կարեւորութիւնը երկրորդական է։ Մասամբ ճիշդ է։ Մեծ է եկեղեցւոյն դերը, բայց լեզուն երկրորդական չէ։ Եթէ եկեղեցին այսքան դար կատարած է իր ազգօգուտ գործը, այդ ըրած է մեծաւ մասամբ շնորհիւ հայ լեզուին։ Ինչո՞ւ Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մեսրոպ Գրոց Գիւտը ըրին։ Իրե՛նք ալ կրնային գոհանալ ասորերէնով կամ յունարէնով, բայց անոնք գիտցան հայ լեզուին դերը ազգապահպանման տեսակէտէն։ Յաւէտ օրհնեա՜լ ըլլայ անոնց սուրբ յիշատակը։

Եթէ իսկապէս եկեղեցին մինակը կրնայ կատարել ազգապահպանման գործը, հետեւաբար ճիշդ է ենթադրել, որ լեզուն երկրորդական է։ Ուրեմն փոխեցէ՛ք մեր եկեղեցական աննման արարողութեան լեզուն – առէ՛ք որեւէ օտար լեզու – եւ տեսէք թէ Հայաստանեայց Եկեղեցին առանց հայ լեզուի կրնա՞յ հայը հայ պահել։

Անժխտելի իրողութիւն մըն է՝ որ մեր ազգապահպանման շէնքին մայր գերանը մեր լեզուն է, եւ լեզուն կը սորվուի եւ կը կատարելագործուի դպրոցին մէջ։ Եթէ կ’ուզենք շարունակել մեր գոյութիւնը իբրեւ հայ գաղութ, առանց այլեւայլի, անհրաժեշտ է բարձրագոյն հայկական վարժարան մը։ «Չի կարող ազգ լինել առանց ազգային լեզուի»։

Մեր երիտասարդութիւններուն՝ եւ մասնաւորապէս ամերիկահայ երիտասարդութեան մեծագոյն դժբախտութիւնն է, որ կապ կամ յաջորդականութիւն չունի, խզուած է մեր նախորդ սերունդին հետ։ Մեր հսկաներուն ընտրանին չտեսանք, սակայն՝ կրնանք կարդալ իրենց գոյութիւնները, կրնանք գէթ խօսիլ իրենց լեզուն։

Պարտականութիւն պէտք չէ ըլլայ հայերէն խօսիլը։ Ընդհակառակն, գիտցողին համար հաճոյք է մեր մայրենի բարբառով խօսիլը։ Հայերէն խօսեցէ՛ք։

«Չի կարող ազգ լինել առանց ազգային լեզուի»։ Որչափ կը գնահատենք, կը մշակենք, կը սիրենք եւ կը խօսինք մեր լեզուն, ո՛չ հայ լեզուն կը մեռնի, եւ ո՛չ ալ հայ ժողովուրդը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles