ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի Անվտանգութեան խորհրդաժողովին մասնակցութեան բովին մէջ հանդիպում ունեցած է Միւնիխ բնակող հայերու հետ: Այդ հանդիպման ընթացքին, պատասխանելով ներկաներու հարցերուն, Նիկոլ Փաշինեան կրկնած է վերջերս կատարած իր գիւտը, ըստ որուն հայրենիք եւ պետութիւն յղացքները կը շփոթուին իրարու հետ: Ան բացատրած է, որ 29.800 քառ. քմ. տարածքի վրայ գոյութիւն ունեցող պետութենէն, դուրս հայերս ուրիշ հայրենի հող չունինք: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս գտնուող, անցեալին հայերով բնակուած հողերու պատկանելիութեան նկատմամբ յաւակնութիւնները խանգարած են պետական կառուցման աշխատանքը, շեղած են Հայաստանի բնակիչներու ուշադրութիւնը հիմնականէն` պետականութեան ամրացման ու կայացման պարտաւորութենէն:
Երեսնամեակ մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարած էր, որ ազգային գաղափարախօսութիւնը կեղծ «քաթեկորիա» է: Հայ ազգը ձգտումներ, իղձեր ու նպատակներ չունի: Միակը ձգտումներ, իղձեր ու նպատակներ չունի: Միակ ձգտումը ներկայ պետականութեան զօրավիգ կանգնիլն է, առանց շեղելու պահանջատիրական արահետներու ուղղութեամբ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Պետութեան զօրացումով զբաղելու փոխարէն, մեր ճիգերը կեդրոնացուցեր ենք տարբեր նպատակներ հետապնդելու ուղղութեամբ, օրինակ` զբաղեր ենք ղարաբաղեան հարցով:
Այժմ, գտած ենք քաղաքական ճիշդ ու միակ ուղին. Հայաստանի Հանրապետութեան համար բանալով «Խաղաղութեան դարաշրջան» մը: Հայաստանի ժողովուրդը, ընտրելով զինք ու իր գործակիցները, «մանտա» տուած է իրագործելու այս քաղաքականութիւնը: Յիշեցնենք, որ ընտրողները «մանտա» կու տան ներկայացուած ծրագիրի մը հիման վրայ. ծրագիր, որ հիմնովին կը տարբերէր որդեգրուած քաղաքական գիծէն:
Սփիւռքը ներառուա՞ծ է արդեօք քաղաքական այս վարդապետութեան մէջ: Հայաստանի մէջ չապրելով, սփիւռքահայերը իրաւունք ունի՞ն գէթ տեսակէտ ունենալու հայաստանեան իրադարձութիւններու կապակցութեամբ: Անոնք մանտայի տուչութեան չեն մասնակցած, ուրեմն կարելի է, իրենց ծագման տարածքներուն հետ մէկտեղ անտեսել զիրենք:
Կը թուի, որ ինչպէս խորհրդային տարիներուն, այս փուլին եւս սփիւռքը կրնայ խանգարիչ դերակատարութիւն ունենալ` մտքեր պղտորել: Հարկ է ուրեմն զայն չէզոքացնելու մասին մտածել:
Այս գործը վստահուած է, բնականաբար, սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին: Յանձնակատարի գրասենեակը մշակած է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման 2023-2033 տասնամեակի ռազմավարութիւնը: Զարեհ Սինանեան, «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ռազմավարութեան հիմքը պետականամէտ սփիւռք ձեւաւորելու տեսլականն է: Պետականակեդրոն ռազմավարութեան որդեգրումը սփիւռքը հեռու կը պահէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, պահանջատիրութենէն, Արցախի պաշտպանութենէն, կարճ` Հայ դատէն: Բովանդակ հայութեան համար, ամէնուրեք, գոյութեան իրաւունք ունի մէկ նպատակ. հայրենիք-Հայաստանի Հանրապետութիւն: Պետութիւն եռամիասնութեան տուրք տալ:
Կասկածէ դուրս է, որ առանց Հայաստանի հետ առնչութեան կարելի չէ երեւակայել կենսունակ սփիւռք մը: Ինչպէս Խորհրդային տարիներուն, երբ իրողապէս գոյութիւն չունեցող պետութիւնը կը շփոթուէր համայնավարական վարչաձեւին հետ, հիմա եւս Հայաստանի պետութիւնը կը շփոթուի ոչ թէ վարչաձեւին, այլ աւելին` ժամանակաւոր իշխանութեան հետ: Իշխանութիւն մը, որ կը ժպրհի ազգային կեղծ տեսալական մը պարտադրել հայութեան, Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի մէջ:
Այս կեղծ տեսլականին հաւատացողներու ջատագովներ կրնան յայտնուիլ սփիւռքի մէջ, ինչպէս կային անցեալին` հայաստանասէր անունին տակ: Սփիւռքը խորհրդային քաղաքական նպատակներուն ի նպաստ օգտագործուողներու եւ ճշմարիտ հայրենասէրներու միջեւ պայքարը բաւական երկար զբաղեցուց հայութիւնը: Պիտի վերադառնա՞նք անցեալի խոտորումին: Պէտք չէ թոյլատրենք, որ արդէն իսկ մաշումի ենթակայ սփիւռքը անգամ մը եւս թատերաբեմ դառնայ փուճ պայքարներու: