Ազերիներու Կրակոցներուն Հետեւանքով Մէկ Նահատակ Եւ Երկու Վիրաւոր

0 0
Read Time:29 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Հոկտեմբեր 3-ին սահմանամերձ Կութ շրջանի հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ տեղափոխող փոխադրակառքի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու արձակած կրակոցին պատճառով, զոհուած է բանակային մը եւ վիրաւորուած՝ երկու այլ բանակայիններ:

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները թիրախաւորած են նաեւ շտապօգնութեան ինքնաշարժը, խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները:

«Զոհուած զինուորական ծառայողն է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուորական ծառայող Արամ Տիգրանի Քոչարեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինուորական ծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Վիրաւոր երկու զինուորական ծառայողներու կեանքին այս պահուն վտանգ չի սպառնար, անոնք տեղափոխուած են զինուորական հիւանդանոց:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles