ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Նիւ Ճըրզի
Ինքը բագինն է, որ աշխարհի չորս ծագերէն շրջանակած է իր քուրմերն ու քրմուհիները վաթսուն տարիներէ ի վեր։ Իսկ անոնք գիրով ու բանով, երկիւղածութեամբ կամ աներկիւղ, դասական կամ փորձառական ծէսերով, մայրենիի հոգատարութեամբ, ձայնի ելեւէջներով, ոճային յանդգնութիւններով, իմաստասիրութեան խաւերով, քննադատութեան ակնոցներով եւ հրաշագործ մականներով, շարան-շարան ձայներգութեամբ «զոհ»ին տուած են կեանք, մարմին եւ արիւն. բարձրացուցած են կամ սուզած են խորհրդաւորի ծալքերուն։ Արարած են, երկնած են, փառքի հնչիւններ ու ողբերգեր ծաւալած են։
Այբուբենեան միլիոնաւոր գիրեր ընդգրկող միայն հի՛նգ գիր՝ «Բագին»։ Անոր էջերէն կը ցոլան կեանքին ցեղը, ցեղին սիրտը, սրտին զարկը, զարկին յարգը. ակնածանքն ու նուիրումը գիրի մարդոց, բաբախուն ու աներեր։ Անվերադարձ հեռացեր է քրմապետը՝ Պօղոս Սնապեան։ Բայց կու գան յաջորդները, միշտ պիտի գան ուխտաւորները նուիրեալ ու լեզուահմայ։
Մէկը երկչոտ զարկաւ դուռը, միւսը կարծեց իր սեփական ապարանքը կը մտնէ. մէկը բերաւ աղօթքի սար, միւսը բերաւ ծաղրանկար. մէկը մկրատ բռնած եկաւ, միւսը տուաւ աւանդութեան ծալ-ծալ ծրար. մէկը՝ թռիչքներու վարպետ, միւսը տեղէ տեղ թռելու համար պէտք ունէր կարպետ։ Մէկը եկաւ բազում փորձառութեանց անթացուպով, պատմեց պատմեց, ծանօթացուց օտարազգի գրիչներ, ու վերլուծեց ու անցաւ, միւսը կռթնեցաւ նորահնար անթացուպին որ չիյնար։ Մէկը եկաւ հայրենի գրողներու Բանով, ձայնով հմայուած, միւսը բացաւ Սփիւռքի հանքերուն գանձերը թաքնուած։ Նոր հեգողներն ու յանկերգողները դուրս մնացին, անոնք պէտք է անդունդներէ ու լեռներէ անցնէին։ Բազում գիրքեր, ազգակիցներ երբեմն հաշտ, երբեմն անհաշտ ապրեցան։ Իմաստունը ըսելիքը ըսաւ գնաց, ջուրը եռաց շոգին մնաց։ Մէկը ռահվիրայ՝ ճամբայ բացաւ, միւսն անվեհեր՝ այդ ճամբան անցաւ։ Քրմապետը արթուն էր միշտ, եւ «Բագին»ը ժամանակի փորձանքներուն դիմացաւ։ Երկիրը վախ ու վտանգ ու պատերազմ ու գաղթ գուժեց, բայց Բագինի խորախորհուրդ ու սրտառուչ խունկը բուրե՜ց ու բուրեց։
Հիմա կայնինք ու երկիւղած աղօթենք՝
Փառք ու պատիւ՝ անորոշութիւնը՝ հաւատքի, հոգեվարքը՝ կեանքի, մահը՝ վերյառնումի, գրականութիւնը կենսաձեւի՛ վերածողներուն։ Գրական աշխարհի մէջ այս տիեզե՜րքը ստեղծողներուն։
Վաթսուն տարին ի՛նչ է որ։ Մեսրոպ Մաշտոց ահա կ՛ապրի՛։