ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ ԵՒ ՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ, ԿԸ ՄՏԱԾԵ՞ՆՔ  ՈՒՇԱՑՄԱՆ ԱՒԵՐԻ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 31 Second

Յ. Պալեան

                Ո՞վ կրնայ անգիտանալ, որ Սփիւռքի բազմամամիլիոն հայութիւնը, ազգի հատուած եւ շարունակութիւն ըլլալու եւ մնալու համար, պէտք է ապրի հայրենատիրութիւնը ունենալով որպէս հիմնական քաղաքական առաջադրանք: Տիրութիւն՝ Հանրապետութեան, առանց մտահան ընելու նաեւ այն հայրենիքը ուրկէ հայրենահանուած է ազգը, դատապարտուելով  ըլլալու Սփիւռք:              Հայրենատիրութիւնը  սոսկ ցանկութիւն չէ, վաղուան համար չէ, գրականութիւն չէ, բանաստեղծութիւն եւ երգ չէ: Ան ամէն օր ապրուող իրաւ յանձնառութիւն պէտք է ըլլայ ՎԵՐԱԴԱՐՁով եւ ՄԻԱՑՈՒՄով արարման աշխատանք,  իրականացնելու համար ազգի գոյապահպանումը եւ հայրենապահպանումը, որոնք հիմնական նախապայման են բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան ՄԵԾ ԵՐԱԶի իրականացման:

            Հրաժարումները  ճանապարհ են դէպի «ծագումով հայ»երու այլասերած եւ անինքնութիւն մարդոց յառաջացան, որոնք  ուրիշներու թիւի լրացում ըլլալու դատապարտուած կ’ըլլան, անհետացման տանելով ազգը:

            Բազմամիլիոն հայութիւնը երբ հայրենատէր չէ, գաղթականութիւն է:

            Միացման եւ Վերադարձի ճառը  սոսկ շաբաթավերջի հանդէս-կերուխումներու ընթացքին հիացումներ սնուցելու կարգախօս չէ: Տարրական ողջախոհութիւն ունեցող հայը կրնա՞յ խորհիլ, որ Փարիզ, Թեքսաս, Վանքուվըր, Նոր Զելանտա, Լաս Վեկաս եւ Մոնթէ Գարլօ նստելով, երբեմն ալ աղմկելով, երբեմն ալ եկեղեցի կամ այդպէս բաներ կառուցելով, ազգին հանդէպ պարտականութիւնը կատարած կ’ըլլայ եւ գոյապահպանական ապահովագրութիւն ձեռք կը բերէ: Այս հիմնական եւ պարզ հարցումին պատասխանելու քաղաքական իմաստութիւնը եթէ ունենանք, ներսի եւ դուրսի խօսափողային աղմուկը կը դադրեցնենք, կ’ըլլանք կառուցողական:

            Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պէտք էր ընել,  եւ չենք ըրած, ինչո՞ւ չենք ըրած, հայրենատէր ըլլալու եւ մնալու համար,  արգելքները  եղած են ներքի՞ն, թէ՞ արտաքին: Պէտք է խօսիլ առանց ճապկումներու, ոչ թէ ի մտի ունենալով  յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերումը, այլ յաւելեալ պարտքի ազնիւ գիտակցութիւնը:

            Ի հարկէ, տէր ըլլալու համար ներկայ պէտք է ըլլալ:

Ճիշդ է, որ հողին վրայ հայուն ներկայութիւնը խոչնդոտուած է. տեղահանութիւն, հալածանք, ջարդ: Կը խոչնդոտուի՝ նաեւ մեր մեղանչումով, տարբերութիւններ ստեղծելով եւ անոնց ետին պատնէշուելով: Գաղթելու  կիրքը դարձուցած ենք հասարակաց ախտ: Կը գաղթենք Հայաստանէն, կը գաղթենք մէկ գաղթավայրէ ուրիշ մը, կարծէք փաստելու համար, որ համաշխարհային ազգ ենք, չնաշխարհիկ դատարկաբանութիւն՝ որ կը նշանակէ վերջ՝ այլ եզակիներու շարքին եզակի եւ ինքնուրոյն ազգ ըլլալէ: Այս կ’ընենք վասն տնանկի արմատացած լաւ ապրելու իրաւունքի: Այս անհաճոյակատար հաստատումն է ամբոխային տրամաբանութեան, ծնունդ խուճապին, որ յարաճուն սփիւռքացումն է:

            Ղեկավարութիւնները հաշտուա՞ծ են գաղթականութիւն վիճակին հետ, սպասման աննկարագիր ընդարմացման կացութիւն, որ կը շնչէ անորոշ այն յոյսով, որ օր մը պատմութեան անիւը կը շրջուի: Ինչպէ՞ս կը շրջուի: Ո՞վ պիտի շրջէ: Ինչպէ՞ս: Ո՞ր դուռը պէտք է բախել պատասխան ունենալու համար:

            Գաղթականութիւնը Ազգ չէ: Այս ըմբռնումով, հին եւ նոր սփիւռքները գաղթականութիւններ են, ինչ անուն ալ տանք անոնց, որ երկինքին տակ ալ գտնուին:

            Ազգ ըլլալու համար պէտք է իրականացնել հայրենատիրութիւնը ո՛չ բանիւ, երգով, մրոտուած թուղթով, երազով եւ աղմուկով, այլ՝ ներկայութեամբ:

            Հայրենատիրութիւնը երբ հաստ ու կոշտ ձեւով չի կենսագործուիր, չենք կենսագործեր, կը խրինք քաղքենիական մանր բաւարարութիւններու մէջ, ուր կը ծաղկին ոչինչ նշանակող եւ ոչինչի ծառայող թաղային հեղինակութիւնները:

            Այսօր, Հանրապետութիւն եւ բազմանուն Սփիւոք(ներ), պետական կառոյցներ եւ աշխարհատարած անթիւ եւ անհամար կազմակերպութիւններ, ի՞նչ կ’ընեն Ազգը հայրենատէր դարձնելու համար: Ո՛չ գիտոսիկի խօսքով եւ ո՛չ ալ ցնորքի մանրավաճառութեամբ նպատակ կ’իրականացուի:

            Հայկական Պետութիւնը ի՞նչ ըրած է եւ կ’ընէ հայրենատիրութեան տրամագծօրէն հակադրուող հայրենալքում-արտագաղթ աղէտը կասեցնելու, ի՞նչ կ’ընէ արտագաղթողները եւ հայրենահանման հետեւանքով սփիւռքացածները հայրենիք վերադարձնելու համար: Ա՛յս հայրենատիրական իրաւ քաղաքականութիւն պէտք է ըլլար ՝ որ չկայ:

            Իսկ աճող, յարաշարժ եւ ինքզինք բազմապատկող եւ յոգնակիացող Սփիւռքը ինքզինք բանտարկած է չեղածի իշխանութիւններ ստեղծելու եւ անով բաւարարուելու խաղին մէջ, զոր «կ’իմաստաւորէ» բարեսիրութեամբ, օժանդակութեամբ, պարզ խօսքով՝ դրամով խիղճի հանդարտութիւն կը գնէ: Բազմաթիւ միութիւնները, մէկդի դնելով ամբոխները ոտքի քնացնող եւ լրատուամիջոցներուն կեր հայթայթող աղմուկը, օր մը պիտի ըսե՞ն, թէ քանի՞ հայու հայրենադարձութիւնը իրականացուցին, որպէսզի հողը բնակեցուի եւ տէր ունենայ: Պէտք է խօսիլ թիւերով:

            Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կառավարութիւն եւ Ազգային Ժողով, ե՞րբ օրակարգ դարձուցած են Հայրենադարձութիւնը: Ինչո՞ւ այդ օրակարգը բացակայ է:

            Եթէ իրաւ հայրենասէր ժողովուրդ ըլլայինք, ներսը եւ դուրսը, այս պահանջով կը դիրքորոշուէինք: Հանրապետութեան իշխանութիւնները, վարչութիւնները, մաքսային պաշտօնեաները, ինչպէ՞ս կը վերաբերին հայրենադարձողին հետ, անոր վերադարձը եւ բնակութիւնը դիւրացնելու համար, կը հրաժարի՞ն վարչական տաղտուկներէ, կը դադրին հարցնելէ, թէ անոր բերած աթոռը քանի՞ քիլօ  կը կշռէ, քանի՞ դգալ պատառաքաղ ունի:

            Հայաստան եւ Սփիւռք, ամէն գոյնի եւ չափի ղեկավարութիւնները, հարց կու տա՞ն, թէ ի՞նչ կրնային ընել եւ չըրին, որպէսզի այսօր չսգանք եւ չընդունինք Արցախի պարտութիւնը եւ կորուստը, որ ջաղացքի քար կը դնէ Վանի,Մուշի, Սասունի, Անիի, Կարսի հայութեան ԷՐԳԻՐ վերադարձի յոյսին վրայ:

            Յոյսը կը վերածնի եթէ հայրենադարձութիւնը ըլլայ վերականգնումի սկիզբ:

            Մեր պարտութիւններու եւ իրաւազրկումներու հողաթումբերու վրայ ծաղկած ծառերու տերեւները չեն շարժիր, որքան ալ բարձրախօսներէն իրաւունք պահանջող աղմուկ բարձրացնենք: Իրաւունք պահանջելու համար ներկայ պէտք է ըլլալ, այլապէս կը մնանք թափահարումներու ջոջական- էսթէպլիշմընթային մակարդակին:

            Կը պատմուի, որ հին օրերու Պոլսոյ մէջ, անվերջանալի պատրիարքական ընտրութեան վէճերը կը յանգեցնեն հոն, որ գաւառէն մի ոմն վարդապետ պատրիարք կ’ընտրուի: Ինչպէս կարգն է ամենուրեք, ջոջերը կ’երթան շնորհաւորանքի եւ հանգամանաւոր մը հարց կու տայ, թէ նորընտիրը երբ Պոլիս երթայ ի՞նչ պիտի ընէ: Պատրիարքարանի Ծաղկեայ դահլիճին մէջ կան բոլոր պատրիարքներու իւղաներկ նկարները: Նորընտիրը այդ իմացած ըլլալով, կ’ըսէ. «Երթամ զիմ պատկեր նկարել»:

            Եթէ բուժուինք «զիմ պատկեր նկարել»ու եւ այդպէս բաներու ախտէն, ազգային-քաղաքական հարցերը մառանի մէջ չենք պառկեցներ եւ քնացներ, սպասելով երկինքէն գալիք հրաշքի, այլ զանոնք իրենց ոտքերուն վրայ կը կանգնեցնեք, չենք բաւարարուիր «զիմ պատկեր նկարել»-ով, մէկ օդանաւէ իջնելով եւ միւսը ելլելով, աշխարհի օդակայաններու գիտութիւն ամբարելով:

            Պիտի գա՞յ օրը, երբ Արմաւիրէն, Լոռիէն Գոոիսէն պիտի ստանանք Պեվըրլիէն, Կապուտակ Ծովափէն եւ Մանհաթընէն հայրենադարձողներու «զիմ» պատկեր»ը՝ հայրենակերտողի զրահ հագած: Պետութիւն եւ Սփիւռք, յայտնատեսութեան պահու մը, միասնաբար  կ’իրականացնե՞ն հայրենադարձութիւնը եւ հայրենատիրութիւնը: Միշտ խորհելով եւ գործելով՝այն ազգային-քաղաքական իրատեսական իմացումով՝ որ վաղը միշտ ուշ է:

            2023էն 2024, օր մըն ալ, լաւատեսութեամբ, դարով կը հիննանք կամ աւելի ճիշդ՝ իրատեսութեամբ, կ’ուշանանք, եթէ ազզի գալիքը ամփոփենք «զիմ պատկեր»-ներով պատմութիւն հիւսելով:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles