Ճանչնանք Մեր Բառերը (13)

0 0
Read Time:3 Minute, 27 Second

Արմենակ Եղիայեան

 

  1. Մտապատկեր

Արդի հայերէնի սակաւ գործածուող եւ նուազ ծանօթ եզրերէն մէկն է:

Մեր բառարաններէն Գայայեանը (1938) տակաւին չունի  զայն:

Առաջինը կը գտնենք Մալխասեանի բացատրականին մէջ (1944) իբրեւ՝

–«Առարկայի կամ երեւոյթի պատկերը, որ ծագում է մեր գիտակցութեան մէջ զգայարանքների   միջոցով»:

Արեւմտահայ հետաագայ բառարանագիրները՝ հայր Ճիզմեճեան (1954), Տէր Խաչատուրեան (1968), հայր Կռանեան (1982)  մօտաւորապէս բառացի կրկնած են  Մալխասաեանի վերոբերեալ սահմանումը, որ թերի է եւ… գրեթէ ոչինչ կ’ըսէ:

Ակադեմիայի (1969)   եւ Աղայեանի(1976) բացատրականները  նոր որակ մը աւելցուցին մտապատկերի սահմանումին վրայ,  որ ահաւասիկ.

–«Մարդու վրայ ներգործած որեւէ առարկայի կամ երեւոյթի ընդհանրա-ցուած պատկերի արթնացումը գիտակցութեան մէջ՝ այդ նոյն առարկայի  կամ երեւոյթի բացակայութեան պայմաններում»:

Բերուած երկու սահմանումներուն մէջ շատ մեծ տարբերութիւն կայ. առաջինը կը խօսի անմիջական պատկերներու մասին, որ առարկաները կը դրոշմեն մեր գիտակցութեան մէջ, երկրորդը կ’ակնարկէ պատկերներու, որոնք դրոշմուած են անցեալին (առանց ժամանակական սահմանափակումի) եւ որոնք ներկայիս կը զարթնեն, կը վերադառնան մեր գիտակցութեան մէջ, ըսենք՝ որպէս յուշ:

Մեր մէջ այս վերջինը ընդօրինակած է Գնել եպս. Ճերեճեանը (1992)՝ առանց բան մը աւելցնելու եղածին վրայ եւ առանց բան… մը հասկնալու անկէ:

Ասոնք, ուրեմն, նմանապէս թերի են կամ, եթէ կ’ուզեք, մասամբ՝ մէկ հինգերորդով  ճիշդ են, ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ:

*   *   *

Մարդ  արտաքին աշխարհը կ’ընկալէ իր հինգ զգայարաններով, եւ ստացուած տպաւորութիւնները կ’ըլլան՝ տեսողական (visuel), լսողական (auditif), հոտառական (olfactif), համառական/ճաշակային (gustative) եւ շօշափական (tactile):

Բացորոշ է, որ ասոնց մէջ ամէնէն տարողունակը տեսողականն է. մեր  տպա-ւորութիւններուն  մեծագոյն մասը կը յառաջանայ  ու կը կուտակուի տեսողական զգայութիւններու ճամբով, սակայն արհամարհելի չեն նաեւ մնացեալները:

Որքան ալ վառ յիշենք, այսինքն՝ վերականգնենք մտապատկերը հեռաւոր անցեալին  մեր մէջ տպաւորուած դէմքի մը, տեսարանի մը, երեւոյթի մը,− նո՛յն թարմութեամբ եւ ուժգնութեամբ կը յաջողինք վերականգնել  քսան տարի առաջ լսուած իւրայատուկ ձայն մը եւ չենք վարանիր ըսելու՝ «կարծես դեռ ան կը հնչէ ականջներուս մէջ». կամ նոյն անցեալին մէջ զգայուած բոյրի մը, անուշահոտութեան մը, որ կը կրէր սիրելի  մը ամէն քեզի հանդիպելուն եւ որը «մինչեւ հիմա քիթիդ ծայրն է տակաւին». այլեւ  վաղուց կորսուած ու  մօրդ պատրաստած մէկ քաղցրաւենիքը, որուն համը «լեզուիդ վրայ կը զգաս ու կը կրես», ա՛լ չենք խօսիր քաղուած համբոյրի մը մասին՝ սիրեցեալէ մը, որ «ուրիշին բախտ եղաւ». եւ վերջապէս  ինչո՞վ նուազ  կը յիշուի ու վերապրուի շոյանք մը, որ ինչ-որ  սիրելի մատներ, ինչ-որ ժամանակի մը մէջ դրոշմեցին ճակատիդ ու անվերադարձ գացին:

Ասոնք բոլորը հաւասարապէս վերազարթնող, վերադարձող եւ մեր գիտակ-ցութեան պաստառին վրայ վերայայտնուող մտապատկերներ են:

Որեւէ մտապատկեր կրնայ ըլլալ գումարը մէկէ աւելի զգայութեանց, աւելի ճիշդը՝ որեւէ մտապատկեր կրնայ իր հետ ներքաշել ուրիշ մտապատկերներ. օրինակ՝ յիշելով դէմք մը, յիշէք նաեւ անոր ձայնը, այլեւ  հպումին ջերմութիւնը, կրած անուշահոտը եւ այլն.   ասոնք շատ բնական զուգորդումներ  (assossiation) են:

Թեքէեանի հետեւեալ քառեակը ցայտուն օրինակ մըն է  զուգորդումներու.

«Եկեղեցին Հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ,

Ու կը շնչեմ, կը լսեմ՝ իր Յիսուսով մանկադէմ…»:

Ուր զուգորդուած են տեսողութիւնը, հոոտառութիւնն ու լսողութիւնը:

  1. Յիշեալ հինգ զգայարանններու միջնորդութեամբ յառաջացած մտապատ-կերներուն կողքին մարդ կրնայ ունենալ ներքին մտապատկերներ եւս, ըսենք՝ ցաւի,  որ պատճառած է մեր ակռան կամ ականջը, որ այնքան տառապեցուցած է,  այլեւ երանութեան, որ յառաջացած է երաժշտութեան մը կամ ըմպելիի մը ներգործութեամբ, եւ դեռ  ընկճուածութեան մը, որ ունեցած ենք ի լուր անհաճոյ իրողութեան մը, բայց նաեւ ոգեւորութեան, որ մեզի պատճառած է  առինքնող տեսարան մը կամ որեւէ յաջողութիւն կամ այլ  դրական գործօն:

Նման մտապատկերներու աւելի բարդ ու երկար շղթայ մըն է մարդկային յիշողութիւնը, իմա՝ յուշագրութիւնը, երբ խիճ առ խիճ, քար առ քար կը վերականգնենք ամբողջ անցեալ մը կամ անոր մէկ դրուագը. օրինակ՝ հանրակառքին մէջ դիմացնիդ կը գտնէք կարմիր ժապաւէն կրող աղջիկ մը, եւ ահա գաղափարներու զուգորդութեամբ (assossiation des idées) կը յիշէք ձեր դպրոցական տարիներուն մէկ  ընկերուհին, որ նմանապէս կարմիր ժապաւէն կը կրէր,  որուն այնքան կը համակրէիք, սակայն դէպքերու աննպաստ դասաւորումով մը ան գնաց իր ճամբով, դուն գացիր քուկինով… եւ… եւ… եւ…

  1. Մեզմէ իւրաքանչիւրը մտապատկերներու զուգորդութեամբ սորված է լեզուն՝ սկսած անոր առաջին բառէն՝ հետզհետէ կազմելու համար մնացեալները:

Խանձարուրէն սկսեալ ձեր շուրջ յարատեւ  արտասանուած է մամա հնչիւնախումբը, եւ անոր ընկերացած է կանացի  գուրգուրոտ կերպար մը: Ձեր աճին զուգահեռ աճող բանականութիւնը կամաց-կամաց զուգորդած է այդ երկու՝ լսողական եւ տեսողական մտապատկերները, ու երբ բաւական կազմաւորուած  են  ձեր ձայնային օրկանները՝ հնչիւններ արտաբերելու չափ, այդ երկու մտապատկեր-ներուն զուգորդումը   տուած է մամա բառը, որուն կամաց-կամաց  յաջորդած է հեղեղը այլ զուգորդութիւններու, որոնց  գումարը   հետզհետէ պիտի կազմէր  քու լեզուդ, այնպէս ալ  մարդկային լեզուն:

armenag@gmail.com

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles