Երեւանի Կոնդ շրջանէն ներս բազմիցս կարելի է հանդիպիլ տուներու, որոնց երդիքը կը վխտայ վանդակներով եւ անոնց մէջ բնակութիւն հաստատած աղաւնիներով:
Այդտեղի բնակիչներուն համար, հաճոյք է բարձրանբալ երդիք, բանալ այդ վանդակներուն դռները եւ առիթ ընծայել այդ աղաւնիներուն, որպէսզի իրենց երամով ման գան եւ ընբոշխնեն Երեւանը…վերէն՝ բարձրէն դիտուած:
46ամեայ Դաւիթ Ստեփանեանն ալ այդ բազմաթիւններէն է, որ իր տրամադրութեան տակ ունի այդ մարդամօտ թռչնազգիներու երամ մը եւ ամէնայն խանդավառութեամբ…
կը կազմակերպէ անոնց տեղական թռիչքը: Փոքր տարիքէն անոր երազն էր ,թռչիլ» աղաւնիներուն հետ դէպի երկինք…
Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի