«Համազգային»-ի Երեք Հրատարակութիւններու Շնորհահանդէս

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 13-ին Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ կայացաւ «Համազգային»-ի վերջին հրատարակութիւններուն շնորհահանդէսը եւ ընթերցողի դատին յանձնուեցան չորս ժողովածուներ:

«Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ «Soaring words» ժողովածուն, որ կը ներկայացնէ արցախցի ութ արձակագիրներու պատմուածքները` անգլերէն թարգմանութեամբ (խմբագիր-թարգմանիչ` Արեւիկ Գաբրիէլեան): «Ձայն արցախական», «Ձայն հիւսիսային», «Ձայն քերթողական» գիրքերը հրատարակուեցան Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի եւ դոկտոր-փրոֆեսէօր, բեմադրիչ-թատերագիր Հրանդ Մարգարեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ, իսկ գիրքերը լոյս տեսան «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ:

Այս առիթով կայացած ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, իսկ հրատարակուած գիրքերուն մասին արտայայտուեցաւ եւ  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին ողջոյնի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, այնուհետեւ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, գրականագէտ, «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արմէն Աւանեսեան, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի եւ երիտասարդ գրող Հայկ Սիրունեան:

Շնորհահանդէսին տեսաուղերձով ներկաները ողջունեցին դոկտոր Հրանդ Մարգարեանը, Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Նորեկ Գասպարեանը եւ արցախցի գրականագէտ, «Ձայն արցախական» գիրքի կազմութեան խորհուրդի անդամ Ամալիա Գրիգորեանը: Դոկտոր Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հրատարակութիւններու լոյս ընծայման եւ տեղեկացուց, որ շարքը շարունակական պիտի ըլլայ:

Իր հայրենաշունչ երգերով արցախցի երգիչ Արթուր Խաչենց ներկաները երգի թեւերով հասցուց շրջափակուած Արցախ, ուր 120 հազար արցախցի հայրենակիցներ ամիսներէ ի վեր գոյապայքարի մէջ են:

Վերոնշեալ գիրքերէն հատուածներ ընթերցեց ասմունքող Հռիփսիմէ Սարգսեան, իսկ միջոցառման աւարտին Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հ. Աւագեան «Soaring words» գիրքին մէջ ընդգրկուած արցախցի արձակագիրներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի թարգմանիչ ու խմբագիր Արեւիկ Գաբրիէլեանի եւ իբրեւ խորհրդանշական նուէր` անոր նուիրեց մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը Շուշիի գորգագործարանին մէջ գործուած «Մենք ենք մեր սարերը» յուշագորգը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles