Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

0 0
Read Time:57 Second

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալութիւնը Արցախի նախկին եւ ներկայ պետական այրերու, որոնց մէջ է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը։

21-րդ դարուն ամբողջ մարդկութեան, մեծապետական երկիրներու եւ միջազգային այսպէս կոչուած մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններու աչքին առջեւ, Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենայ ցեղասպանութիւն եւ ամբողջ ժողովուրդ մը կը հայրենազրկուի։

Դաւադիր պայմանաւորուածութիւններու ու լուռ համաձայնութիւններու պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանի յանցաւոր վարչակարգը կը փորձէ Արցախի Հանրապետութեան կազմալուծման եւ արցախահայութեան հայրենազրկման գործընթացը անշրջելի դարձնել։ Այս պարունակին մէջ Արցախի գործող եւ նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան շարք մը ներկայացուցիչներու գերեվարումը եւ կեղծ մեղադրանքներով կալանաւորումը հերթական աղաղակող ապօրինութիւնն է եւ հեռու գացող նպատակներ ունի։

Այս հարցը ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ ազգային նշանակութիւն ունեցող եւ արժանապատուութեան հարց է։ Իրաւական գործիքակազմերը կարեւոր, բայց բաւարար չեն գերեվարուած գործիչներու ազատ արձակման համար։

Առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմինները, բայց նաեւ ամբողջ աշխարհի ազդեցիկ հայկական շրջանակները պէտք է գործադրեն քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները՝ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։

Ալիեւեան վարչակարգի յանցաւոր գործունէութիւնը, ուժի եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքով ցեղային զտումներու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ անհետեւանք ու անպատիժ մնայ։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
4 Հոկտեմբեր, 2023  

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles