Լրահոս

Երուսաղէմի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Վրայ Յարձակում

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ․- Դեկտեմբեր 28-ին, առաւել քան երեք տասնեակ զինուած դիմակաւոր անձեր ներխուժեցին վիճայարոյց դարձած «Կովերու պարտէզ»-ը եւ յարձակեցան եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու վրայ. կան ծանր վիրաւորներ եւ ձերբակալուողներ:

Այս տարածքը, որ յայտնի է «Կովերու պարտէզ» անունով, ամիսներէ ի վեր բախումներու թատերաբեմ է. կիրքերը բորբոքեցան գարնան, երբ պարզուեցաւ, որ հայոց պատրիարքարանը 100 տարիով եւ վիճայարոյց պայմաններու մէջ իսրայէլական ընկերութեան վարձակալութեան յանձնած է ոչ միայն «Կովերու պարտէզ» տարածքը, այլ նաեւ թաղամասին մէջ գտնուող 5 տուներ եւ պատրիարքարանին պատկանող քանի մը շէնքեր:

Համայնքը դէմ է այս գործարքին՝ պնդելով, որ անիկա ստորագրուած է իրենց կռնակէն: Տեղւոյն հայերը շաբաթներով հերթապահութիւն կատարեցին կառուցապատողներուն մուտքը արգիլելու համար:

Վարձակալութեան մասին եղած ստորագրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ չկան. յայտնի է միայն, որ պատրիարքարանը դատարան դիմեց` համաձայնագիրը չեղարկելու համար:

Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները միջադէպը ծեծկռտուք որակեցին: Փոխքաղաքապետ Ֆլեր Հասան Նահում «Ճերուզալէմ Փոսթ»-ին ըսաւ, թէ «արաբ իսլամ տղամարդիկ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները վէճի բռնուած են, կան ձերբակալուողներ` երկու կողմէն ալ»:

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button