Տիգրան Մանսուրեանի 85-Ամեակի Համերգ

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second


ԵՐԵՒԱՆ․- Երաժիշտ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանի 85-ամեակին նուիրուած համերգը, որ «Կողբ» հիմնադրամը նախաձեռնած էր Մանսուրեանի անուան միջազգային երաժշտական մրցոյթի ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ Փետրուար 4-ին, Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ:

Երեկոյին երաժիշտին ակադեմական գործերը կատարեցին Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը, Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբն ու սիրուած մենակատարներ: Համերգը ղեկավարեց խմբավար, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռոպերթ Մլքէեանը: «Կողբ» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան շնորհաւորեց մայսթրոն եւ երկար ու բեղուն գործունէութիւն մաղթեց անոր: «Երբ սկսանք Մանսուրեանի անուան միջազգային մրցոյթը, մեզի յաճախ կը հարցնէին, թէ ինչո՞ւ տարբեր նախաձեռնութիւններու շարքին նախընտրեցինք եւ առաջնութիւն տուինք մրցոյթին, ձեռնարկներու շարքին: Այսպիսի հարցում մը կը վկայէ, որ մշակոյթը մեր իրականութեան մէջ պատշաճ կերպով արժեւորուած չէ. մշակոյթն ու մեր ինքնութիւնն են այն հենքը, որոնց հիման վրայ պէտք է շարունակենք ամրապնդել ու զարգացնել մեր պետութիւնն ու պետականութիւնը», ըսաւ Բարսեղեան:

Ան յիշեց Կոստան Զարեանին խօսքերը, թէ` հայերը երկու հսկայ աշխարհներու մշակութային արեւելքի եւ քաղաքակիրթ արեւմուտքի միջեւ ինչպէ՞ս կրնան իրականացնել իրենց պատմական առաքելութիւնը:

«Կը կարծենք` ոչ թէ պէտք է հակադրել արեւելքն ու արեւմուտքը, մշակոյթը կամ քաղաքակրթութիւնը, այլ` ճիշդ հակառակը. մենք պէտք է փորձենք համադրել զանոնք, այն, ինչ որ ըրած է Կոմիտաս, որուն երաժշտութիւնը լսելու ժամանակ կը դժուարանաս կողմնորոշուելու` արեւմտեա՞ն է, թէ՞ արեւելեան», ընդգծեց Արման Բարսեղեան եւ խոստովանեցաւ, որ նոյն հարցադրումը իր մօտ ծագած է, երբ ունկնդրած է Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը:

Ըստ Բարսեղեանի, Մանսուրեան Կոմիտասի գործի արժանի շարունակողն է, եւ խօսքը ոչ թէ փակ ու մեր մէջ պարփակուած մշակոյթի մասին է, այլ` աշխարհին բաց եւ աշխարհի արժանիներու հետ մրցակցող մշակոյթի մասին:

Տիգրան Մանսուրեան, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Բարսեղեանի խօսքին, բեմ բարձրացաւ բուռն ծափահարութիւններու ներքեւ եւ ըսաւ, որ խորապէս զգացուած է ջերմ ընդունելութեան, իր երաժշտութեան նուիրուած համերգին ներկայութեան համար: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Կողբ» հիմնադրամին, որ ըրաւ ամէն բան, որպէսզի թէ՛ երաժիշտները, թէ՛ համերգասրահը աշխատին ի նպաստ այս երեկոյին: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բեմին վրայ հանդէս եկած երաժիշտներուն, որոնց կը ղեկավարէ իմ շատ լաւ բարեկամ, խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանը», նշեց մայսթրոն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մենակատարներուն` պարիթոն Գուրգէն Բաւէեանին, որ Գերմանիայէն յատուկ ժամանած էր համերգին մասնակցելու համար, երգչուհի Տաթեւիկ Մովսէսեանին, որ բազմիցս կատարած է Մանսուրեանի գործերը, դաշնակահար Արթուր Աւանեսովին եւ դերասան Տիգրան Գաբոյեանին, որ ներկայացուց այն բանաստեղծութիւնը, որուն հիման վրայ Մանսուրեան երաժշտութիւնը ստեղծագործեց:

Կազմակերպիչները ընդգծեցին, որ Տիգրան Մանսուրեան մոլորակ մըն է, որուն երաժշտութիւնը հասանելի է աշխարհին, պահանջուած եւ գնահատուած է, երաժշտութիւն, որուն հիմքը` հայկականութիւնը, երաժշտական կառուցուածքը եւ հայ խօսքն է:

Այս համերգային երեկոն, հանդիսատեսի լայն շրջանակին կարելիութիւն տուաւ ունկնդրելու հեղինակին «Զուգահեռ երգեր», «Քաւարան», «Տարուայ եղանակներ» ստեղծագործութիւնները, որոնք բազմիցս հնչած են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ միջազգային հարթակներու վրայ:

Յոբելենական համերգին կողքին, «Կողբ» հիմնադրամին ջանքերով Երեւանի մեթրոյին «Երիտասարդական» կայարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի 85-ամեակին նուիրուած նկարազարդումներով ցուցահանդէսին` հիմնուած երաժիշտին հեղինակային բնագիրներուն վրայ: Ցուցադրութիւնը բաց պիտի մնայ մէկ ամիս:

«Հայփոստ»-ը հրապարակած եւ շրջանառութեան մէջ դրած է «Մեծանուն հայեր. Մանսուրեան միջազգային մրցոյթ» թեմային նուիրուած նամականիշը:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles