ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՈՒՂԻՈՎ

0 0
Read Time:3 Minute, 11 Second

Հայ Դա­տը ար­ծար­ծող­նե­րուն շրջա­նա­կը բա­ւա­կան ըն­դար­ձակ է ար­դէն: Այն­քան մը, որ ան  հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէ դուրս գա­լով, բաց­ուած է մի­ջազ­գա­յին աշ­խար­հին: Եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով, կը խօս­ուի, կ’ար­ծարծ­ուի եւ վեր­լուծ­ման կ°են­թարկ­ուի պե­տա­կան, կու­սակ­ցա­կան, մի­ջազ­գա­յին եւ տե­ղե­կատ­ուա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ:

Բնա­կան էր այս­պի­սի երե­ւոյթ, ար­դիւնք եւ ըն­թացք, մա­նա­ւանդ որ երբ դա­տը մարդ­կա­յին դատ է, ու­րեմն մար­դիկ վաղ թէ ուշ ան­պայ­ման պի­տի սթա­փին եւ պի­տի անդ­րա­դառ­նան ու են­թա­գի­տակ­ցին, թէ այդ դա­տը նա­եւ իրենց դատն է, իբ­րեւ շնչող էակ՝ մարդ, Աշ­խարհ կո­չեց­եալ վիթ­խա­րի բնա­գա­ւա­ռին մէջ:

Պայ­քա­րե­ցաւ Եղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած հա­յոր­դին եւ այդ ալ հո­սանքն ի վեր… հա­րա­զատ­նե­րու կո­րուս­տի ար­հա­ւիր­քով ապ­րած, մերթ ցա­ւով, մերթ վիշ­տով: Այս պոռթ­կու­մին ցայ­տուն օրի­նակն է Հայ Դա­տի փաս­տա­բան՝ Վա­հան Գար­տաշ­եա­նի պա­րա­գան, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Հայ Դա­տի ան­տես­ման մութ օրե­րուն, ոգի ի բռին պայ­քա­րե­ցաւ ի գին ար­դա­րու­թեան: Դեռ աւե­լին, Գար­տաշ­եան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան արար­քէն ամիս­ներ առաջ, նա­խա­տե­սե­լով նման զար­հու­րե­լի արարք, փոր­ձած էր կան­խել զայն, դի­մե­լով կա­ռա­վա­րա­կան ազ­դե­ցիկ մար­մին­նե­րու, որոնց կար­գին Ա.Մ.Ն.-ի պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րա­րին:

Սա­կայն, Գար­տաշ­եա­նի ճի­գե­րը ապար­դիւն դուրս եկած էին եւ անոր կո­չե­րուն ոչ մէկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծայ­ուած…որուն ար­դիւնք, թէ­եւ տուայ­տան­քով եւ մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րու, գէթ անել­նե­րու առ­ջեւ գտնուե­լով, Հայ Դա­տի ուղի­ին վրայ տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը դան­դա­ղօ­րէն սկսած էին գոր­ծել:

Այ­սօր, ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մով նա­եւ փոխ­ուած է հե­տապնդ­ման թա­փը: Հայ Դա­տի մա­սին շա­րու­նակ կը խօ­սին տար­բեր եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­ներ, որոնք նոյ­նիսկ այս մա­սին, ամէ­նայն յանդգ­նու­թեամբ որո­շում­ներ կու տան, օրէնք­ներ կ°որ­դեգ­րեն, բա­նա­ձե­ւեր կը քու­է­ար­կեն:

Ազ­գա­յին, պատ­մա­կան, իրա­ւա­կան, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, հո­գեմ­տա­ւոր, տնտե­սա­կան, կրթա­կան եւ այլ  յա­րա­բե­րա­կան առն­չու­թիւն­նե­րով պար­փակ­ուած ու բնու­թագր­ուած՝ Հայ Դա­տը, ստա­ցած է իր եզա­կի հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը:

Հայ Դա­տի ջա­հը վառ է, եւ եր­բեք պի­տի չշի­ջի, այն­քան ատեն որ ու­րա­ցում եւ իւ­րա­ցում գո­յու­թիւն ու­նի, այն­քան ատեն որ ոճ­րա­գոր­ծը չէ ըն­դու­նած իր ոճի­րը եւ այս­ուա­մէ­նայ­նիւ հա­տու­ցում չէ կա­տա­րած:

Ի գին ար­դա­րու­թեան կանչն ալ վե­րած­ուած է այլ տե­սա­կի «անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տան» մը, շա­րու­նակ գո­ռա­լով, պոռթ­կա­լով եւ Ցե­դաս­պա­նու­թեան պատ­շաճ ճա­նա­չում եւ հատուցում պա­հան­ջե­լով:

«Հայրենիք»

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles