2010-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 31-րդ Նաւասարդեան խաղերը տեղի ունեցան Նիւ Ճըրզիի մէջ, Շաբաթ Յուլիս 1-էն մինչեւ Երկուշաբթի Յուլիս 3, նախաձեռնութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, hովանաւորութեամբ՝ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանի կապ՝ Վահէ Թանաշեանի եւ հիւրընկալութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին: Բացման հանդիսութեան նաեւ ներկայ էին Հայր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեան՝ Առաջնորդական Փոխանորդ Արեւելեան թեմի, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Մարալ Աբրահամեան, Հ.Մ.Ը.Մ. Քանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Արպի Ղազարեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ Թալին Տաղլեան, եւ Հ.Ե.Դ. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Անի Խաչատուրեան եւ Մեղրի Տեր Վարդանեան:
Խաղերուն բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ramapo College» վազքի եւ ոտնագնդակի դաշտը, Կիրակի Յուլիս 2 յետմիջօրէին ժամը 2-ին: Տողանցքը առաջնորդեցին դրօշակակիր սկաուտներ, Նիւ ՃըրզիԻ մասնաճիւղէն թմբկահար սկաուտներ, Շրջանային Խմբապետն ու Խմբապետուհին եւ շրջանին բոլոր մասնաճիւղերէն տարազաւոր սկաուտներ, արենոյշներ, գայլիկներ, արծուիկներ եւ մոկլիներ: Սկաուտներուն հետեւեցան յաջորդաբար իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մարզիկները, Շրջանային Մարզական Յանձնախումբի անդամները, եւ վերջապէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա․Մ.Ն.-ի պատուիրակութեան մարզիկներ, որոնք մասնակցեցան Հայաստան կայացած Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ մարզախաղերուն։ Անոնք արժանացան տղոց պասքեթպոլի ախոյեանի բաժակին: Օրուան հանդիսավար Նայիրի Գաբրիէլեան, կատարելէ ետք բարի գալուստի խօսքը, հերթով հրաւիրեց Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Գէորգ Փայասեանը, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Խաչատուրեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Մարալ Աբրահամեանը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեանը եւ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ՝ Հայր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեանը որ փոխանցեն իրենց պատգամները:
Երեք օրերու վրայ երկարող խաղերու ընթացքին՝ դաշտերու վրայ, թէ ամենուրէք Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկը հանդիպեցաւ իր հարազատներուն, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի զանազան մասնաճիւղերէն՝ Ալպընի, Պոսթըն, Շիքակօ, Տիթրոյթ, Ֆլորիտա, Մէրիմաք Հովիտ, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Ֆիլատելֆիա, Փրովիտենս եւ Ուաշինկթըն, ինչպէս նաեւ Քանատայէն ժամանած Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերէն: Մարզախաղերուն մասնակցեցան 70 խումբեր, բաղկացած 500 մարզիկներէ՝ կողովագնդակի (պասքեթպոլ), ոտնագնդակի (ֆութպոլ), վոլիպոլի, վազքի, լողի եւ ճատրակի մարզաձեւերուն:
Բոլոր մարզիկները, սկաուտները եւ համակիրները, խումբ առ խումբ ժամանեցին Նիւ Ճըրզի, ուր տեղի ունեցաւ մանաճիւղերու պատասխանատուներու կարճ ժողով մը, բացատրելու շաբաթավերջի մարզախաղերու դասաւորումը, օրէնքները եւ խստապահանջ կարգապահական պայմանները:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տարեկան այս մարզական խաղերը, առիթ մըն են սատարելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վսեմ նպատակին, երբ շրջանի մասնաճիւղերէն, ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ եւ համակիրներ, գօտեպնդուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շունչով եւ ոգիով, կը հաւաքուին Նաւասարդեան խաղերու դրօշին տակ՝ մրցելու՝ հայկական ազնիւ ոգիով, ստեղծելու՝ խանդավառ մթնորոլտ մը, ծառայելու՝ «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին, եւ միշտ ի միտի ունենալով, թէ այս խաղերէն յաղթական դուրս պիտի գայ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը:
Ծնողներ ու բարեկամներ ոգեւորիչ եռանդով մուտք կը գործէին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու թէ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է մեր հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ:
Շաբաթ Յուլիս 1-ին հիւրընկալ մասնաճիւղը կազմակերպեց պարահանդէս Hilton Hasbrouck Heights պանդոկի սրահը, ուր Նիւ Ճըրզիի գաղութէն նշանաւոր երգիչ Կարօ Թորոսեանը եւ իր նուագախումբը խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին ներկաներուն:
Կիրակի Յուլիս 2-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պանդոկի սրահէն ներս: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հանդիսավար Գէորգ Փայասեան, ապա հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա․Մ.Ն. Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Խաչատուրեան, որ իր խօսքով նշեց այս խաղերուն յաջող ընթացքը, ան յիշեց նաեւ թէ այս առթիւ տարուած աշխատանքին հիման վրայ հարկ է հաստատել թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր յառաջդիմութեամբ կը շարունակէ պատրաստել ազգին ապագայի առաջնորդները:
Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեանը ներկայացուց իր խօսքը, եւ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ՝ Հայր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեանը փոխանցեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանին հայրական պատգամը եւ օրհնութիւնը:
Խաղերուն յաղթանակի ճաշկերոյթը նաեւ առիթ եղաւ յատուկ գնահատանքի տուչութեան: Շրջանային Վարչութիւնը, ընդառաջելով Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին առաջարկին, երկարամեայ նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եւ նախկին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Մեսրոպեանին պարգեւատրեց միութեան Ծառայութեան Շքանշանով: Շքանշանին ներկայացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Խաչատուրեանը, ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Նիւ Ճըրզիի Մասնաճիւղի Վարչութեան ներկայացուցիչներուն:
Երեկոն խանդավառեց սիրուած երգիչ Յարութ Պետրոսեան, որ այս առթիւ եկած էր Քանատայէն յատուկ հրաւէրով:
Երկուշաբթի Յուլիս 3-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պարահանդէս՝ կրկին Hilton Hasbrouck Heights-ի սրահէն ներս: Պարահանդէսը խանդավառեց նշանաւոր երգիչ Էլի Պէրպէրեան, որուն միացաւ DJ Riot: Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխումը: Ամենաբարելաւուած Մասնաճիւղի բաժակը ստացաւ Ֆլորիտայի մասնաճիւղը, իսկ Տիպար Մասնաճիւղի «Եղբայր Արամ Կաւուր» բաժակը ստացաւ Պոսթընի մասնաճիւղը: Երէց Տղոց Վոլիպոլի «Եղբայր Համօ Սարտարապէկեանց» բաժակը ստացաւ Մէրիմաք Հովիտի մասնաճիւղը: Երէց Տղոց Պասքեթպոլի «Եղբայր Մարք Ալաշայեան» բաժակը ստացաւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղը:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով շաբաթավերջի միջոցառումին վրայ, առանց վարանելու կարելի է հաստատել թէ շրջանս հարուստ է ազգային բարձր գիտակցութեան տէր կամաւորներով, ըլլան անոնք ծնողք թէ պատասխանատու:
Անգամ մը եւս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը յաղթական դուրս եկաւ:
Յատուկ գնահատանքի արժանի է հիւրընկալ Նիւ Ճըրզի մասնաճիւղը եւ շրջանային մարզական յանձնախումբը:
Բոլորին վարձքը կատար:
Խումբերու ընդհանուր դասաւորում.-
Մասնաճիւղ Կէտ
1.- Նիւ Եորք 75 կէտ
2.- Պոսթըն 48 կէտ
3.- Փրովիտենս 38 կէտ
4.- Ուաշինկթըն 23 կէտ
5.- Նիւ Ճըրզի 15 կէտ
6.- Ֆլորիտա 13 կէտ
7.- Շիքակօ եւ Մէրիմաք Հովիտ 12 կէտ
8.- Մոնրէալ եւ Ֆիլատելֆիա 4 կէտ
9.- Ալպընի, Տիթրոյթ եւ Թորոնթօ 0 կէտ