Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
16 Փետրուար 2023
ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԿԵՐ. Հայաստան որոշեց 400 հազար տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւն տրամադրել՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժէն վնասուողներու համար: Որոշումը հրապարակուեցաւ Վարդանանց տօնին օրը: (Ի՜նչ զուգադիպութիւն): Օժանդակութեան առաջին՝ անմիջական մասը քանի մը օր առաջ Թուրքիա հասաւ Մարգարայի կամուրջին ճամբով, իսկ Սուրիոյ բաժինը՝ օդանաւով: Եւ ահա, Արարատ Միրզոյեանի եւ շքախումբին Թուրքիա այցելութեան յաջորդ օրը, հրապարակ եկաւ Անիի պատմական կամուրջի վերակառուցման եւ Հայաստան-Թուրքիա երթեւեկի համար երկրորդ ճամբու մը հեռանկարը (մոռցուած, որ ճամբաներու բացումը նախ եւ առաջ «երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն» շնորհ պիտի բերէ): Պէտք է ցնծալ, որովհետեւ ասոնք վաղը կրնան Թուրքիոյ համար ըլլալ Հայաստան ներխուժումի (նաեւ զինուորապէս) ճամբաներ, ինչպէս որ Ատրպէյճան աչքը դրած է Սիւնիքին եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ: Թուրքիա կիսաջերմ տրամադրութեամբ կ’ողջունէ Երեւանի վարիչներուն խաղաղասիրական այս քայլերը, սակայն կը յիշեցնէ, որ իր նախապայմանները չեն փոխուած: (Մերոնք կը շարունակեն քարոզել, թէ նախապայմաններ չկան): Բերձորի ճամբան կը մնայ կղպուած, հայ-թրքական բանակցութեանց այս նորագոյն օղակը նոր փաստ մը կը բերէ, թէ Երեւան Արցախի կողմը նայելու տրամադիր չէ, իսկ Ատրպէյճանի (ըսել է նաեւ Թուրքիոյ) կեցուածքին մէջ բարեշրջում չկայ՝ Երեւանի (չըսենք ստրկամիտներուն) խաղաղասիրութեան դիմաց: Ոմանք հարց կու տան, թէ բանակցութեանց մասին հրապարակումներէն անդին, արդեօք ինչպիսի՞ գաղտնի համաձայնութիւններ կը նիւթուին դարձեալ, որովհետեւ նման հաւանականութիւններու ակնարկութիւն կ’ըլլայ, ըսելով որ անոնք տակաւին բացայայտելի չեն: Իսկ այս իշխանաւորը ատեն մը, մասնաւորաբար քուէ մուրալու օրերուն, կոկորդը կը պատռէր, թէ ժողովուրդի կռնակէն՝ գաղտնի համաձայնութիւններ պիտի չկնքէ, իսկ յետոյ, 9 Նոյեմբեր 2020-ը եղաւ միայն սկիզբ երկանց, իսկ Ալմա Աթայի պայմանագիրին սողալով յարութիւն առնելը տակաւին «շնորհի հարուած»-ը չէ:
ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՏԿԵՐ. Վարդանանց տօնին օրը, Երեւանէն լուր մը պայթեցաւ: Ոստիկաններ բռնի կերպով պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանած շէնքէ մը հեռացուցած են շուրջ 300 անօթեւան հայեր, որոնք հոն, ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐՏՕՆԱԳԻՐՈՎ, ապաստան գտած են վերջին տարիներուն: Անոնց շարքին են Արցախէն Հայաստան հասած գաղթականներ, ազատամարտիկներու ընտանիքներ եւ այլ դժբախտներ: Նորաստեղծ ներքին գործոց նախարարութեան ենթակայ ոստիկանները կը պնդեն, թէ իրենց առած քայլերը օրինական են, ըսել կ’ուզեն՝ բնակարան չունեցողները փողոց նետելը օրինական է: Կ’ըսուի, թէ այլապէս լքուած շէնքը՝ անցեալ տարի որոշուած է փոխանցել եկամուտներու վարչութեան (հը՜մ, մէկը յայտնապէս շահ պիտի ապահովէ անկէ): Արտաքսեալները իրաւունք չունի՞ն հարց տալու, որ այս կառավարութիւնը իրենց նկատմամբ գոնէ թուրք աղէտեալներուն չա՞փ ալ հոգածութիւն չի կրնար ցուցաբերել: Ո՛չ ոք հաշիւ կ’ընէ, թէ (մոռնանք շռայլուող պարգեւավճարներն ու այլ մսխումներ) արդեօք յիշեալ գումարէն Թուրքիոյ հասնելիք բաժինով, կարելի՞ էր այս դժբախտներուն բնակավայր պատրաստել: Յայտնապէս իշխանութիւնը կթան կովի վերածողներ նման ծրագիրներէ շահու յոյս չունին:
ԵՐՐՈՐԴ ՊԱՏԿԵՐ. Կառավարութեան նիստին հետեւողը ականատես-ականջալուր եղաւ… երկու Փաշինեաններու: Մէկը ըսաւ, որ Բերձորի ճամբուն փակումով՝ Ատրպէյճան կը պատրաստուի «էթնիկ զտում»-ի ենթարկել եւ նոր ցեղասպանութիւն գործել ընդդէմ հայ բնակչութեան, իսկ երկրորդը յայտարարեց, որ Հայաստան խաղաղութեան համար նոր առաջարկներ յղած է Ատրպէյճան եւ կը յուսայ, որ հաղորդակցութիւններու երեք փուլէ ետք նկատուած յառաջընթացը աւելի եւս զարգանայ: Առաջինին նկատումները ճիշդ են, գամը ճիշդ տեղը կը գամեն, երկրորդին՝ «յառաջընթաց» ըսածը արդեօք մօտաւորապէս 70 օրէ ի վեր փակ մնացող ճամբա՞ն է, հայկական դիրքերու եւ զինուորներու դէմ յաճախակի կրակոցնե՞րը, թէ «զանգեզուրի միջանցքը բռնի ուժով պիտի խլենք»-ները (խլուած հողեր, անոնց վրայ մշակութային ժառանգութեանց փճացում, գերիներ եւ նման բաներ… Մոռցէ՜ք. սովորական եւ արհամարհելու բաներ են արդէն: Անոնց համար ջ’արժեր գլուխ յոգնեցնել, քուն խանգարել): Պատկերին խորքը կը նշմարուի արձանագրութիւն մը. այս մարդն ու հետը քալողները իրենք զիրենք կտրած են գետնէն, իրակաութիւններէն, եւ կ’ապրին ցնորքներու եւ պատրանքներու մթնոլորտին մէջ, կը վարակեն նաեւ «ընտրեալ վարչապետ»-ին հաւատարիմ հաւատացեալները (չմոռնանք, որ կռապաշտութիւնը նոր ասպարէզ ունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ):
ՉՈՐՐՈՐԴ ՊԱՏԿԵՐ. Հայաստան կը պատրաստուի պատուիրակութիւն մը ղրկել Հնդկաստան, անկէ զէնք ապահովելու նպատակով (ի՜նչ լաւ. ի վերջոյ բանակը զինելու մասին մտածող կայ): Հարց չի տրուիր, թէ Հնդկաստանէն զէնք գնելու պարագային, Թուրքիա ու Ատրպէյճան պիտի չնեղանա՞ն: Չէ՞ որ անոնք դէմ են բանակին վերականգնումին: Չէ՞ որ Թուրքիա եւ Փաքիստան սերտ գործակիցներ են, իսկ Հնդկաստան սուր հարցեր ունի Փաքիստանի հետ, որ այլապէս Արցախի դէմ Ատրպէյճանի իրերայաջորդ թշնամանքներուն ջերմ պաշտաններէն եւ զօրակցողներէն է: Հարց չի տրուիր նաեւ, որ եթէ բանակը զինելու լուրջ ծրագիրներ կան, ինչո՞ւ նկատի չեն առնուիր ծանօթ դաշնակիցներն ու անմիջական հարաւի դրացին՝ Իրանը, որ իր կարգին բացայայտած է Հայաստանին նպաստ բերելու իր պատրաստակամութիւնը: Չարխօսիկներ կ’ըսեն, որ Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ, այն ալ՝ Վարդանանց տօնին առիթով, մոռնալ… Աւարայրի ճակատամարտը:
(Բաւականանաք այսքանով. մեր նպատակը պատկերասրահ բանալ չէ…)