Ա.Ա.
Արցախի հայաթափման պատճառները ներքին եւ արտաքին են։Հարաւային Կովկասեան ռազմաքաղաքական ընդհանուր իրավիճակին մէջ հաւասարակշռութեան փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք՝ շրջանային եւ միջազգային ազդեցութիւն ունեցող պետութիւններու միջեւ սուր մրցակցութիւնը, Ռուսիա- Արեւմուտք տարակարծութիւններու ենթահողին վրայ ստեղծուած աննպաստ պայմանները, Հարաւային Կովկասի մէջ թրքական գործօնին եւ դերակատարութեան շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային ընտանիքին կոչերով եւ յայտարարութիւններով բաւարարուելու ընտրանքը, արտաքին այն գլխաւոր պատճառներն են, որոնք ի վերջոյ յանգեցուցին Արցախի հայաթափման, որ նաեւ ունի ներքին պատճառներ, նկատի ունենալով Երեւանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը, ներքին սուր տարակարծութիւնները, մեղքը միշտ ուրիշին ուսերուն բարդելու «հայկական» սովորութիւնը եւ այլ բազմաթիւ ենթակայական եւ առարկայական պատճառներ, որոնց զոհ գնաց Արցախը, որուն հայաթափումը կատարուեցաւ գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ։Ընդամէնը տասը օրերու սահմաններու մէջ Արցախէն հեռացան պատմութեան ամբողջ ընթացքին հայկական պատկանելիութեամբ ապրած Արցախի բնիկները, դուռ բանալով բազմաթիւ հարցադրումներու, թէ վերոյիշեալ գործօններուն մէջ մեղքի հայկական բաժինը որքան է,թէ ինչու կարելի չեղաւ առաջքը առնել Արցախի հայաթափման, թէ նման պայմաններու մէջ ինչու նաեւ կարելի չեղաւ խուսափիլ ներքին տարակարծութիւններէ, որոնք յաւելեալ հարուած մը տուին արդէն իսկ կոտրած եւ անդունդին եզրին կանգնած Արցախին։
Միջազգային գետնի վրայ ուշագրաւ եղաւ տասնինը սեպտեմբերի զինուորական գործողութիւններէն երկու օր առաջ Պոլսոյ մէջ կայացած հանդիպումը, որ նոյն սեղանին շուրջ բոլորեց Միացեալ Նահանգներու կովկասեան բանակցութիւններու հարցով բանագնաց Լուիս Պոնոն, Եւրոպական Միութեան կովկասեան հարցերով բանագնաց Թոյվօ Քլաարը եւ Ռուսիոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը։Ըստ եւրոպացի դիւանագէտներու, հանդիպումը գաղտնի էր, բայց ամերիկացիները աճապարեցին յայտարարելու, որ հանդիպումը սովորական տեսակցութիւն մըն էր, որուն ընթացքին քննարկուեցան առաւելաբար մարդասիրական հարցեր եւ խնդիրներ, ինչպէս Արցախի ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու կարելիութիւնները եւ միջոցները։ Սակայն այս հանդիպումէն երկու օր ետք՝ տասնինը սեպտեմբերին ատրպէյճանական ուժերը յարձակեցան Արցախի վրայ եւ հարուածը այնքան անսպասելի եւ ուժեղ եղաւ, որ կայծակնային արագութեամբ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի հայաթափումը։
Իսկ ՄԱԿ-ի առաքելութեան Արցախ կատարած անտեղի եւ չափազանց ուշացած այցելութիւնը ինքնին ապացոյց էր,թէ միջազգային ընտանիքը ինչպիսի վերաբերում կը ցուցաբերէ իր հայրենի հողը կորսնցնելու իրական վտանգը դիմագրաւող արցախցիներուն ապրած ահաւոր իրավիճակին նկատմամբ։
Շրջանային դրդապատճառներուն մէջ ամէնէն նշանակալիցը եւ մտահոգիչը Երեւանի եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն միջեւ առկայ տարակարծութիւններն են, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ջաղացքներուն ջուր կը լեցնեն։Արցախի հայաթափման պատճառներու անդրադառնալով՝ եւրոպացի պաշտօնատարներ կը յայտնէին, որ Ռուսիա դաւաճանեց Հայաստանի, իսկ ռուսերը կը շեշտէին, որ հայկական իշխանութիւններուն կողմէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ նկատուելու մօտեցումն էր,որ պատճառ հանդիսացաւ այս ամէն ինչին։
Ներքին դրդապատճառներուն մէջ առաջին հերթին պէտք է նշել հայկական դիւանագիտութեան արձանագրած սխալները եւ թերացումները, ոչ համակարգուած աշխատանքներու կշռոյթը։Երբ ամէջ ոք կը խօսէր Արցախի շուրջ կուտակուող ազրպէյճանական զէնքին ներկայացուցած ահաւոր վտանգին մասին, հայկական դիւանագիտութիւնը չկարողացաւ վտանգը կանխարգիլելու լծակներ օգտագործել եւ առաջքը առնել զինեալ գործողութիւններու, որոնք ինչպէս տեսանք պատահեցան եւ հարիւր հազարէ աւելի արցախցիներ բռնի տեղահանելու ենթահողը պատրաստեցին։Միւս կողմէ, ատրպէյճանցիները շահագործեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ վարչապետին կողմէ կատարուած հակասական յայտարարութիւնը եւ ի նպաստ Ատրպէյճանի մթնոլորտ ստեղծեցին։Ներքին դրդապատճառներուն մէջ տակաւին կարելի է նշել երկպառակութիւնը, որ այսօր իր ծանր թաթերուն տակ առած է հայրենի քաղաքական կեանքը։ Մինչ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը մշակէին յարձակումին ծրագիրը, Երեւանի մէջ իրարու հասցէին ուղղուած մեղադրանքները եւ ամբաստանութիւնները կը ստեղծէին քաոսային վիճակ մը։
Արցախ հայաթափուեցաւ։Ասիկա պէտք է ընդունիլ եւ մարսել։ Ապա անցնիլ աշխատանքի։ Ժամանակը ուշ կ՛ըլլայ, եթէ ձեռնածալ նստինք եւ զիրար մեղադրենք։ Օր առաջ Ազգային փրկութեան ազդեցիկ ճակատի մը կազմութիւնը այսօր աւելի քան հրամայական է՝ մէկ կողմ դնելով բոլոր տարակարծութիւնները։ Այս ճակատին ստեղծման պարտաւորութիւնը կ՛իյնայ Երեւանի իշխանութիւններուն ուսերուն։