Յարութիւն Պէրպէրեան
2 Հոկտեմբեր 2023
Անցիր քաոսին, խաժամուժին ընդմէջէն,
անցիր խժալուր աղմուկին մէջէն,
փորձէ չշնչել մարմիններուն
ճենճերումի հոտը խեղդող,
որ աւելի քան դար մը առաջ
անհաւատալի տարողութեամբ
ծաւալած էր եւ կը կրկնուի:
Փորձէ չլսել պարպուող հողի ճիչը սուր եւ աղիողորմ,
որ ունկերդ կը ծակէ
եւ կը տանի խելագարութեան:
Իսկապէս մոռցիր
այն անհայրենիք խուժանը անդէմ,
որուն համար ոչինչ չէ փոխուած:
Նաեւ պահ մը մի՛ յիշեր
այն պատմական
մեծածաւալ գաղթերը՝ Անիէն, Վասպուրականէն,
Էրզրումէն, մինչեւ … այլուր,
կամ բռնագաղթ՝ հրամայուած
Շահ Աբբասէն կամ մէկ տարբեր իշխանաւորէ:
Եւ տակաւին՝ երկու դարէ
քու պատմական հայրենիքդ կը պարպուի
իր հարազատ զաւակներէն,
իսկ քանի ջարդ, տեղահանում,
ցեղասպանութիւն արձանագրած ես
1828, 1895-96, 1908, 1915
թուականներուն
(հոս աւելի փոքրերը չես նշեր):
Եւ դեռ քանի՞ տմարդի
իշխանաւոր կամ ղեկավար
քեզ ծախած են
իրենց մանրուք հաշիւներով,
փոշի փչած ժողովուրդի աչքերուն մէջ,
հողին համար արիւն թափած նահատակին
նուիրումը թքած հողին,
եւ պատմական իրողութիւններ,
ուր որ կրնան,
փորձած են ջնջել կամ այլափոխել:
Ծանօթներէդ քանի՞ հոգի
նոր ճանչցած ես, յայտնաբերած
(աղէտներն են որ կը բանան
դիմակի տակ վարագուրուած
մարդոց դէմքերը իսկական),
սակայն զանոնք անտեսած ես, արհամարհած,
բաղդատելով՝
ժողովուրդիդ գլխուն պայթած
նոր աղէտին
անհաւատալի տարողութեան դէմ,
քու սեփական ժողովուրդիդ
մէկ հատուածին՝
իր սեփական հողին վրայ
ապրելու կամքին անտեսումին դէմ,
ուրացումին դէմ՝
նոյնիսկ իր մայր հայրենիքէն …
այս տողերը քերթողական չեն.
պահեր կան, երբ
այս անհեթեթ, ողբերգական կացութեան մէջ,
ուր ամէն օրէնք, բանականութիւն,
ընդմիշտ խախտած, գլխիվայր դարձած, կորսուած է,
բանաստեղծութիւնն իսկ անզօր
ու անիմաստ կը դառնայ: