Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Արամ Մանուկեան » Ռազմավարական Ծրագրի Հիմնարկը
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց).- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ստեղծած է «Արամ Մանուկեան » ռազմավարական ծրագրի հիմնարկը, որ պիտի գործէ տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնագիտացած փորձագէտներու հետ՝ մշակելու հայութեան ապագայի ծրագրերը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ: Հիմնարկի հիմնական տեսլականն է ստեղծել բարեկեցիկ եւ արդար հասարակութիւն, ուր պիտի յարգուին բոլոր անհատներու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, յաչս խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ հետեւողական բարգաւաճման:
Հիմնարկին թիրախն են պետական պաշտօնեաները, քաղաքացիական կազմակերպութիւնները, ակադեմականները, առեւտրական կառոյցներն ու ընդհանրապէս հանրութիւնը՝ ապահովելու համար, որ իր գործունէութեան դաշտը հասնի այդ հետաքրքրուող կողմերու լայն շրջանակին: Հիմնարկը նաեւ պիտի ստեղծէ տարբեր մարզերէ ներս մասնագիտացած խումբեր, ներառեալ ակադեմականներ, մասնագէտներ, սփիւռքահայ անհատներ եւ երիտասարդներ՝ ազգի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ ըստ այնմ հեռանկարներ ապահովելու համար: Նաեւ, այս հիմնարկը պիտի գործակցի պետական կառոյցներու, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու, հետազօտական հաստատութիւններու, ընկերութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ սփիւռքի մէջ գործող հիմնարկներու հետ, արդիւնաւոր գիտելիքներ եւ աղբիւրներ օգտագործելու համար:
«Արամ Մանուկեան» հիմնարկին օրակարգը կեդրոնացած պիտի ըլլայ հրատապ խնդիրներու վրայ, որոնց կարգին՝ ազգային անվտանգութիւն, տնտեսական զարգացում, կրթութիւն, ատակ ղեկավարութիւն , առողջապահութիւն, սփիւռքի հետ գործակցութիւն եւ տարածաշրջանի կայունութիւն: Հետազօտութիւններու վրայ հիմնուած գործունէութեամբ եւ ցուցմունքներով, հիմնարկը պիտի պայքարի մարտահրաւէրներուն դէմ եւ նպաստէ հայ ազգի բարելաւման:
Հիմնարկը պիտի գործէ հետեւեալ ենթաբաժանումներով.-
Ազգայնականութիւն. – Հայ ժողովուրդի ազգային շահերու առաջնահերթութիւն, մշակոյթի ու ժառանգութեան պահպանում, իրաւունքներու եւ ինքնորոշման պաշտպանութիւն:
Ժողովրդավարութիւն. – Ժողովրդավարական արժէքներու եւ սկզբունքներու առաջնահերթութիւն, ներառեալ քաղաքական մասնակցութիւն, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութիւն, ինչպէս նաեւ կառավարման հաշուետուողականութիւն եւ թափանցիկութիւն:
Ընկերային-հասարակական արդարութիւն.- Աշխատաւորներու, կանանց, երեխաներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ ապրելաձեւի բարելաւում:
Միջազգայնացում.- Յաչս խաղաղութեան՝ համաշխարհային համերաշխութիւն, համագործակցութիւն եւ համայն աշխարհի ճնշուած ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն:
Կայունութիւն.- Կենսոլորտի պաշտպանութիւն, վերամշակուող ճարտարարուեստի խթանում, բնական աղբիւրներու եւ հարստութիւններու պահպանում:
Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի անունը կրող այս հիմնարկը, ամէնայն յանձնառութեամբ կը ձգտի գործել ի շահ հայ ազգին եւ անոր դատին: