Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը յայտնէ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» խորագիրով ուսումնասիրութիւններու մրցանք-ծրագիրին մեկնարկը` նպատակ ունենալով համախմբել հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ: Սոյն մրցանքը կը նախաձեռնենք նկատի ունենալով Արցախի դիմագրաւած ճակատագրական ժամանակաշրջանը եւ անհրաժեշտութիւնը տեսնելով հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը ծառայեցնելու Հայ դատին եւ մասնաւորաբար Արցախին:
Ծրագրին հիմնական նպատակն է մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը` քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքննողական լրագրութեան բնագաւառներու մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու` արդիւնաւէտ օգտագործման համար:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի 20-35 տարեկան` ուսանողութեան մասնակցելու սոյն ծրագրին:
Մասնակիցներուն աշխատանքին պիտի վերահսկեն հանրայայտ դէմքեր իբրեւ` խորհրդատուներ (mentors):
Դիմումնագիրները եւ անոր կից նպատակային բացատրագիրները պէտք է լրացնել մինչեւ սոյն թուականի յուլիս 31` այցելելով հետեւեալ կայքը` studentsforartsakh.am:
Ուսումնասիրութիւններու յանձնման վերջնաժամկէտն է սոյն թուականի Հոկտեմբեր 1-ը:
Տեղեկացնենք, որ ծրագրին համար նախատեսուած են հետեւեալ նիւթերը եւ խորդհրդատուները.
Նիւթեր`
Արցախի շրջափակման կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ:
Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան:
Միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն` Բերձորի միջանցքի արգելափակումը իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն:
Սիրանուշ Սահակեան, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի հայկական կեդրոնի ղեկավար:
Ատրպէյճանի քաւիար դիւանագիտութիւնը (caviar diplomacy) Եւրոպայի մէջ:
Հեղինէ Էվինեան, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէնուհի:
Ատրպէյճանի եւ Ալիեւի ընտանիքի օտարերկրեայ ներդրումներու հիմնական ուղղութիւնները եւ փտածութեան դրսեւորումները:
Յարութ Սասունեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր:
Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրարկելիութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ զսպող գործօն:
Արամ Համբարեան, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն:
Ատրպէյճանի ուժանիւթի քաղաքականութիւնը (Energy policy) Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հետ:
Եղիա Թաշճեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հետազօտական կեդրոնի գիտաշխատող:
Ազգ-բանակ գաղափարի իրագործման անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Զօր. Տիրան Խաչատրեան, Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետի նախկին տեղակալ:
Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւններ:
Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն:
Ատրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններ:
Էդգար Էլբակեան, «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական ՀԿ համահիմնադիր:
Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներու հետ:
Աբրահամ Գասպարեան, «Ճենեսիս Արմինիա» կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն:
Պատմութեան խեղաթիւրման Ատրպէյճանի քաղաքական եւ ակադեմական փորձերը:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար:
Արցախի մէջ այլընտրանքային ջրային պաշարներու կարողականութիւնը (unconventional water resources):
Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ ջրային պաշարներու մասնագէտ:
Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը:
Գարեգին վրդ. Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար:
Արցախի տնտեսութեան դիմադրողականութեան բարձրացման կարելիութիւնները:
Սուրէն Բարսեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու:
Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութեան կարեւորութիւնը Արցախի մէջ:
Վիգէն Աշգարեան, Մարդասիրական օժանդակութեանց միջազգային կազմակերպութեան աշխատակից:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք արցախահայութեան ուղղուած հայկական մարդասիրական օժանդակութիւնները:
Լիլիթ Մարտիրոսեան, Արցախի Հ.Օ.Մ.-ի միաւորի ատենապետուհի:
Արցախի հիմնահարցը միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ:
Մարիօ Նալպանտեան, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ:
Յայտնենք, որ ուսումնասիրութիւնները պիտի գնահատուին հետեւեալ չափանիշներով. արդիականութիւն, կիրառական նշանակութիւն, հետազօտական աշխատանքի տարողութիւն, աշխատանքի առարկայական հիմնաւորութիւն, թեքնիք պահանջներու յարգում:
Քաջալերելի է մրցանքին մասնակցութիւնը նաեւ խմբակներու յառաջացմամբ: Ուսանողները կրնան կազմել առաւելագոյնը 3 անդամ ունեցող խմբակներ:
Պատրաստուած նախագիծները պիտի քննուին խորհրդատուներէ բաղկացած դատական կազմի մը կողմէ: Մրցոյթին մասնակցած բոլոր ուսանողները պիտի ստանան խորհրդանշական նուէրներ: Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները պիտի ստանան կրթաթոշակ: Առաջին մրցանակին արժանացած իւրաքանչիւր ուսանող 1000, երկրորդը 750, իսկ երրորդը 500 ամերիկեան տոլար դրամական պարգեւներ:
Մրցոյթի աւարտին պիտի գումարուի առցանց խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր աշխատութիւնները լոյս պիտի տեսնեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի էջերուն մէջ:
Նշենք, որ մրցոյթին արդիւնքները պիտի հրապարակուին Նոյեմբեր 1-ին, իսկ լուսաբանութիւններու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել հետեւեալ հասցէին` ayf@arf.am: