Ռիչմընտ, Վըրճինիա
Ներազգային մեր կեանքին մէջ, հրապարակով յայտնուած որեւէ լուրջ գաղափարի մը դէմ հակադրուիլը շատ աւելի հեշտ եղած է, քան անոր խորը ներթափանցելով մանրազնին քննարկման ենթարկելը…
Երբ գրող մը իր բնատուր տաղանդը գործի դնելով, կեանք մը ամբողջ ճգնելով տասնեակներով գրական գործեր կ՝արտա- դրէ, անդին ինքզինք ամենագէտ քննադատի տեղ դնող մեծամի- տին մէկը, յանկարծ կը ժպրհի այնպէս կոչուած իր ատելավառ, փարա չարժող քննադատականներով ու թունաւոր սլաքներով գետնին հաւասարեցնել տաղանդաւոր իր զոհը…
Եթէ ուշի ուշով քննական ակնարկ մը նետէք գրական մեր կեաքին, կրնաք առանց վարանումի առարկել թէ վերջին տաս-նամեակներուն, Սփիւռքի տարածքին կասկածելի տաղանդով գրական քննադատներու, այլապէս՝ գիշատիչի տարազով հրապարակը աղմկող գրողներու խոշոր մէկ տոկոսը, մեր ազգային, քաղաքական ու կրօնական հաստատութիւններէն դուրս շպրտուածներու շարքին կը պատկանին: Անոնք, զուրկ ըլլալով ստեղծագործ գրողի տաղանդէն, սրդողած կը փորձեն վրէժ լուծել օժտեալներէն: Սակայն եւ այնպէս, արդարութեան սիրոյն պէտք է ընդունիլ, թէ հոգեւորականի փիլոնէն ու քաղա-քական կեանքէն կամովին հրաժարողներուն շարքին գոյութիւն ունին նաեւ իրաւ տաղանդներ, լուրջ ու օրինակելի մտաւորականներ, անբիծ անհատակութիւններ եւս:
Դժբախտաբար մեր մօտ հետզհետեւ կը բազմանան վերը յիշուած տիպարները, որոնք հոգը չեն քաշեր ստեղծագործու- թիւն մը լրջօրէն կարդալու ու անոր խորքը թափանցելու, այլ ի-րենք իրենց գրական քննադատի հովեր առած այդ ողորմելինե- րը, փոխանակ նոր հրապարակ ելած գործ մը սիրով ու լարու- մով ընթերցելու, պուրակ մտնող բնութապաշտի մը երկիւղածութեամբ, հոն յայտնաբերելու բնութեան ծաղկուն գեղեցկու- թիւնն ու դիւթիչ, արբեցնող բուրմունքը, այո՝, այդ ողորմելիները պուրակ կը մտնեն գիշատիչի բնազդով, անգոսնելով իրենց շուրջ տարածուող գեղեցկութիւնը, միայն ու միայն առաջնորդը- ւելով ատելավառ խանդով ու շուտափոյթ կարծիքի հասնելով, կը փորձեն իրենց զոհը գետնէ գետին զարնել, ու զայն ոտքի տակ առնելով շան սատակ ընել ու լաւագոյն պարագային սա-տանի գիրկը ուղարկել: Եւ յաճախ անհուն ճիգով արարուած գեղեցիկ գործ մը ոտքերուն տակ տրորելու մոլուցքէն առաջնորդուելով:
Միթէ գիտակից գրական քննադատի մը պարտականու-թեան ծիրին մէջ չ՜իյնար գրական գործ մը լրջօրէն կարդալ, կշռադատել եւ զայն սիրցնել ընթերցող հասարակութեան: Փորձով գիտեմ, զիս չհանդուրժողներու տղայական յարձակում-ները, դրական կամ ժխտական մօտեցումները, գրական կեանքիս ընթացքին, զիս խոցելու ու չէզոքացնելու տեղ, նոր հատորներս ու անձս հայ ընթերցողին սիրցնելու ու գիրքերս սպառելու ծառայեցին: Այդ առնչութեամբ շատերու կողքին քանի մը լուրջ մտաւորականներու խօսքերը պիտի վերյիշեմ: Երկուքը՝ աշխարհական, միւսը՝ հոգեւորական:
Նախ Անահիտ Արամունիին կարծիքը՝ -Երեկոները, սիրելի Գուբելեան, գրական եւ ընկերային ո՜ր հաւաքոյթի ալ ներկայ գտնուինք, խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը դուն ես, քու անձդ եւ քու ստեղծագործութիւններդ են…
Իսկ գալով տաղանդաւոր գրչեղբօրս ՝ Կարապենցին խոս-տովանութեան`
-Այ տղայ, դուն ինձմէ խոհեմ ու տղամարդ դուրս եկար ու թոյլ չի տուիր որ Նորին Վսեմութիւնը թշնամացնելու գնով քեզ ալ տնտեսապէս շահագործէ ու մինչեւ ոսկորներդ մերկացնէ, Պէյրութ հրատարակուող գրական յայտնի թերթին շահամոլ, մեծապատիւ խմբագրի մը կ՝ակնարկէր ան: Այո, մինչեւ օրս կը յիշեմ անոր կատարած սադրանքները անձիս հանդէպ…
Իսկ Մխիթարեան Ուխտէն հոգելոյս հայր Բարսեղ Ֆերհաթեանի պարագային, որուն հրատարակած «Վերելք» պարբերականին փոխ խմբագիրը եղած եմ տարիներ ամբողջ, օր մը նկատելով անտրամադիր, տխուր հոգեվիճակս, որ արդիւնք էր կարգ մը Լոս Անճելըսահայ թերթերու մէջ զիս չհանդուրժող խմբագիրներու եւ գրողներու կողմէ եղած անտեղի, կրքոտ յարձակումներուն:
-Պօղոս տղաս, մի՝ տխրիր,- ըսաւ ան կարեկցանքով, – ու սրտիդ մի առնէր անձիդ դէմ եղած փորի ցաւ բուրող անտաղանդ միջակութիւններու յարձակումները: Վստահ եղիր քեզ չհանդուրժողներն եւ նորարար գրականութիւնդ քննադատողները մատի վրայ կը համրուին, իսկ քեզ սիրող ու գնահատող ընթերցողները հազարներ կը հաշուեն, մէջն ըլլալով Խորէն կաթողիկոսն ու Հայ կաթողիկէ Պատրիարք՝ Գասպարեանը: Դուն քու ուշադրութիւնդ անոնց վրայ կեդրոնացուր եւ Աստուծոյ Փառք տուր քեզի շնորհուած գրողի անառարկելի տաղանդին համար…
Իրաւունք ունէր Հայր Սուրբը: Գրական կեանքիս տեւողու-թեան յայտնի քննադատներու կողմէ բազմաթիւ դրական լուրջ գրախօսականներ ալ նուիրուած են հեղինակած գործերուս: Իսկ ես իմ կարգիս, տասնեակներով գրախօսականներ գրած եմ սփիւռքահայ եւ հայրենի յայտնի գրողներու գործերուն նուիրու-ած, առանց գրական քննադատի յաւակնութիւններու, միշտ պա-հելով խոնարհութիւնս: Իբրեւ անձ մը որ երիտասարդ տարիքէն, տասնամեակներ ամբողջ Ափրիկէի խորերը մարդակերներու հետ սեղան նստած է, գրախօսականներուս պարագային ալ կրցած եմ պահել գրողի արժանապատուութիւնս, չափն ու կշիռը, առանց գործի դնելու անտառէն ինծի ժառանգ մնացած գիշատիչի ախորժակս կամ հակումներս, ինչպիսին, անխնայ կերպով անձիս դէմ գործադրուեցաւ վերը յիշատակուած վիժածներու կողմէ, որոնց Զաւէն Սիւրմէլեանը խաղի բերած լարախաղաց ղեկավարը, ոչ եւս է…
Հայերս ծանօթ ենք կրքոտ ու խանդոտ մեր խառնուածքով ու յատկութեամբ: Տարիներով օտարութեան մէջ ապրած ու ա-մէն ցեղի ու գոյնի մարդոց հետ շփուած ըլլալուս պարագան, ին-ծի հարկ եղած փորձառութիւնը շնորհած է կարծեմ, այս հարցի շուրջ նման հաստատումներ կատարելով ճշգրիտ եզրակացութիւններու յանգելու:
Պէտք է ազգովին ճգնինք, աշխատի’նք մեր վրայէն թօթա- փել իրարատեացութիւնն ու մեր արժանաւորներու հանդէպ կրքոտ վերաբերմունք ցոյց տալու ախտը: Կարգ մը գրողներու եւ անոնց աշխատակցած թերթերու խմբագիրներուն ստորին, օտարոտի պահուածքը, անհաւատալի կու գայ խելքը գլուխը, հայրենասէր ընթերցողին ու գրող-մտաւորականին…
Անձնական բնոյթ չտալու համար գրութեանս, խուսափեցայ խաւարի ասպետներուն անունները յիշատակելէ: Պատմութիւնը եւ ամէնակարող ժամանակը արդէն անոնց հաշիւը կը տեսնէ եւ զանոնք կը շպրտէ, հոն ուր կը պատկանին՝ մոռացութեան գիր-կը…
Այս երանելիներու կողքին կը գործէ նաեւ երկերես կեղծաւորներու շողշողուն խմբակ մը, որ երեսիդ կը խնդայ, «Դուն ես, դուն ես» շողոմելով, ապա հազիւ կռնակդ դարձնես, կը փորձէ քեզ կռնակէդ դաշունահարել մաֆիոզի անխղճութեամբ:
Զգո՜յշ ըլլանք, այս վերջինները՝ միւսներուն չափ վտանգաւոր են…
Մեզի կը մնայ չյուսահատիլ ու բոլորուիլ մաքուր հոգիով, որակաւոր, իրաւ տաղանդներու շուրջ եւ անոնց բարոյական ուժով ու երկնած վաւերական գրականութեամբ սնանիլ: Վերջին հաշուով անոնց պիտի վստահուի հայ գրականութեան առաջ- նորդի դերը, ինչպէս նաեւ առաջնորդողի ցուպը:
Ուրիշ ելք չունինք…