Կիրակի, Դեկտեմբեր 17, 2023-ին, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Յոբելենական Պաշտամունք Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հարիւրամեակին նուիրուած:
Պաշտամունքին ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի․ Տ.Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Լիւսի Իսկէնեան, Հ․Հ․ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչներ:
Համայնքապետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ողջունեց ներկաները եւ յաւուր պատշաճի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հարիւրամեայ տարեդարձին առնչութեամբ:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ 100-ամեակին առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահի տեղապահ Վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի շնորհաւորական գիրերը ընթերցեց պատուելի Ասատուր Մնչէրեան։
Վերապատուելի համայնքապետը հրաւիրեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը՝ իր շնորհաւորական խօսքը ուղղելու: Գերապայծառը իր խօսքին մէջ վեր առաւ տարիներ շարունակ եկեղեցիին հետ ունեցած եղբայրական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Վեր. Համայնքապետ դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի 35 տարիներու ժրաջան աշխատանքն ու ջանքերը՝ ի խնդիր եկեղեցիին եւ համայնքին վերելքին։
Գերապայծառը Հայ Կաթողիկէ համայնքին անունով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 100-ամեակը եւ մաղթեց որ նոյն խանդավառութեամբ ու նուիրումով շարունակուի անոր առաքելութիւնը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի շնորհաւորական խօսքը ընթերցեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան։ Օրուան պատգամը ուղղեց Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Յոբելենական պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ համայնքապետներու առաքելական եւ օրհնութեան աղօթքներով: