ԳլխաւորԼրահոս

Պոսթընահայ Գաղութի Զօրակցութիւնը Արցախին

 

Պոսթընահայ գաղութը վերջին շաբաթներուն, հետեւողական հաւաքներով եւ ցոյցերով իր զօրակցութիւնը յայտնեց արցախահայութեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22-ին, կազմակերպութեամբ շրջանի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան, Ուաթըրթաունի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք աւելի քան հինգ հարիւր հայորդիներու ներկայութեան։

Խօսք առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչ Նայիրի Տէրտէրեան, որ ներկայացուց ստեղծուած դժնդակ ու ահազանգային վիճակը, յատկապէս առողջական եւ ընկերային ոլորտներէն ներս։

Ապա առցանց դրութեամբ խօսք առին յաջորդաբար Արամ Համբարեան (Հայ Դատ), Կրէկ Տէմիրճեան (Հայ Փաստաբաններու Ընկերակցութիւն) եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի անգլերէն բաժնի յօդուածագիր Ողիա Թաշճեան (Պէյրութէն)։

Այս հաւաքին ներկայ էր նաեւ շրջանի պետական ներկայացուցիչ Սթիւըն Օուընզ։

Շրջանի հովիւներու ներկայութեամբ մատուցուեցաւ պատարագ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30-ին, Պոսթընի «Ժառանգութեան պարտէզ»-ին շուրջ տեղի ունեցաւ հաւաք, ուր անգամ մը եւս գաղութը իր զօրակցութիւնը յայտնեց արցախահայութեան։

Հ․Ե․Դ․-ի անդամ Մեղրիկ Տէր Վարդանեան բացման խօսքին մէջ, շեշտեց թէ, պէտք է շարունակել պայքարը։

Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արա Նազարեան խօսք առնելով, ըսաւ, թէ Արցախը միշտ ալ պիտի պատկանի հայութեան։ «Պիտի վերադառնանք մեր հողերը», շեշտեց ան։

«Արմինիըն Ասեմպլի»-ի ներկայացուցիչ Էնթընի Պարսամեան յայտնեց, թէ դատի պէտք է կանչուի Ատրպէյճանի բռնատէր նախագահ Ալիեւը։

Միտըլսեքսի շերիֆ Փիթըր Գութուճեան կոչ ուղղեց, թէ ժամանակն է միասնականութեան։

Հ․Բ․Ը․Մ․-ի խօսքը փոխանցեց Արա Պալիքեան, որ ահազանգեց, թէ շտապ օժանդակութեան կարիք կայ տեղահանուածներուն։

Շրջանի համահայկական խորհուրդի ներկայացուցիչ Շանթ Բարսեղեան անգամ մը եւս կոչ ուղղեց միասնականութեան։

Այս հաւաքի ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ տէրունական աղօթք։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button