Անցեալ Կիրակի, Նոյեմբեր 7-ին, Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ, նշուեցաւ Հ.Յ.Դ. 120-ամեակը, կազմակերպութեամբ Պոսթընի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» կոմիտէութեան եւ Հ.Ե.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» մասնաճիւղին:
Աւելի քան 250 ներկաներ ժամանած էին սրահ, ուր բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ տողանցքով, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տեղւոյն մասնաճիւղի սկաուտներուն: Բացման խօսքը փոխանցեց Սիրան Թամաքեան, որ շեշտեց թէ տարիները կը թաւալին եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր սուրբ աշխատանքը, հակառակ ստեղծուած բոլոր դժուարութիւններուն:
Օրուան դասախօսն էր Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. «Շիրակեան» Կեդրոնական Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեան, որ անգլերէն ապա հայերէն լեզուով, կարճ պատմականով մը տեղեկացուց թէ իր ծննդեան թուականէն ի վեր, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ծառայած է հայութեան եւ հայրենիքին:
Ան աւելցուց թէ հայութիւնը իր նորագոյն անկախ պետականութեան երկրորդ տասնամեակը ամբողջացնելու վրայ է: Սկզբնական շրջանի խորհրդանշապաշտութիւնը տեղ տուած է առարկայականութեան եւ իրապաշտութեան: «Ընդունինք որ Խանդավառութիւնը տեղ-տեղ փոխարինուած է կասկածով, յաճախ անտարբերութեամբ, վերջերս ալ՝ վախով: Հարցերը բազմատեսակ ու բազմաթիւ են եւ անոնց քննութիւնը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ: Ո՞ւր կþերթանք ազգովին, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր յաջորդ հանգրուանը: Ժամանակն է կատարելու առժամեայ հաշուեկշիռ մը: Ի՞նչ ունէինք անկախութենէն առաջ եւ ի՞նչ ունինք այսօր: Ի՞նչ աւելցած է եւ ի՞նչ պակսած է: Ի՞նչ պէտք է ընել հաւաքականութեան վաղուան գոյութիւնը ապահովելու համար: Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի վաղը աւելի ընդունելի ըլլայ, քան՝ այսօրը: Վստահ եղէ’ք որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը կատարէ եւ պիտի կատարէ ամէն բան, որպէսզի ազգն ու հայրենիքը օգտուին:Այսօրուան պայմաններուն մէջ հաւաքական ճիգի արդիւնաւէտ գործածութիւնը կþենթադրէ հայութեան բոլոր հատուածներու բարոյահոգեբանական եւ առարկայական գործօններու համադրում, ինչ որ իր կարգին կը պահանջէ այդ հատուածներուն համարկումը՝ իրարու աստիճանական ընդելուզումը:…Ներկայիս Հայաստանէն տնտեսական արտագաղթի պատճառով հայութիւնը դարձած է աշխարհացրիւ»:
«Տարբեր պայմաններ, տարբեր կացութիւններ, տարբեր երկիրներ, գաղութներ…այս բոլորը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցան Հ.Յ.Դաշնակցութեան վրայ, որ միշտ ալ կը ծառայէ հայութեան եւ հայրենիքին…ինչ որ ալ ըլլան պայմանները…» եզրակացուց Գասպարեան: Ձեռնարկէն ետք, Քրիստափոր Արապեան ազգային – յեղափոխական երգերով, խանդավառեց ներկայ հոծ բազմութիւնը: Իսկ «Սայաթ Նովա» պարախումբը, իր կարգին ելոյթ ունենալով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:
Նախքան դասախօսութիւնը, տեղի ունեցած էր ճաշկերոյթ եւ կատարուած՝ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: