ԱմերիկահայԳլխաւորՅօդուածներ

ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՆԿՈՂ ԵՐԵՔ ԽՆՁՈՐԸ … ՀԱՍԱՒ ՆԱԵՒ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

Շնորհիւ Կարինէ Քոչարեանի աննահանջ ճիգերուն, եւ թատերական արուեստի մէջ ունեցած արհեստավարժի յոյժ գովելի իր տաղանդին, այս համայնքին մշակութասէր հասարակութիւնը բացառիկ երջանիկ պահեր վայելեցին, յուզումնախառն ու սրտանց ծափահարելով Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական թատերախումբի անդամներուն։

Արդարեւ, այս համայնքին մշակութասէր հասարակութիւնը կարօտ ունէր նման արհեստավարժ թատերական ներկայացումի հանդիսատեսը ըլլալու, գէթ անցնող չորս տարիներու ընթացքին- համավարակի պատճառով զրկուած էինք քիչ մը ամենուրեք։

Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 26-ի երեկոն ժամադրավայրն էր Ֆիլատելֆիոյ արուեստասէր հասարակութեան, որոնց համար իր հիւրընկալ դռները լայն բացած էր  Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանը՝ հանդիսասրահը լեցնող հոգատար – հայրենի լուրերով եւ Արցախի ճակատագրով մտահոգ երէց եւ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչ ամերիկահայ հանդիսատէսներով։

Երեկոյեան կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուները ի մի եկած էին այս շրջանի հինգ հայկական եկեղեցիներու անդամներէն կազմուած միջ-համայնքային յանձնախումբին եւ տեղւոյն ժրաջան Հ․Օ․Մ․-ուհիներու մասնակցութեան։

«Երկինքէն Երեք Խնձոր Ինկաւ»-ը իրականութեան մէջ վէպ մըն է, որուն հեղինակը Նարինէ Աբգարեանն է։ Ան ծնած է Տաւուշի Բերդ շրջանին մէջ եւ 1993-էն ի վեր Մոսկուա կ՛ապրի։ Իր գրական վաստակով տիրացած է շարք մը պատուաբեր մրցանակներու։ Այս վերնագրով իր վէպը թարգմանուած է անգլերէնի 2020-ին, իսկ այլ գործերը ծանօթ են ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ սպաներէն ընթերցողներուն։

Վէպը երկու արարով թատերգութեան վերածած է Երեւանի Սունդուկեանի անուան Թատերական աշխարհի հեղինակաւոր անուններէն Կարինէ Քոչարեանը։

Ան անցնող երեք տասնամեակներուն Նիւ Եորք -Նիւ Ճըրզիի հայ համայնքէն ներս ուրոյն յարգանքը կը վայելէ իր ղեկավարած եւ բեմադրած թատերական ներկայացումներով, ինչպէս նաեւ Հայ Հեռատեսիլի որակաւոր յայտագրերով եւ համայնքային ձեռնարկներուն իր պատրաստած հաղորդաշարերով։

2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, 2021-ին հաստատուած է Ստեփանակերտ-Արցախ՝ ուր առաջին անգամ ըլլալով բեմականացուցած է վերոյիշեալ թատերգութիւնը, Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան թատրոնի արհեստավարժ դերասաններով։

Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին անոնք ոչ միայն իրենց անդրանիկ ելոյթով հանդէս եկան Արցախի մէջ, այլ Հայաստանի Թատրոնի նուիրեալներու Ընկերութեան ատենապետ՝ Յակոբ Ղազանչեանի քաջալերանքով իր գործունէութիւնը շարունակել սկսաւ Երեւանի մէջ պահպանելով խումբին «Արցախի Վահրամ Փափազեան Թատերախումբ»  անունը։

«Երկինքէն Երեք Խնձոր Ինկաւ»-ի խումբը, շնորհիւ Կարինէ Քոչարեանի անկոտրում կամքին, հիւրախաղերով յաջորդաբար յաջողեցան ելոյթ ունենալ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Աւստրիոյ եւ Ռուսիոյ հանդիսատեսներուն համար։

Իսկ այս օրերուն՝ Ֆիլատելֆիոյ ելոյթը մէկ կայանն է Միացեալ Նահանգներու մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցած եւ ունենալիք ելոյթներուն, որոնք կը հիւրընկալուին շարք մը հայաշատ կեդրոններու մէջ, որոնց կարգին Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Պոսթըն, Ուաշինկթըն, Քալիֆորնիա․․ եւայլն։

Թատրոնը տեղի կ՛ունենայ Արցախի եւ Սիւնիքի սահմաններուն միջեւ լեռնային շրջաններուն մէջ ծուարած գիւղերէն մէկուն մէջ։ Հեղինակը հարազատօրէն կը ներկայացնէ այն ցաւագին զգացումները, որ բնիկ գիւղացիները կ՛ապրին, կը զգան իրենց գիւղերուն հետզհետէ ամայացող անտէր տուները տեսնելով։

Գիւղին մէջ մնացած 30 գիւղացիները յամառօրէն կառչած կը մնան իրենց հողերուն, քաջ գիտնալով որ ա՛լ ոչ հարսանիքներ տեղի պիտի ունենան, ոչ ալ նորածին մանկան ճիչ պիտի լսուի իրենց շրջապատին մէջ։ Անոնք շատ լաւ կը գիտակցին թէ որպէս մէկ ընտանիք միասին պիտի ուրախանան ու տխրին միասնաբա՛ր, մինչեւ իրենց եւ իրենց գիւղին վախճանը։  Գրեթէ բոլորին երիտասարդ զաւակները արդէն լքած են իրնց գիւղը եւ արտասահման կամ՝ Ռուսաստանի տարբեր վայրերու մէջ ընտանիք կազմած են։

Այս օրերուն մեզ շրջապատող եւ մեր հոգիին վրայ ծանրացող ողբերգութիւններուն եւ անմարդկային իրադարձութիւններուն ընդմէջէն լոյսի ու յոյսի նշոյլը կը փայլատակի բեմին վրայ երբ երկու հասուն անձնաւորութիւններ անսպասելիօրէն երեխայի մը ծնունդը կ՛աւետեն, յոյսով ու ցնծութեամբ լիցքաւորելով սրտերը։ Ո՜վ կրնար երեւակայել որ ամէն մանրամասնութեամբ իր  թաղման պատրաստուող 58 տարեկան հայուհին կրնար յղիանալ, համագիւղացիէ մը որ տակաւին կը սգար կորսնցուցած ընտանիքն ու հարազատները։

Ոչ ոք կ՛ակնկալէր որ նման հրաշք կրնար պատահիլ․․․ Հրաշք մը՝ որ միաժամանակ խորհրդանիշն է նոր ծնունդով խանդավառ հայուն աննկուն կամքին եւ պայքարելու ոգիին, պայծառ գալիքի մը հաւատքին։ Մեր բոլորին յոյս տուող երազին լաւագոյն արտացոլումն իսկ է այս, ի հեճուկս ամէն տեսակ ճակատագրի ողբերգական տեղատարափին․․․

Եւ բեմին վրայ իրենց ներկայութիւնը արդարացնող մեր Արցախցի հրաշալի դերասանները- Մարատ Դաւթեանը, Օֆելիա Մարտիրոսեանը, Անահիտ Քոչարեանը, Մարթին Ալոյեանը, Գագիկ Յարութիւնեանը, Արմիտա Գաբրիէլեանը, Ռոզա Գասպարեանը, Շողեր Սարգսեանը, Էտուարտ Դաւթեանը, Սամուէլ Մկրտչեանը, Մարիաննա Գրիգորեանը մեր սրտերը հպարտութեամբ եւ հիացումով լեցուցին իրենց արհեստավարժի տարազէն անդին հարազա՛տ խաղարկութեամբ․․․ ինչպէս դերասահուներէն մէկը ըսաւ․- «Առաջ կը խաղայի՛նք այս դերերը, հիմա բեմին վրայ կ՛ապրինք մե՛ր կեանքը․․․»

Բեմի յարդարանքը- շնորհիւ Զօրիկ Գալստեանի արուեստին-  իսկապէս հանդիսատեսին խաբկանքը տուաւ, որ հայրենի սահմանային գիւղի մը տեսարանն է՝ դերասաններուն տարազներով, փայտէ վառարանով, վարագոյրներու գոյներու ընտրութեամբ, հողագործի գործիքներով։

Թատրոնին ընդհանուր եւ երաժշտական բաժնի պատասխանատու Արմէն Յարութիւնեանը պարտաճանաչօրէն եւ լիովին կատարեց իր պարտականութիւնը – իսկ երբ բեմը թնդացուց ուս-ուսի տուած գիւղացիներուն ուրախ եւ հաստատակամ հարսանիքի պարեղանակով – կարելի չեղաւ առանց արցունքի բայց՝ խանդավառօրէն ծափահարել յաղթական ու միասնական այս երեւոյթը։

Արուեստի ու մշակութային ելոյթներու կարօտ մեր հոգիները Կարինէ Քոչարեանին եւ Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան տաղանդաշատ դերասաններուն ներկայութեան շնորհիւ Արցախ- հայրենիք –ամերիկահայ հանդիսատեսը շաղկապուեցաւ նորոգուած հաւատքով եւ ապագայի պայծառ գալիքի յոյսով։

Պատշաճութեան կարգով, եւ յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց Տիար Անդրանիկ –Էնտրիւ Քզիրեան։ Ան յատկապէս ընդգծեց Նարինէ Աբգարեանին վէպը- որ բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած է ներառեալ անգլերէնի- իր բնօրինակէն ընթերցելու կարեւորութիւնը։

Երախտագիտութան խօսք ընծայուեցաւ արժանաբար նաեւ Հայ Քոյրերու Վարժարանի Տնօրէնութեան, Ֆիլատելֆիոյ Հայ Օգնութեան միութեան- Հ.Օ.Մ.-ի Տիկիններուն, որոնք փափկանկատութիւնը ունեցած էին նաեւ հիւրասիրութեան ճոխ սեղանով դիմաւորելու հանդիսատեսները ներկայացումէն առաջ։

Հ․Օ․Մ․-ուհիներու անունով իր ներշնչող ու գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ շրջանին քաջ ծանօթ մանկավարժ Տիկին Նայիրի Պալանեան։

Եթէ երկինքէն ինկող խնձորները օրուան հանդիսատեսին անունով մեր գնահատանքով ու անհուն երախտագիտութեամբ յանձնելու պարտականութիւնը ինծի ընծայուած ըլլար ես զանոնք պիտի յանձնէի Հեղինակ Նարինէին, Բեմադրիչ Կարինէին եւ Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբի արժանաւոր դերասաններուն մեր սիրելի ու պաշտելի հայրենակիցներուն։

Այս հոգի զովացնող ելոյթէն խանդավառ՝ ինծի կը մնայ Սիլվա Կապուտիկեանի տողերուն ապաւինելով հաւատա՛լ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան։

Սեղմիր ատամդ, դու ամէնքի մօտ

Բացէ-իբաց լալու իրաւունք չունես։

Թէկուզ վիրաւոր, թէկուզ արնաքամ,

Զէնքերդ տալու իրաւունք չունես։

Դո´ւ հայ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ինչ էլ որ լինի,

Վերջին զինուորդ էլ ընկնի յուսահատ,

Քո ժողովրդի յաւերժութեանը

Չհաւատալու իրաւունք չունես։

Շնորհակալութիւն Կարինէ Քոչարեան, շնորհակալութիւն Ֆիլատելֆիոյ կազմակերպիչ մարմնին, յատկապէս Հ․Օ․Մ․-ուհիներուն։ Այստեղ կ՛արժէ նշել որ Հ․Օ․Մ․-ը հովանաւորն է նաեւ Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի «Երկնքէն Երեք Խնձոր Ինկաւ» բեմադրութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ չորս հայաշատ համայնքներու ներկայացումներուն համար:

Անհուն երախտագիտութիւն Ստեփանակերտի այս թատերախումբին բոլոր դերասաններուն՝ հաւատք եւ յոյս ներշնչող իրենց այս բացառիկ ելոյթին համար։

Վերջին վարագոյրի խոնարհման պահուն ալ թատերախումբին օրուան պատգամը յստակօրէն արձանագրուած մնաց պաստառին վրայ-

Ո՞վ իր վրայ պիտի վերցնէ այս ժողովուրդին պատմութիւնը գրելու եւ այս գիւղին նոր էջը բանալու պատասխանատուութիւնը։

Այո՛, ո՞վ։

 

Հոկտեմբեր 28, 2023 Սփրինկֆիլտ-

zarminekb@yahoo.com

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button