ՓԱՐԻԶ․- Հակադարձելով երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ արտաքսելու՝ Պաքուի որոշումին, Փարիզ որոշեց երկու ատրպէյճանցի դիւանագէտներ արտաքսել Ֆրանսայէն։ Նշենք, որ Պաքու Ֆրանսայի դեսպանատան անձնակազմի երկու անդամներ «անբաղձալի անձեր» յայտարարած էր՝ պնդելով, որ անոնք «իրենց դիւանագիտական կարգավիճակին չհամապատասխանող, 1961-ի Վիեննայի համաձայնագիրին հակասող գործունէութիւն» կը ծաւալեն։ Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը կանչուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր տեղեկացուցին փոխադարձ արտաքսման որոշումին մասին։
«Փարիզ կտրուկ կերպով կը հերքէ Ատրպէյճանի՝ իր որոշումը արդարացնելու համար ներկայացուցած մեղադրանքները ֆրանսացի դիւանագէտներուն վերաբերեալ, որոնք այսպէս կ՛ամբաստանուին առանց լրացուցիչ մանրամասնութիւններու», կը նշէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։