«Մեր Հայրենիք»-ին Մասին

1 0
Read Time:3 Minute, 13 Second

ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆ

Ծ․Խ․- Պէյրութ ծնած եւ փոքր տարիքէն Թորոնթօ հաստատաուած՝ Սէրուժ Գրաճեանը հանրահռչակ դաշնակահար եւ երգահան է: Ան «Ճունօ» մրցանակի մրցանակակիր է եւ «Կրեմի» մրցանակի առաջադրուած է: Քանատայի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ աշխարհահռչակ ֆիլհարմոնիք նուագախումբերու եւ երաժիշտներու հետ ելոյթներ ունեցած եւ տասնեակ ձայնագրութիւններու հեղինակն է:

Վերջերս կրկին «Մեր հայրենիք»-ին ոչ հայկական ըլլալու մասին աղմուկներ կը լսուին Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատու դէմքերու կողմէ: Մանաւանդ այս դժուար օրերուն, կորուստներով լի մեր իրականութեան մէջ օրհներգի քննարկումը մեր վերջին հոգը պէտք է ըլլայ: Բայց իմ տեսութիւնը կրկին կը տեղադրեմ փաստերով, պարզապէս` որպէս ճշմարտութիւն:

Օրհներգը կարելի է սիրել կամ չսիրել: Բայց սխալ տեղեկութիւններ տալ օրհներգին «օտարածին» ըլլալու մասին, անընդունելի է:

«Մեր հայրենիք»-ի ծագման մասին. բառերը անշուշտ գրած է յեղափոխաշունչ բանաստեղծ Միքայէլ Նալբանդեանը (Կոմս Էմմանուէլ ծածկանունով): Իսկ ո՞վ գրած է մեղեդին (եղանակը):

Մեղեդին առաջին անգամ կը յայտնուի Եզնիկ քհնյ. Երզնկեանի մանկական երգերու երգարանին մէջ, 1880-ին: Արդեօք ի՞նքն էր յօրինողը (երգահանը), յայտնի չէ: Երգը` որպէս դաշնամուրի կտոր («Հայկական պոպուրի» անունով), մշակուած է հայ յօրինող եւ Կոմիտասի առաջին ուսուցիչ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի կողմէ եւ տպագրուած է Մոսկուայի մէջ 1883-ին: Իսկ 1885-ին Թիֆլիսի «Արծրունու թատրոն»-ին մէջ Կարա Մուրզայի երգչախումբը առաջին անգամ ըլլալով կատարած է իր երգչախմբային մշակումը` որպէս «Իտալացի աղջկայ երգը»:

Ի՞նչ կը սորվինք այս փաստերէն:

Բոլորովին սխալ է այն տեսութիւնը, որ «Մեր հայրենիք»-ի մեղեդին բանագողութիւն է ռուս յօրինող Գլազունովի «Ռայմոնդա» պալէի երրորդ արարի «Հունգարական շքերթ»-էն: Գլազունովը իր պալէն գրած է 1896-ին, եւ փաստը կը մնայ փաստ, որ հայկական երգը արդէն աւելի քան տասնհինգ տարիէ կ՛երգուէր, երբ Գլազունովը նոր սկսած էր գրել իր պալէն: Եւ եթէ բանագողութեան մէջ պէտք է անպայման մէկը մեղադրել, այն նոյնինքն Գլազունովն է:

Հայ մեծատաղանդ յօրինող Բարսեղ Կանաչեանը ծնած է 1885-ին, այսինքն` նոյն տարին, երբ Կարա Մուրզան «Մեր հայրենիք»-ի (առաջին ներկայացումը) կ՛ընէր Թիֆլիսի մէջ: Կանաչեան ենթադրաբար մեղեդին վերամշակած է 1920-1930 տարիներուն:

Այս մեղեդիին Իտալիոյ հետ միակ կապակցութիւնը, հաւանաբար, Նալբանդեանի բանաստեղծութեան վերնագիրն է` «Իտալացի աղջկայ երգը». այստեղէն կու գայ այն շփոթութիւնը, թէ երգը իտալական է:

Կը կարծեմ, որ Նալբանդեանի այս բանաստեղծութիւնը շատ տարածուած ըլլալով Կովկասի հայերու մէջ` մեղեդին ծնունդ առած է հայ ժողովուրդի ընդմէջէն` որպէս այդ բանաստեղծութեան բառերու հետ յարմարող ազգային-ժողովրդական երգ, ի վերջոյ մշակուելով եւ առաջին անգամ  ներկայացուելով Կարա Մուրզայի կողմէ: Իսկ տարիներ ետք Կանաչեանը պարզապէս վերամշակած է, եւ ի դէպ, ոչ մէկ ատեն ըսած է, որ ինքն է «Մեր հայրենիք»-ի յօրինողը:

Իսկ օրհներգերու լաւ կամ վատ ըլլալը, ինչպէս նաեւ օրհներգի երաժշտական որակի մասին, կամ մեղեդիին հայկականութեան կամ ոչ հայկականութեան մասին քննարկումները, ըստ իս, քիչ մը անիմաստ են:

Բազմաթիւ օրինակներ կան, երբ տուեալ երկրի օրհներգը, նոյնիսկ երբ իսկապէս օտարածին է, երբեք չէ փոխած օրհներգին կարեւորութիւնը: Երկու օրինակ. Իսրայէլի «Հաթիքվա»-ն, որ պաշտելի է հրեաներուն համար, մեղեդին զուտ ռումանական է, իսկ յօրինող Պետրիխ Սմետանան զայն գործածած է իր «Մոլտաու» հռչակաւոր կտորին մէջ:  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհներգի (Star Spangled Banner) մեղեդին անգլիական գինետան երգ եղած է: Այս բոլորը բնաւ արգելք չեն հանդիսացած, որ երգերը պատմութիւն կերտեն եւ խորհրդանիշները դառնան իրենց երկիրներուն համար:

Կասկած չունիմ, որ մենք` հայերս, ունինք շատ գեղեցիկ երգեր, որոնք կրնան հիանալի հնչել որպէս օրհներգ: Բայց ինծի համար օրհներգն այն մասին է, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշէ անիկա մեր պատմութեան մէջ (անիկա ի վերջոյ խորհրդանիշ է, ինչպէս` դրօշը եւ զինանշանը,  եւ ոչ թէ` երաժշտական ճաշակի մրցոյթ): Եւ կասկած չկայ, որ թէ՛ 19 -րդ դարավերջի ազգային ազատագրական պայքարի ընթացքին, թէ՛ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն, թէ՛ 1918 -ին առաջին անկախութեան ստեղծման եւ գոյացման եւ թէ՛ 1988 -ին անկախութեան շարժման եւ Արցախի ազատագրման ժամանակ «Մեր հայրենիք»-ը այն երգն էր, որ կը միաւորէր բոլորը` պատերազմ գացող զինուորներն ու ժողովուրդը: Պատմութիւն կերտուած է «Մեր հայրենիք»-ով: Իսկ 1920-ին, Հայաստանը անկախութիւնը կորսնցնելէն ետք, սփիւռքի մէջ, գոնէ` հայերու յաջորդող սերունդներու մեծամասնութիւնը, (մինչ Հայաստանը դեռ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ էր) եռագոյն դրօշը, հայկական զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք»-ը հայը հայ պահեցին եւ ստիպեցին հաւատալ, որ օր մը Հայաստանը կրկին ազատ եւ անկախ կ՛ըլլայ:

Ահա սա՛ է օրհներգին մասին իմ տեսութիւնս:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles