Յետ կարճատեւ հիւանդութեան, հողին յանձնուեցաւ Տիթրոյթի հայ համայնքի կազմաւորման եւ կենսունակութեան աշխատանքներուն իր անսակարկ նուիրաբերումը ունեցած Յարութ Մատոյեան։
14 Սեպտեմբեր 1946-ին, Հալէպի մէջ հասակ առած եւ աւուր հացի պայքար մղած պատանի Յարութը միացած էր Հ․Մ․Ը․Մ․-ի շարքերուն եւ իր տիպար կեցուածքով եւ աշխոյժ մարզիկի կերպարով դարձած էր բոլորին սիրելի եղբայր Յարութը՝ զբաղեցնելով պատասխանատու պաշտօններ եւ անդամակցելով ոտնագնդակի Ա. Խումբին։ Այդ տարիներու Հալէպի Հ․Մ․Ը․Մ․-ական կեանքի վերյուշը կարելի չէ առանց եղբ. Յարութի յիշատակման։
Երիտասարդութեան սեմին եղբայր Յարութը կը միանայ Հ․Յ․Դ․ շարքերուն եւ կը դառնայ հաւատաւոր զինուորն ու գաղափարի մարտիկը իր պաշտելի կուսակցութեան: Այնուհետեւ երկար տասնամեակներ ընկեր Յարութը ամէնուրեք կը մնայ պատնէշի վրայ։
Անուրանալի է ընկեր Յարութի նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի ներդրումը Տիթրոյթի Հայ Կեդրոնի հիմնադրման աշխատանքներուն մէջ։ Արցախեան գոյապայքարի տարիներուն եւս կ՚երեւեփէր դաշնակցականամիտ ընկեր Յարութի ներաշխարհը եւ իր լուման կ՚ընծայաբերէր գաղափարակից մարտիկներու սանձազերծած պայքարին։
Կեանքի վերջին տարիներուն, ինքնամեկուսացած եւ ֆիզիքապէս տկարացած, իր մենութեան մէջ իսկ կ՛ապրէր հայրենիքի կարօտով, կը տագնապէր հայ ժողովուրդը յուզող հարցերով, կը հաւատար հայրենիք-սփիւռք անքակտելի կապին եւ մա՛նաւանդ ինքզինք կը դաւանէր հաւատաւոր մասնիկը այն կուսակցութեան, որ դարձած էր իր գաղափարական-բարոյական նկարագրի հնոցը…
Հ․Յ․Դ․ «Ազատամարտ» կոմիտէի անունով դամբանական կարդաց ընկեր Շանթ Ժամկոչեան, դրուատեց ընկերոջ անբասիր նկարագիրն ու զոհաբերութեան ոգին, ընդգծելով.-«Գաղութիս Հայ Կեդրոնի կառուցման եւ պարտամուրհակի վճարման աշխատանքներուն շատ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ, զօրաշարժի ենթարկելով իր շրջապատն ալ։ Երբ այս օրերուն կը խօսինք Նովայի մեր նոր Հայ Կեդրոնի կառուցման մասին, կ՚անդրադառնանք Յարութ Մատոյեանի եւ իր ընկերներուն կատարած հսկայական իրագործումին։ Ամէն անգամ որ Հայ Կեդրոն մտնենք, կը զգանք անոնց ոգեղէն ներկայութիւնը։…Ամէն առիթով, երբ կը խօսէր իր ընկերական յիշատակներուն մասին, դէմքին վրայ կ՚ուրուագծուէր ժպիտ մը, որ ուրիշ բան չէր, քան արտայայտութիւնը իր խոր հոգեկան գոհունակութեան եւ հպարտանքին։…Գործեց հաւատքով, ծառայեց ամենայն համեստութեամբ, հեռու լուսարձակներէ եւ ամպիոններէ, մնաց խոնարհ հերոս ցկեանս։…Հանգի՛ստ ննջէ անկեղծ գաղափարի ընկեր, պիտի շարունակենք մեր գործը, դաշնակցական վեհ, քաջ ընկեր»։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…
Սգակիր ընկերուհի