ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲՌՆԱՊԵՏԸ «ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ»

0 0
Read Time:2 Minute, 12 Second

  Ա.Ա.

       Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութեան վրայ իջաւ վարագոյրը։ Թատրերգութիւնը կրկնուեցաւ եւ Իլհամ Ալիեւ, որ 2003-ին հօրը՝ Հայտար Ալիեւի նախագահական աթոռը ժառանգած էր, նախագահ վերընտրուեցաւ եօթը տարուան շրջանի մը համար՝ ջախջախիչ պարտութեան մատնելով իր վեց «մրցակից»-ները։

    Նախագահական ընտրութեան ընտրարշաւը, որ ընթացք առաւ Յունուար 15-ին, բաւական հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց ընտրական հոլովոյթին մասին, թէ ի վերջոյ ո’վ նախագահ պիտի ընտրուի։ Ընտրարշաւին ծիրին մէջ կայացած պատկերասփիւռային բանավէճերը ամբողջական իմաստով եղան խամաճիկային ելոյթներ, երբ թեկնածուները, փոխանակ իրենց ընտրական ծրագրերը ներկայացնելու եւ անոնց մասին խօսելու, գովաբանեցին Ալիեւը, որ  բանավէճերուն մասնակցելու համար նշանակած էր անձ մը՝ Թահիր Պուտաղովը, որպէսզի զինք ներկայացնէ։

     Ատրպէյճանի նախագահական ընտրարշաւին ծիրին մէջ կազմակերպուած պատկերասփիւռային բանավէճերը ուրեմն վերածուեցան Ալիեւը գովաբանելու եւ գովերգելու ելոյթներու, որոնց ընթացքին իշխանութիւններուն թելադրանքով թեկնածութիւն դրած՝ Ֆուատ Ալիեւ, Ճահիտ Ուրուճ եւ Ռազի Նուրուլաեւ լորձնաշուրթն գովերգեցին Իլհամ Ալիեւի «իրագործումները»։ Առաջին հերթին Ֆուատ Ալիեւ յայտարարեց, որ նախագահ Ալիեւ տէր կանգնած է իր խօսքին եւ կատարած տուած բոլոր խոստումները։ Իր կարգին, Ուրուճ շեշտեց ,որ պատմութեան ընթացքին Ատրպէյճանի բոլոր մեծ գործիչները իրենց քուէն պիտի տային Ալիեւի։ Իսկ Նուրուլաեւ ընդգծեց,որ իրենց կուսակցութիւնը երկար տարիներ շարունակ յայտարարած է, թէ պիտի ազատագրէ Ղարաբաղը եւ պիտի վերականգէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, բայց Ալիեւ գործ ցուցադրեց եւ իրագործեց այս բոլորը։

      Նախագահական թեկնածուներուն կողմէ նման յայտարարութիւններ բաւական էին, որպէսզի Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնը համարուէր կողմնակալ եւ կեղծ բեմադրութիւն մը։ Իսկ երբ նկատի կ՛առնենք այն հանգամանքը, թէ եօթը թեկնածուներէն վեցը Պաքուի իշխանութիւններուն հաւատարիմ խամաճիկներ են, որոնք ամէն նախագահական ընտրութեան, իրենց թեկնածութիւնը կը դնեն եւ կը «պարտուին», ապա պատկերը աւելի կը յստականայ։

     Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան, որ պոյքոթի ենթարկած էր նախագահական ընտրութիւնը, թիրախ դարձաւ բուռն քննադատութիւններու՝ իշխանամէտ լրատու աղբիւրներու կողմէ, որոնք փոխանակ ներկայացնելու «թեկնածուներուն» ընտրական ծրագրերը, սլաքները ուղղեցին ընդդիմադիր գործիչներու եւ լրագրողներու դէմ, զանոնք դաւաճաններ անուանելով։ Բաւական էր քննադատական խօսք մը ընդդիմադիր գործիչներու կողմէ, որպէսզի համարուէին Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, ապահովութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան դէմ գործող գործակալներու, որոնք կը ֆինանսաւորուին Ատրպէյճանի թշնամի «արտաքին ուժեր»-ու կողմէ։

      Չկայացած ժողովրդավարութեամբ յատկանշուած Ատրպէյճանի մէջ այսպիսով կրկնուեցաւ թատրերգութիւնը, որ իշխանութեան հասցուց աւելի քան «92 առ հարիւր քուէ ստացած» Իլհամ Ալիեւը, որ արդէն իսկ շնորհաւորութիւններ սկսած է ընդունիլ։ Առաջին երկու շնորհաւորող նախագահները եղան  Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարները՝ Վլատիմիր Փութին եւ էրտողան, որոնց համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունեցաւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան կազմակերպութեան դէտերուն այն սուր քննադատութիւնները, թէ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները կայացած են էական եւ լուրջ խախտումներու, կեղծիքներու, ճնշումներու եւ սադրանքներու ընդհանուր մթնոլորտի մը մէջ, ուր հարցականներու տակ կ՛առնուին Ալիեւի ընտրութիւնը։ ԵԱՀԿ-ի դէտերուն նշումները եւ քննադատութիւնները անտեսելու Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ միւս երկիրներու ղեկավարներուն մօտեցումը  ցոյց կու տայ, թէ միջազգային քաղաքականութեան խաղերուն մէջ էականն ու առանցքայինը ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը չեն, այլ քաղաքական մութ շահերը ,որոնցմով կը կառավարուի ամբողջ աշխարհը։Ալիեւի հերթական ընտրութիւնը նաեւ ցոյց տուաւ, որ միջազգային ընտանիքը անզօր է։ Անզօր՝ բռնապետի մը դիմաց։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles