Բեղուն շաբաթավերջ մը բոլորեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընտանիքը, իր անդամներով, քոյր միութիւններով եւ համակիրներով: Այս ձեռնարկները, իրենց մակարդակով եւ արդիւնքով փաստեցին թէ 120 տարի առաջ յանուն սուրբ գործին համար կոչ ուղղած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը տակաւին միաւորելու եւ միացնելու գաղափարով ու վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն սկսած երթը:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2010ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ շքեղ ճաշկերոյթդրամահաւաքով, ապա յաջորդ օր՝ Կիրակի, Նոյեմբեր 21, կէսօրէ ետք ժամը 3:00էն սկսեալ, Նիւ Եորքի մէջ բարձր մակարդակի զրոյց գիտաժողով, կատարուեցան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան 120ամեակի կեդրոնական ձեռնարկները:
Այս հանդիսութիւնները, իրենց յաջողութեամբ, ցոյց տուին թէ ժողովուրդը հերթական անգամ իր հաւաքական ճակատագիրը այս կազմակերպութեան առաջադրանքներուն մէջ տեսնելու փաստը տուաւ իր ներկայութեամբ, զօրակցութեամբ, գիտակցուած ընդառաջումներով:
Այս ձեռնարկները փաստեցին թէ ժողովուրդը պատրաստ է զօրակցելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան դաւանած արժէքներուն պահպանման եւ առաջադրած ծրագիրներուն իրականացման, եւ նկատառելի չափով միանալու 120ամեայ կազմակերպութեան շարքերուն, այդ կազմակերպութեան ճամբով ծառայելու Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:
Առաջին հերթին, Շաբաթ Նոյեմբեր 20ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ դրամահաւաք, տէր եւ տիկին Վահէ եւ Շաքէ Նահապետեաններու բնակարանէն ներս:
Մօտաւորապէս ութսուն ներկաներ, ժամանած էին, այս ձեռնարկին, որուն ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ՝ Վիգէն Յովսէփեան, Հայկ Օշական եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Նաեւ ներկայ էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հ.Հ. մնայուն դեսպան Կարէն Նազարեան:
Խօսք առաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Անդրանիկ Գասպարեան, որ յայտնեց թէ ժողովուրդին հետ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործած է եւ կը շարունակէ գործել տարբեր ոլորտներու մէջ:
«Հայապահպանման եւ հայ դատի համար շարունակ գործած, այսօր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը լոպիինկի աշխատանքի կողքին, նաեւ գործի լծուած է թուրք այլախոհներու հետ գործունէութեան դաշտ մը ստեղծելով, յաչս՝ հայոց եղեռնի պատշաճ ճանաչման, նաեւ Արցախի զանազան շրջաններէն ներս վերաբնակեցման աշխատանք տանելով:
Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար…Այսպէս եղած ենք, այսպէս ալ պիտի ըլլանք…ամէնայն ինքնավստահութեամբ եւ հպարտութեամբ…» եզրակացուց Կ.Կ.ի ներկայացուցիչը, որ ապա խօսքը փոխանցեց օրուան պատգամաբեր Վիգէն Յովսէփեանին:
«Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրը ամէն բանէ առաջ աշխատանքային արդիւնքով ժողովուրդին ներկայանալու օրն է: Այսօր հայութիւնը ազգովին կը գտնուի փնտռտուքի մը հանգրուանին մէջ, որ եթէ նոյնիսկ գիտակցական չէ, առնուազն բնազդային պահանջ մըն է՝
գտնելու համար տեսութիւն մը, որ կրնայ բացատրել հայ ազգի արդի պատմութիւնը, բնորոշել հայութեան ազգային իրականութիւնը եւ պատկերացնել ապագայի տեսլական մը:
Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, Դաշնակցութիւնը պատնէշի վրայ է, հպարտօրէն եւ հաստատակամօրէն փոխանցելու ազգայինքաղաքական նորագոյն զարգացումներուն առընթեր, իր որդեգրած քաղաքականութիւնը, դիրքորոշումները, անոնց հիմնաւորումները եւ այդ կեցուածքներուն հիման վրայ առնուած քայլերը», ըսաւ Յովսէփեան, որ նաեւ աւելցուց թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործած է ի նպաստ հայութեան շահերուն:
«Սփիւռքեան կառոյցները հզօրացնելը, սերունդներ հայ պահելը, հաստատութիւններու աւելի նորը, աւելի մեծը եւ աւելի լաւը կառուցելը կþարդարացուէր ա°յն բացատրութեամբ, որ աւելի հզօր եւ կազմակերպ սփիւռքը աւելի ծաւալուն ու գործօն մասնակցութիւն կը բերէ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ», աւելցուց պատգամաբերը, որ իր խօսքը եզրակացուց յայտնելով թէ այսօր ազգային քաղաքական օրակարգի պահանջն է ազգի բովանդակ կարողականութեան եւ ներուժին հաւաքագրումը՝ զանոնք նպատակաուղղելու համար հայ ժողովուրդի ազգային իտէալներու իրականացման գործին ուղղութեամբ:
Նաեւ, խօսք առաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հ.Հ. մնայուն դեսպան Կարէն Նազարեան, որ շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ.ին 120ամեակը եւ յայտնեց թէ այս փորձառու կուսակցութիւնը միշտ ալ մնացած է եւ պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, շարունակ ծառայելով Հայաստանին եւ հայութեան:
Ապա կատարուեցաւ դրամահաւաք: Ցարդ կարելի եղած է ապահովել 150.000 տոլար: Այս գծով, նշենք թէ, յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի կատարուին այլ 120ամեակի ձեռնարկներ եւ այդ պատճառով, նուիրատուութիւններու շարքը դեռ չէ աւարտած:
Կիրակի կէսօրէ ետք, Նիւ Եորքի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի շուրջ, զրոյց մը, մասնակցութեամբ տոքթորականներ՝ Դաւիթ Գրիգորեանի, Տեննիս Փափազեանի, Արա Սանճեանի, Գուրգէն Սարգիսեանի, Հրաչ Զատոյեանի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Անդրանիկ Գասպարեանի:
Հրապարակային քննարկումի իւրօրինակ ձեւեր են Դաշնակցութեան հիմնադրութեան յոբելեաններու նշումները, երբ հետեւողը կամովին, քննական հայեացքներէ ետք կը կատարէ իր գիտակցական դիրքորոշումը:
Այսպէս, յստակօրէն ընդգծուեցաւ, որ ճակատագրորոշ հանգրուաններ կը սպասեն մեր հայրենիքին եւ հայութեան: Վտանգներու ահազանգումը եւ զանոնք յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը ունին յստակ մեկնակէտային նախապայման, որ համախմբումով կը թարգմանուի, որ համահայկական հանդուրժողականութեան կարեւորութիւնը կ’ընդգծէ եւ դիմադրողականութեան հզօրացումով մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին հրամցուող ներկայ ու գալիք ճնշումներուն արգելակիչ գործօնի դեր կը կատարէ: