ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. «Ոստան» քաղաքային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ կոմիտէի աշխատանքներու ամփոփումի եւ յառաջիկայ ընելիքներու ծրագրումին նուիրուած խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները:
Այս առթիւ, քաղաքային կոմիտէի ընկերները ներկայացուցին նախընթաց շրջանի գործունէութեան մասին հաշուետուութիւն: Կատարուեցաւ Երեւանէն եւ Արցախէն 8 նորագիրներու երդման արարողութիւն:
Երդումի կնքահայրեր Իշխան Սաղաթէլեան եւ Արթուր Մոսիյեան իրենց խօսքերուն մէջ յատկապէս կարեւոր համարեցին այս պատմական այսպիսի բարդ եւ պատասխանատու ժամանակաշրջանին, Հ․Յ․Դ․-ի դերն ու առաքելութիւնը, երիտասարդ ընկերներով շարքերը համալրելու եւ միասնական ջանքերով առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, թէ քանի մը շաբաթ առաջ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Մռաւի լանջին հերոսաբար զոհուած դաշնակցական Կիմ Խաչատրեանի շիրիմին շուրջ տեղի ունեցած էր Հ․Յ․Դ․ Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզերու քսան նորագիրներու երդման արարողութիւնը: