ԳլխաւորԼրահոս

Արցախի Պատանեկան Միութեան Առաջին Ընկերային Ձեռնարկը 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18-ին, Երեւանի Հ․Յ․Դ․ «Արամ Մանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, արցախեան մթնոլորտով տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի պատանեկան միութեան առաջին ընկերային ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Արցախի տարբեր շրջաններէ առաւել քան 50 պատանիներ:Յայտագիրին ընթացքին, պատանիները կարելիութիւն ունեցան իրարու ծանօթանալու, խաղալու, երգելու եւ ճաշակելու արցախեան ուտելիքներ: Ծրագիրին կը մասնակցէին նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Պատանեկան միութեան խումբ մը անդամներ:

Հաւաքի աւարտին, Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ պատանիները նուէր ստացան դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ:

Ստեղծուած նոր պայմաններուն մէջ, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Պատանեկան միութիւնը կ՛առաջարկէ դառնալ նոր հարթակ՝ արցախցի պատանիները միաւորելու եւ անոնց համար հարազատ ու անմիջական մթնոլորտ ստեղծելով՝  զանոնք տիրող իրավիճակէն որոշ չափով անջատելու:

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button