2024.- ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

1 0
Read Time:9 Minute, 42 Second

Ծ․Խ․- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 2003-էն սկսեալ, տարիներէն իւրաքանչիւրը ձօնած է հաւաքական կեանքին առնչուած դէպքի մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ մտահոգութեան մը։ 2024 տարին, Արամ Ա․ Կաթողիկոս  հռչակած է ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ։

Ստորեւ, այս առթիւ լոյս ընծայուած  պատգամը՝ յապաւումով․-

Ընդհանուր ակնարկ մը մեր գաղութներու, համայնքներու, կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու կեանքին վրայ, յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ մարդուժի պակասը հետզհետէ աւելի կը խորանայ ու կը ծաւալի, եւ անոր այլազան ու բազմազան բացասական հետեւանքները կը դառնան ակներեւ։ Անընդունելի է այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց անտարբեր մնալ։ Համասփիւռքեան այս յոյժ կարեւոր կարիքը դարմանելու հաւաքական աշխատանքին մէջ բոլորս ալ ընելիք ու տալիք ունինք։ Քաջ պէտք է գիտնանք, որ առանց մարդուժի մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր որակը, պիտի ճահճանայ ու գունաթափի եւ մեր գոյութեան արմատները պիտի տկարանան։ Մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի առաջ-նահերթութիւն է։

Ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ Սփիւռքի կեանքէն ներս. ի՞նչ են ատոր պատճառները։ Անհրաժեշտ է նման հարցադրումներ կատարել եւ առարկայական մօտեցումով փորձել պատասխաններ գտնել։ Մարդուժի իմաստով այսօր հայ կեանքը հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.- առաջին, մեր ունեցած ներկայ մարդուժը ընդհանրապէս չի համապատասխաներ ներկայ ժամանակներու կարիքներուն ու պահանջներուն։ Երկրորդ, մեր մարդուժին կարեւոր մէկ մասը փաստօրէն կամ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի, եւ կամ հեռու է հայ կեանքէն։

ՆԵՐԿԱՅ ՄԱՐԴՈՒԺԻՆ ՆԵՐԱՌՈՒՄԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Մարդուժի վերակազմակերպման ու հզօրացման առաջին կարեւոր քայլը պէտք է ըլլայ՝ հայ կեանքի մայր էջէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը ներգրաւել հայ կեանքէն ներս։

Պահ մը դիտենք մեր շուրջը։ Ճի՛շդ է, մասնագէտներ ունինք զա-նազան մարզերէն ներս, սակայն անոնցմէ շատեր հեռու են մեր կեանքէն։ Զարգացած երիտասարդներ ունինք, սակայն շատեր մասնակից չեն մեր կառոյցներու գործունէութեան։ Նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ունինք, սակայն շատեր կը գործեն ոչ-հայկական կրթական կառոյցներէն ներս։ Ինչ-ինչ պատճառներով եւ զանազան բնագաւառներէն ներս հայ կեանքէն հեռու մնացած մարդուժին թուարկումը կարելի է շարունակել…։ Այս տխուր իրականութենէն մեկնած, անհրաժեշտ է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ մեր մարդուժին մէկ կարեւոր մասը հեռացած է մեր համայնական կեանքէն։ Հարցադրումները մեզ պէտք է մղեն ախտաճանաչումի, եւ ախտաճանաչումը՝ սրբագրումի։ Բոլոր պարագաներուն, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ իրատես, ո՛չ զգացական. գործնական, ո՛չ տեսական. տեղական, ո՛չ ընդհանրական։ Հարկ է նկատի ունենալ Սփիւռքի զանազան շրջաններուն դիմագրաւած աշխարհաքաղա-քական պայմանները եւ անոնց հետեւանքով յաճախ տեղի ունեցած ներքին տեղաշարժերը, տնտեսական պատճառներով որոշ գաղութներու տկարացումը եւ այլ գաղութներու ծաւալումը, հա-մայնքներու նկարագրի փոփոխութիւնը, շրջապատային պայման-ներու տարբերութիւնը, եւլն.։ Տակաւ շարունակուող այս բոլոր զարգացումները հարկ է արժեւորել հայ կեանքէն ներս իր ներկայութիւնը հաստատած համաշխարհային մշակոյթի լոյսին տակ։ Բնականաբար, յիշեալ երեւոյթները իրենց բացասական անդրադարձը ունեցած են որոշ թիւով մարդուժի թէ՛ հայ կեանքէն հեռացման եւ թէ գաղութէ մը այլ գաղութ տեղափոխման վրայ։

Վերոյիշեալ արտաքին ազդակներուն կողքին, նաեւ ներքին եւ անձնական պատճառներ ոմանց մղած են հեռու մնալու մեր հաւա-քական կեանքէն։ Այսպէս, համայնքային ղեկավարութեան ցուցա-բերած երբեմն անտարբեր մօտեցումները եւ երբեմն միակողմանի դիրքորոշումները գաղութը յուզող հարցերուն նկատմամբ, կառոյց-ներու կեանքէն ներս երեւան եկող մրցակցութիւնները, հին եւ նոր սերունդներու անյարիր մտածելակերպերը, մարդուժին ճիշդ եւ արժանի գնահատանքը կատարելու պակասը, ինչպէս նաեւ աւելի լայն հորիզոններու բացուելու եւ աւելի բարձր նիւթական եկամուտ ապահովելու ցանկութիւնները, եւայլն։

Այս մտահոգիչ երեւոյթին դիմաց, չենք ուզեր այպանել ո՛չ հեռու մնացողները եւ ո՛չ ալ անոնց հեռու մնալուն պատճառ հանդիսացած կառոյցները կամ պատասխանատուները։ Կ’ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ աւելի քան երբեք հրամայական է, որ զանազան պատճառներով հայ կեանքէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը մօտենայ հայ կեանքին, մասնակից դառնայ մեր հաւաքական ապրումներուն, մաքառումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։ Այս հաստատ կամեցո-ղութիւնը ու գիտակից յանձնառութիւնը կը սպասենք հեռու մնա-ցողներէն։ Միաժամանակ՝ կը սպասենք, որ պատասխանատու մարմիններ լայն կարելիութիւններ ստեղծեն մեր մարդուժին ու յատկապէս երիտասարդ ուժերուն, զանոնք ներգրաւելով մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս։ Մեզի համար սիրելի եւ յարգելի է մեր մարդուժը։ Հետեւաբար, ընդունելի չէ, որ մեր մարդուժը կազմող անձինք ուրիշներուն դռները թակեն, ուրիշներուն ծառայեն, իրենց մասնագիտութիւնը ու փորձառութիւնը ի սպաս դնեն ուրիշներու յաջողութեան։ Մեզի հա-մար առաջնահերթը, հիմնականը, մնայունը մեր ազգն է, մեր հայ-րենիքն է, մեր գաղութներն են։

ՆՈՐ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Մարդուժի կազմակերպման ու հզօրացման երկրորդ կարեւոր քայլը պէտք է ըլլայ նոր մարդուժի պատրաստութիւնը։ Սա դիւրին ու հեզասահ եւ անմիջական կերպով իրագործելի ծրագիր մը չէ։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Մարդուժի պատրաստութիւնը կ’ենթադրէ երկարաշունչ գործընթաց, ամբողջական նուիրում, լուրջ կազմակերպուածութիւն, հետեւողական աշխատանք եւ նաեւ՝ նիւթական լայն ներդրում։ Նայեցէ՛ք ձեր շրջապատին։ Պետութիւններ, կրօններ, կազմակերպութիւններ, կառոյցներ հսկայ աշխատանք կը տանին ու մեծ ներդրում կը կատարեն, նիւթական թէ այլապէս, մարդուժի պատրաստութեան ի խնդիր։ Արդարեւ, առանց գիտակից, մասնագէտ ու նուիրեալ մարդուն, մեր ունեցածը՝ նիւթականէն սկսեալ մինչեւ հոգեւոր, կրթականէն սկսեալ մինչեւ քաղաքական, ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ։ Մա՛րդն է որ անոր արժէք, իմաստ, որակ, ուղղութիւն ու նպատակ կու տայ։

Արդ, ժամանակը հասած է, որ այս գիտակցութենէն ու համոզու-մէն մեկնած, Սփիւռքի մէջ մեր ուշադրութեան սլաքը կեդրո-նացնենք մարդուժի պատրաստութեան վրայ, մեր ունեցած ներուժին եւ կարելիութիւններուն ամբողջական օգտագործումով։ Մարդուժի պատրաստութիւն կը նշանակէ հայ մարդը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով շաղախել, մեր ազգին անցեալի ու ներկայի յատկանշական դէպքերուն, դէմքերուն ու մարտահրաւէրներուն ծանօթացնել, ներկայ աշխարհին մասնագիտութիւններուն մէջ խորանալու կարելիութիւն ընծայել, այս բոլորէն վեր ու այս բոլորը իմաստաւորող՝ մեր ժողովուրդին ամբողջական նուիրումով ծառայելու ոգին ներարկել, հայ կեանքին բերելու իր գործօն մասնակցութիւնը։

Ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքը կազմակերպ մօտեցումով ու վերա-նորոգ թափով մղել մարդուժի պատրաստութեան։ Հարկ է ի միտի ունենալ, թէ մարդուժի պատրաստութիւնը սոսկ տուեալ կառոյցի մը աշխատանքը չէ, այլ հաւաքական աշխատանք է ու հետեւո-ղական գործընթաց՝ զանազան հանգրուաններէ ընթացող ու նախաձեռնութիւններ ներառող։ Ամփոփ գիծերով կ’ուզենք յիշել այն կառոյցները ու միջոցները, որոնք կարեւոր նպաստ կրնան բերել մարդուժի պատրաստութեան առաքելութեան.-

1) Մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու մնայուն խա-րիսխը ԸՆՏԱՆԻՔՆ է։ Հայ մարդու կազմաւորման ամուր հիմքը կը դրուի ընտանիքէն ներս։ Մեր ծնողներէն շատ բան կը սորվինք լսելով ու տեսնելով։ Մեր ծնողներէն միայն մեր ազգին առնչուած գիտելիքներ չենք ստանար, այլ նաեւ ու մանաւանդ գիտակից ու հպարտ հայ ըլլալու ոգին եւ անսակարկ կերպով մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայելու նուիրումը։ Արդ, անհրաժեշտ է, որ հայ ընտանիքը վերաշեշտէ մարդուժի գծով իր եզակի դերակատարութիւնը։ Այս յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը վերանորոգ նուիրումով կատարելու համար հայ ընտանիքը կոչուած է հեռու մնալ այնպիսի երեւոյթներէ, որոնք կրնան աղարտել իր բարոյական մթնոլորտը ու հայադրոշմ նկարագիրը եւ նսեմացնել վեհ կոչումը։

2) Մարդուժի պատրաստութեան երկրորդ վայրը ԵԿԵՂԵՑԻՆ է։ Եկեղեցին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահ-պանման հնոցն է ու կենսաւորման աղբիւրը։ Մեր ազգի մեծերէն շատեր եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան հետ իրենց անձը շա-ղախած են եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու նախանձախնդրու-թիւնը ու յանձնառութիւնը եկեղեցիէն ստացած։ Զանազան նախա-ձեռնութիւններու ճամբով (կիրակնօրեայ վարժարան, Սուրբ Գրոց սերտողութիւն, ժողովրդային լսարաններ, քրիստոնէական դաս-տիարակութիւն, եւլն.) անհրաժեշտ է որ մեր եկեղեցին իր հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան առընթեր, նաեւ զարկ տայ յատկապէս իր ուսուցողական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն։

3) Մեր Սուրբ Աթոռի ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ նպատակը կը շարունակէ մնալ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած եւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումը ունեցող հոգեւորականներու, ուսուցիչներու ու մտաւորականներու կազմաւորումը։ Այս ուղղութեամբ անցնող տասնեակներուն հսկայ աշխատանք է կատարած Դպրեվանքը։ Արդարեւ, Դպրեվանքէն անցած եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ մեր ազգային կեանքի հոգեւոր, կրթական ու մշակութային բնագաւառներէն ներս կարեւոր ներդրում բերող մեծ թիւով անձերու ներկայութիւնը՝ պերճախօս վկայութիւն մըն է Դպրեվանքին վիճակուած եզակի առաքելութեան։

4) ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ, բնականաբար, մարդուժի պատրաստութեան կարեւոր կառոյցներէն մէկն է։ Ներկայ ժամանակներուն, դժբախտաբար մեր ծնողներուն մօտ սկսած է որոշ անտարբերութիւն մը ի յայտ գալ հայ դպրոցին նկատմամբ։ Պետական քննութիւններուն իր ձեռք ձգած յաջողութիւններով, իր ջամբած հայեցի դաստիարակութեամբ ու հայակերտ մթնոլորտով հայ դպրոցը մեծապէս կը նպաստէ մարդուժի պատրաստութեան։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է վերաշեշտել հայ դպրոցին մարդակերտումի առաքելութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելով անոր նպաստող ծրագիրներուն։

5) Հայ կեանքէն ներս գործող ԲՈԼՈՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ՝ կուսակ-ցական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, ընկերային, եւլն. իրենց կարգին մարդուժի պատրաստութեան իւրայատուկ դպրոցներ են։ Արդարեւ, ազգային ու մշակութային արժէքներով լեցուն իրենց ներքին մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ մեր համայնքներու կարիքներուն ծառայելու իրենց կամաւոր աշխատանքը այլապէս կը նպաստէ մարդուժի պատրաստութեան։ Ունինք ազգայիններ, որոնք զանազան պատճառներով հայ դպրոց չեն յաճախած, սակայն մաս կազմելով համայնքային կազմակերպութիւններու, հայ կեանքի մասին լայն ծանօթութիւն ձեռք ձգած են եւ իրենց մէջ արմատ նետած է ազգին ծառայելու ոգին։

6) ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ մարդուժի կազմաւորման մէջ էական դեր ունին։ Այսօր, փաստօրէն, Սփիւռքի մէջ միակ կազմակերպուած Հայագիտական Կեդրոնը Կաթողիկոսարանէն ներս կը գործէ։ Հարկ է նաեւ յիշել Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին ու Հայկազեան Համալսարանին հայագիտական դասընթացքները։ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնը վերջին 15 տարիներուն ինքնա-կազմաւորման հանգրուաններէ անցնելէ յետոյ, այսօր իր դասա-նիւթերու այլազանութեամբ եւ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն հրաւիր-ուած փորձառու ուսուցիչներու ներկայութեամբ, կը գործէ առաւել կազմակերպ ու ինքնավստահ կերպով։

7) Կաթողիկոսարանէն ներս գործող ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴ-ՐՈՆԸ, նպատակ ունենալով մանկավարժական նոր մեթոտներով ուսուցիչներու վերաորակաւորումը, յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս մարզէն ներս։ Աւելի քան 35 տարիներու իր գոր-ծունէութիւնը եւ մասնաւորաբար պետական քննութիւններուն մէջ ձեռք ձգած յաջողութիւնները ցոյց կու տան, թէ մանկավարժական կազմաւորման ծիրէն ներս իր տարած աշխատանքը կը մնայ առանցքային։

8) Մարդուժի պատրաստութեան վերոյիշեալ համայնքային կառոյցներէն անդին, ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄԸ կը նկատենք էական, ինչպէս նաեւ ամբողջացուցիչ մասը մարդուժի պատրաս-տութեան։ Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է։ Ընկե-րութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս հարցերուն, երեւոյթներուն, տագնապներուն ու ծրագիրներուն նկատմամբ սիրողական մօտե-ցում փաստօրէն այլեւս տեղ չունի։ Որքան ալ նուիրումը ու պատ-րաստակամութիւնը անհրաժեշտ նկատուին, նոյնքան անհրաժեշտ է մասնագիտութիւնը։ Ներկայ ժամանակներուն համալսարանական բարձրագոյն ուսման կեդրոնները ու կարելիութիւնները բազմապատկուած են։ Ճարտարագիտութեան ընձեռած լայն միջոցներու լոյսին տակ, համալսարանական ուսումը եղած է աւելի դիւրահաս եթէ ոչ նիւթական, գէթ ժա-մանակի ու աշխատանքի իմաստով։ Հարկ է որ մեր ուսումնատենչ երիտասարդ-երիտասարդուհիները առաւելագոյն չափով օգտուին համալսարանական բարձրագոյն ու մասնագիտական ուսման ընձեռած բարիքներէն։

Բնականաբար, տարբեր պայմաններու մէջ ապրելով, սպասելի չէ որ նոր սերունդը մարդուժի կազմաւորման նշուած հանգրուաններէն անցնի։ Ինքնուսումը եւս կարելիութիւն կու տայ եւ իր կարեւոր ներդրումը կրնայ ունենալ մարդու կազմաւորման մէջ։ Բոլոր պարագաներուն, հրամայական է, որ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով շաղախուած եւ մասնագիտական ուսումով զինուած հայ երիտասարդ-երիտա-սարդուհին ինքզինք արժեւորէ հայ կեանքէն ներս՝ իր ուսումը ծառայութեան ճամբով ի սպաս դնելով մեր ազգին զարգացման ու հզօրացման։ Սփիւռքը անյետաձգելի կարիքը ունի մարդուժի. հետեւաբար, մարդուժի պատրաստութիւնը Սփիւռքին համար պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն։

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդուժի պատրաստութեան գծով Մեր պարզած մտահոգու-թիւններուն, մատնանշած կարելիութիւններուն ու կատարած ընդ-գծումներուն լոյսին տակ, կ’ուզենք հետեւեալ գործնական թելադ-րութիւնները կատարել.-

1) Հակառակ Սփիւռքի դժուար պայմաններուն ու սահմանափակ միջոցներուն, մարդուժի պատրաստութեան գծով հսկայ աշխատանք է կատարուած։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մարդակերտումի ու հայակերտումի սրբազան առաքե-լութեան լծուած բոլոր նուիրեալներուն։ Ժամանակը հասած է, որ գաղութներէն ներս մարդուժի պատրաստութեան նուիրուած մեր կառոյցներուն գործունէութիւնը ըլլայ աւելի ներդաշնակ, հա-մադրուած ու համապատասխան ներկայ իրականութիւններուն եւ սպասումներուն։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, որ ծրագ-րաւորումի յատուկ աշխատանք կատարուի կառոյցներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ՝ կրկնութիւններէ ու բացթողումներէ խուսափելու համար։

2) Գաղութներէն ներս մարդուժի համախմբումը կը նկատենք անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Համախմբումը կարելի է կատա-րել երկու հանգրուաններով։ Առաջին հանգրուանին կը մասնակցի գաղութէն ներս գործող մարդուժը եւ երկրորդ հանգրուանին՝ նաեւ գաղութէն հեռու մնացած մարդուժը։

3) Բոլոր պարագաներուն համախմբումները անհրաժեշտ է որ կազմակերպուին յստակ օրակարգի մը հիման վրայ։ Հարկ է լսել ներկաներուն տեսակէտները, մտահոգութիւնները ու առաջարկ-ները, եւ ապա միասնաբար գաղութին հզօրացման առնչուած ընդ-հանուր ուղեգիծ մը ճշդել՝ առաջնահերթութիւններու յստակեցումով ու աշխատանքի բաժանումով։

4) Հարկ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդ-երիտա-սարդուհիներու մասնակցութեան՝ ներառելով յատկապէս համալսարանականներն ու համալսարանաւարտները։

5) Անհրաժեշտ է որոշ առիթներով եւ նոյնիսկ հանգրուանային կերպով գաղութին մարդուժը համախմբող հաւաքներ կազմակեր-պել՝ քննարկելու թէ՛ գաղութին հետ աղերս ունեցող ընդհանուր ծրագիրներ եւ թէ համասփիւռքեան ու համազգային մտա-հոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ։

6) Գաղութի մը մարդուժին ամբողջական ցանկագրումը կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ։ Աշխատանք մը, որ ներառէ հիմնական տեղեկութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն փոխանակել այլ գաղութներու հետ, համասփիւռքեան տարողութեամբ մարդուժի ամբողջական պատկերը ունենալու համար։

7) Թելադրելի է, որ յիշեալ յոյժ կարեւոր աշխատանքներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն թեմական, կուսակցական, կրթական, երիտասարդական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու գործադիր մարմինները։

8) Ինչպէս յայտնեցինք, մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ կը պահանջէ նիւթական յանձնառութիւն։ Համայնական այս ճիգին մէջ մեր ունեւոր ազգայինները պարտաւոր պէտք է զգան այս ուղղու-թեամբ կարեւոր ներդրում կատարելու, հիմնադրամներու հաստա-տումով կամ տարեկան նպաստներու յատկացումով՝ ընդհանրապէս մարդու պատրաստութեան լծուած ծրագիրներուն եւ մասնաւորաբար այն կառոյցներուն, որոնք կը ծառայեն նոյն նպատակին համար։

9) Մեր թեմերը ու կառոյցները իրենց գործունէութեան օրակար-գին վրայ կարեւոր տեղ պէտք է յատկացնեն մարդուժի պատրաս-տութեան հետ աղերս ունեցող նախաձեռնութիւններուն ու աշխա-տանքներուն։

Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման աշխա-տանքները յղացողը, ծրագրողը եւ գործադրողը մեր մարդուժը պիտի ըլլայ։ Արդ, որքա՜ն էական է մարդուժը մեզի համար եւ հետեւաբար՝ որքա՜ն հրամայական եւ անյետաձգելի մարդուժի պատրաստութիւնը։

Այս մտածումներով ու սպասումով, հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ, եւ կը վստահեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կա-թողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է զօրակից ու գործնապէս մաս-նակից դառնալու մարդուժի պատրաստութեան նուիրական առաքելութեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles