Ալիեւի Փեսան Ամբողջ Գիւղ Մը Կը Պարպէ Իր Առեւտուրին Համար

0 0
Read Time:3 Minute, 34 Second

Յարութ Սասունեան

Ատրպէյճանի մէջ անընդհատ գայթակղութիւններ տեղի կ՛ունենան Ալիեւներու խումբին կապուած։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ երկաթեայ բռունցքով կը ղեկավարէ երկիրը 2003էն ի վեր, իր պաշտօնը ստանձնած է հօրմէն՝ Հէյտար Ալիեւէն, որ պետութեան ղեկավարն էր 1993-2003 թուականներուն: Որպէսզի Ալիեւները քանի մը սերունդ կառավարեն Ատրպէյճանը, Իլհամ Ալիեւ իր կինը նշանակած է փոխ նախագահ։ Համոզուած եմ, որ ան իր զաւակներէն մէկը պիտի նշանակէ իր իրաւայաջորդը՝ այսպիսով շարունակելով Ալիեւներու գերիշխանութիւնը Ատրպէյճանի մէջ։

Ատրպէյճանի մէջ նորագոյն գայթակղութիւնը բացայայտուած է Արտի Փուլաճի կողմէ. առաջին անգամ հրապարակուած Abzas Media-ի մէջ, իսկ խմբագրուած տարբերակը վերահրապարակուած է Globalvoices.org-ի կողմէ: Յօդուածը վերնագրուած է. «Ատրպէյճանի մէջ նախագահի փեսային համար ամբողջ գիւղ մը պարպած են»։

Գարաչայլի գիւղը սկիզբը պատկանած է Ատրպէյճանի մեծ մուֆթի Ալլահշուքիւր Փաշազատէի՝ Ատրպէյճանի մահմետական բարձրաստիճան հոգեւորականին, որ հողերը վարձակալութեան տուած էր գիւղացիներուն: Այնուհետեւ, 2007ին, գիւղը 49 տարիով վարձակալութեան յանձնուած է «Շապրան ակրոհամալիր» ՍՊԸ-ի, որմէ ետք ընկերութիւնը գիւղացիներուն հրամայած է պարպել հողատարածքները։ Գիւղացիներէն Թահիր Ռասուլով դատի տուած է ընկերութիւնը՝ փոխ հատուցում ստանալու համար։ Սակայն երկու տարի անց, ան պարտուած է դատարանին մէջ։ «Զիս շատ խոշտանգած ու տանջած են։ Անոնք ինծի սպառնացած են ոստիկաններով։ Զիս դուրս հանած են իմ պապենական տունէն»։ Ընկերութիւնը գիւղը շրջափակած է մետաղէ թելերով։ «Այժմ մենք մեր նախնիներու հողերուն կը նայինք լարերուն ետեւէն», յայտնած է Ռասուլով:

«Շապրան ակրոհամալիր»ի հիմնադիրը Պաքուի Ակրոփարքն է, որ կը պատկանի գործարար Սամետ Ղուրպանովի, որ ամուսնացած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կրտսեր դստեր՝ Արզու Ալիեւայի հետ։

Ընկերութեան մէջ Ղուրպանովի 6․9 միլիոն տոլարի անձնական ներդրումը համադրուած է 6 միլիոն տոլար լրացուցիչ վարկի հետ՝ տրամադրուած Ձեռնարկատիրութեան զարգացման պետական հիմնադրամի կողմէ 10 տարի ժամկէտով՝ 5 առ հարիւր տոկոսադրոյքով:

Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի, որ «Ղուրպանովի ընկերութիւնը ազատ կացուցուած է  ջերմոցի կառուցման ընթացքին ելեկտրական թելերու տեղադրման համար վճարում կատարելէ, որ իրագործած է Իլհամ Ալիեւի աներոջ՝ Արիֆ Փաշաեւի պատկանող «Ռեթրօ Հոլտինկ» ընկերութիւնը։ Ներդրումային այլ առաւելութիւններ ներառած են ակրոհամալիրի ոռոգման ենթակառուցուածքի համար բարենպաստ վարկերը, բոլորը տրամադրուած՝ պետութեան կողմէ»:

Գարաչայլի գիւղի նախկին բնակիչ Շոհրաթ Քարտաշալիեւ յայտնեց. «Կազատար խողովակը հոսկէ կ՛անցնի դէպի Ակրոփարք եւ կազ չի մատակարարեր մարդոց: Անոնք պարարտանիւթ կու տան դաշտերուն։ Ճիշդ է, անոնք միլիոններ կը ծախսեն  պարարտանիւթերու համար, բայց մարդիկ այնքան արժէք չունին, որքան պարարտանիւթերը։ Մենք հոս չենք կրնար մշակաբոյսեր աճեցնել․ մենք հող չունինք, սեփականութիւն չունինք։ Այս ամբողջը ժողովուրդին հողն է, բայց տեսէք, ներխուժած են ու ջնջած զայն…: Ինծի ուղղակի ըսին՝ ինկի՛ր եւ մեռի՛ր, կը խեղդեմ եւ կը սպաննեմ քեզ»։

Թահիր Ռասուլով աւելցուց. «Հոս նշուած են անուններ, նշուած է նախագահին անունը, տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի (փոխ նախագահի եւ կնոջ) անունը: Երբ մեր անասուններէն մէկը անցնի այդ դաշտը, մեր կառավարիչը կ՛ըսէ, որ ասիկա տիկին Մեհրիպանի վայրն է։ Ուրեմն՝ տիկին Մեհրիպան հոս ներկայացուցիչ նշանակած է՝ քաղաքացին սպաննելու, ծեծելու, խոշտանգելու կամ անոր սպառնալո՞ւ համար»։

Քանի որ գիւղացիներուն համար աշխատանքի կարելիութիւն չկայ, միակ հնարաւորութիւնը ակրոհամալիրին մէջ աշխատիլն է, ուր կա՛մ մերժած են զանոնք աշխատանքի ընդունիլ, կա՛մ անոնց առաջարկած են միայն 200 տոլար ամսական աշխատավարձք: Գիւղացիներէն մէկը ողբալի այս վիճակը նկարագրեց իբրեւ «ժամանակակից ստրկութիւն»։

Դատական փաստաթուղթերը ցոյց տուած են, որ Պաքուի Ակրոփարքը «անհաւանականօրէն աժան վարձք տուած է Գարաչայլի գիւղին մէջ վարձուած հողերուն համար՝ տարեկան 1500 տոլար վարձք՝ 4300 էյքըր հողի համար»։ Ռասուլով ըսած է, որ ինք նախապէս «այդ հողի մէկ էյքըրին համար կը վճարէր 45 տոլար վարձք։ Եւ այսուամենայնիւ, Պաքուի Ակրոփարքը մէկ էյքըրի համար կը վճարէ 2․2 տոլարէն  պակաս»:

Ամետ Ղուրպանովի կը պատկանին նաեւ «Պաքուի ակրոփարք առեւտուրի տունը, որ կը զբաղի միրգերու եւ բանջարեղէնի մեծաքանակ առեւտուրով. «Մաքսիթրէյտինկ» ՍՊԸ-ն, որ կը զբաղի պարենային ապրանքներու ներմուծմամբ եւ բաշխմամբ․ ինչպէս նաեւ Mirlex Group-ին պատկանող քանի մը այլ ընկերութիւններ (Mirlex Development եւ Mirlex Construction ՍՊԸ), որոնք կը զբաղին  կրակ մարող սարքերու  վաճառքով, հակահրդեհային ինքնագործ ազդանշաններու տեղադրմամբ, կայանման եւ տեսահսկման համակարգերով: Սամետ Ղուրպանովի բազմաթիւ ընկերութիւններու գրասենեակները կը գտնուին «Փորթ Պաքու Թաուըրզ» էլիթար առեւտուրի կեդրոնը, որ կը պատկանի Pasha Holding-ին (տէրը Մեհրիպան Ալիեւայի հայրն է)»։

Abzas Media-ի լրագրողները փորձած են «խօսիլ Շապրանի ակրոհամալիրի կառավարիչներուն հետ, սակայն ապարդիւն։ Ապահովութեան պաշտօնեան կասեցուցած է նկարահանող խումբը եւ ըսած, որ կառավարիչներէն ոչ ոք կայ համալիրին մէջ»:

Ցաւօք, «Երբ գիւղի բնակիչները ստիպողաբար փախած են, գիւղի գերեզմանոցը իրենց ետին մնաց: Եւ որովհետեւ համալիրը կառուցուած է, եւ անոնց հողերը՝ խլուած, անոնք պէտք է թույլտուութիւն խնդրեն ակրոհամալիրի ղեկավարութենէն, նոյնիսկ իրենց հանգուցեալ հարազատներուն շիրիմները այցելելու համար»։

Շատ ցաւալի է, որ կառավարութիւնը, որ տարեկան միլիառաւոր տոլար կը շահի քարիւղի եւ կազի հսկայական իր պաշարներէն, չ՛ուզեր այդ հարստութեան մէկ փոքր մասը կիսել Ատրպէյճանի աղքատ գիւղացիներուն հետ:

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles