ԳլխաւորԼրահոս

Սամուէլ Շահրամանեան Ընտրուեցաւ Արցախի Նախագահ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Սեպտեմբեր 9-ին տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը` նոր նախագահ ընտրելու օրակարգով։

Գաղտնի քուէարկութեան մասնակցեցան 23 պատգամաւորներ, որոնցմէ 22-ը թեր քուէարկեցին Սամուէլ Սերգէյի Շահրամանեանին, իսկ մէկը` դէմ:

Այսպէս, Սամուէլ Շահրամանեան  ընտրուեցաւ Արցախի նախագահ:

Շահրամանեան ծնած է Դեկտեմբեր 1, 1978-ին, Ստեփանակերտի մէջ։ Անոր մասնագիտութիւնն է տնտեսագիտութիւն։ Ծառայած է բանակին 1996-էն 1999։

Ան ամուսնացած է տէր՝ երեք զաւակներու։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button