ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԶԱՌԱՆՑԱՆՔԻ ՀԵՏ ՔԱՅԼ ՉՊԱՀՈՂԻ ՄՏՄՏՈՒՔ,

0 0
Read Time:4 Minute, 5 Second

 

            Երէկ, աշխարհէն անտեղեակ չմնալու համար, հեռատեսիլի անհամար կայաններէն մէկէն միւսը կ’անցնէի «զափփինկ» կ’ընէի: Կանգ առի յայտագրի մը վրայ: Կին մը կը խօսէր: Կողքին շուն մը, ոչ փոխաբերական իմաստով: Իսկական շուն մը: Ներկայանալի կին մըն էր, կը թուէր բանիմաց եւ զարգացած ըլլալ: Ան ըսաւ, որ չէր ուզած զաւակ ունենալ եւ նախընտրած էր շուն մը պահել:         Թէ մարդիկ ուզեն շուն մը, թութակ մը, սոխակ մը պահել, ինչպէս ոմանք ձի, կրեայ, օձ կամ այլ կենդանի կը պահեն, չզարմացուց, չեմ զարմանար:

            Զաւակ չուզել, փոխարէն շուն պահել,  զարմացուց եւ ընդվզեցուց:

            Ինչո՞ւ զարմանալ: Ուղեղը քերող արդի օրերուն, ոչինչ կը զարմացնէ:

            Անոնք որոնք զաւակ եւ թոռ ունին, պէտք չէ զարմանան, եթէ վաղը անոնք գան  եւ ըսեն, որ իրենք սեռ փոխած են, մանչը ըսէ որ աղջիկ է, աղջիկը ըսէ որ մանչ է: քաղաքակրթական նորարարական մանկավարժութիւնը այդ կը սորվեցնէ: Ինչպէս քիթ, բերան գեղագիտական վիրաբուժութեամբ կը փոխուին, իրենց զաւակները սիրող ծնողնեը վաղը պիտի զբաղին անոնց սեռափոխութեամբ՝ ինչպէս կը փոխեն անոնց շորերը: Պիտի վարժուին Հայկը կոչել Հայկուհի, Զարեհը՝ Զարուհի, Արմէնը՝ Արմինէ: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, որ վերանորոգ անուանակոչութիւններու եւ մկրտութիւններու խրախճանքներ ալ պիտի կազմակերպուի՞ն: Չկազմակերպել հոգեբանական վատ անդրադարձ կրնայ ունենալ սեռափոխուածին համար: Եկեղեցին քայլ պիտի պահէ՞ յառաջդիմութեան հետ եւ սեռափոխուածները պիտի մկրտէ՞: Ի հարկէ այս պէտք է ընել Հայաստան եւ սփիւռք, կը ստեղծուի մէկութիւն, միասնութիւն, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն

            Նոյն ոգիով, պատմութիւնը կ’ուզեն վերստին գրել: Այդ ընելու համար ամէն բան ներելի է: Կը յաջողի՞նք ժամանակի սլաքը ետ տանիլ, որպէսզի այս կամ դէպքը եղած չըլլայ, այս կամ անձը ծնած կամ մեռած չըլլայ:    Ֆրանսայի մէջ սուրբի, պատմութիւն կերտածներու եւ ցարդ որպէս հերոս ճանչցուածներու արձանները կը վերցնեն իրենց պատուանդաններէն, կ’ուզեն ընել այնպէս, որ անոնց ներկայութիւնը ինքնասիրութիւններ չվիրաւորէ: Ասոր կամ անոր դէմ, այս կամ այն ձեւի պայքար մղած հերոսներ, որոնք իրենց երկրին եւ ժողովուրդին ծառայած են, պատմութիւն կերտած են, քաղաքակրթութեան եւ արժէքներու տարածման նպաստած են, նաեւ վնասած ուրիշներու, կ’ուզեն վանել մարդկութեան յիշողութենէն: Եւ ընել այնպէս որ, եղած չըլլան Քրիստափոր Քոլոմոպսո, Նափոլէոն, սրբուհիներ եւ սուրբեր, հերոսներ:

            Հայաստան այս «գերարդիականացում»էն ետ պէտք չէ մնայ: Սերունդները ըստ այնմ պէտք է դաստիարակել: Դասագիրքերէն պէտք է հանել Արտաշէս Աշխարհակալը, Սասունցի Դաւիթը, Վարդան Մամիկոնեանը, Բաղրամեանը, Անդրանիկը,  գրել որ ազէրիները ի հնուց անտի Հայաստանի եւ Արցախի բնակիչ են, Երեւանի հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրուած հայոց ցեղասպանութիւնը գործած ոճրագործներու դատաստան ըրածներու նուիրուած ՆԵՄԵՍԻՍ կոթողը պէտք է վերցնել: Այսինքն՝ հայկական յիշողութիւնը արջասպով (ասիտ սլիւլֆիւրիք) մաքրել, որպէս խաղաղութեան երաշխիք: Ուրիշներ այդպէս կը վերաբերի՞ն Լենկթիմուրի, Թալէաթի, Էնվէրի, Ճեմալի եւ անոնց նմաններուն, թէ՞ վերամշակուած պատմութեան դասագիրքերուն մէջ անոնք պիտի վերարժեւորուին որպէս բարեկարգիչ եւ մարդասէր…

            Վասն խաղաղութեան եւ համերաշխութեան, ինչո՞ւ չտալ եկեղեցիները, զորս արդէն կիւրացնեն,  գետերը, լիճերը, չընդունիլ՝ որ եղած ենք բռնագրաւող, ներողութիւն խնդրել եւ հատուցում ընել, եթէ այդ  ընելու համար  բան մնացած ըլլայ:

            Բեւեռային սառած խաղաղութեան կարելի է հասնիլ առանց անցեալի եւ ինքնութեան, առանց յիշողութեան եւ առանց սեռի: Այս կ’ըլլայ իրատեսական-խաղաղասիրական նմանը  չունեցող ապագայակերտ եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւն, կը ջնջուին վիճայարոյց յիշողութիւն, ինքնութիւն եւ զանոնք հիմնաւորող պատմութիւն: Յետո՞յ: Կը մնայ, հայրենադարձի մը բանաձեւումով «ուտուշ-խմուշ»ը, եթէ չպարտադրեն անկէ ալ հրաժարիլ…  քանի որ ունեցած ենք ճգնաւորներ եւ Խոր Վիրապի մէջ օդ կլլելով ապրած Գրիգորը, զոր չես գիտեր ո՞ր պարզամտութեամբ կոչած ենք …«Լուսաւորիչ», պատճառ դառնալով մեր դժբախտութիւններուն: Այս մէկն ալ, Աշխարհակալ Արտաշէսի օրինակին հետեւելով   պէտք է հանել դասագիրքերէն: Եւ  թշնամի չենք ունենար…

            Ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութիւնը է ինչ որ է: Ինչ որ եղած է: Կարելի չէ մարդկութեան յիշողութենէն ջնջել Տրովադայի պատերազմը, խաչակիրներու պատերազմները, զոյգ համաշխարհայինները, անոնց աւերները, զանոնք կամայականօրէն վերացնել պատմութեան էջերէն: Վճռել, որ չեն եղած ո՛չ Հիթլէր, ոչ սուլթան Համիտ, ո՛չ Ստալին, ո՛չ Փոլ Փոթ: Եթէ իրապէս ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն ցանկացող ենք, կ’ուզենք որ պատմութեան բացասականութիւնները եղած չըլլային, այսօր պէտք է ընել այնպէս, որ անոնք  չկրկնուին, անոնց դեռ տեւող վատ հետեւանքները սրբագրենք, որպէսզի անոնք դադրին տեւելէ յիշողութիւններու մէջ: Այդ հետեւանքները պատերազմի շարունակութիւն են: Բայց ինչպէ՞ս վերացնել զանոնք… Ճշմարտութիւնը վերացնելո՞վ: Համամարդկային հաշտութեան եւ խաղաղութեան ձգտող (չ)բարեկարգումներու իրականացման համար պէտք է սրբագրել նաեւ՝ բնութեան (աստուածային) կարգը:

            Ինչպէ՞ս նորաստեղծ Հայկուհիի ուղեղէն պիտի ջնջուի Հայկը: Հաստատուած է, որ իրենց սրունքը կորսնցուցածներ միշտ կը փորձեն քերել իրենց գոյութիւն չունեցող սրունքը: Նոր Հայկը եւ նոր Հայկուհին ի՞նչ պիտի գերեն:  Պատմութիւնը սրբագրելէ ետք ի՞նչ պիտի յիշեն մարդիկ:

            Զառանցանքը հիւանդի յիշողութիւն է: Այդպէս պիտի վերստեղծուին նոր մարդը, նոր ընկերութիւնը, եւայլն:

            Ամէն բանի մէջ աաջին ըլլալու ցանկութիւն ունեցող հայ ժողովուրդը, զառանցանքներու առաջին դիրքերուն վրայ կ’ուզէ գտնուիլ, որ ինքնահաստատման անբուժելի բարդոյթ է: Կենսափորձ ունեցող մամիկ մը կ’ըսէր. «Եթէ խենթերը պոչ ունենային, բժիշկները անօթի կը մեռնէին»…

            Անջատեցի հեռատեսիլը երբ Մակարուհին յիշեցուց, որ ստամոքսը չի մտածեր եւ կը հետեւի իր բնական օրէնքի: Արմէնուհին եւ Արմէնը ի՞նչ պիտի ըսե՞ն բանականութեան: Միթէ՞ անկարելի դարձած է ըստ բնութեան կարգի բնականի եւ բանականի ոտքերուն վրայ քալել, եւ գլուխը չհամարել ոտք կամ սրունք: Եւ յիշել՝ որ Դաւիթը Դաւիթ է, Վարդանը՝ Վարդան, Անդրանիկը՝ Անդրանիկ:

            Ամանոր է: Հաւատա՛լ Կաղանդ Պապային, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ:

            Իմաստուն գրաբարը կ’ըսէ. «Հաւատք քո կեցուցէ զքեզ»:

            Ի դէպ, ո՞ւր կը վաճառեն գրաբարը… որպէսզի Ամանորի նուէր ընենք նոր  Հայկին եւ նոր Հայկուհիին:

               

Մակար ի Գաղիա, 18 Դեկտեմբեր 2023

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles