Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Աղօթքներու Հետ Միատեղ Կ’արձագանգէ Հալէպի երկրաշարժէն Տուժած Բնակչութեան Կարիքներուն

0 0
Read Time:3 Minute, 25 Second

 

 

 

Լուիզա Ճանպազեան

 

Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է… Հետեւաբար պիտի չվախնանք՝ թէեւ երկիրը փոխուի, ու լեռները երերան եւ ծովուն մէջտեղը ձգուին, թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու խռովին, լեռները ցնցուին անոր ուռնալով։ Սաղմոս 46. 1-3

 

Հազիւ պատերազմի արհաւիրքէն ուշքի եկած եւ աննախադէպ տնտեսական տագնապով ճնշուած Սուրիահայ մեր գաղութը կանգնած է նոր աղէտի մը առաջ՝ անողորմ երկրաշարժը։ 2023 թուականի Փետրուար 6-ին, տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 4։17-ին, Հալէպ նահանգի բնակիչները ցնցուեցան 7.8 ուժգնութիւն ունեցող ահաւոր երկրաշարժով։ Աւելի ուշ անոր յաջորդեց եւս երկու ցնցումներ, որոնցմէ մէկը 7.5 ուժգնութեամբ, որուն յաջորդեց յաւելեալ  յետցնցումներ։

Բացի մարդկային կորուստներէ, բնակելի շէնքեր, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու շէնքներ ալ նոյնպէս մեծ կառուցուածքային վնասներ կրեցին, եւ ոմանք նոյնիսկ հիմնայատակ եղան։ Հալէպ քաղաքի վնասուած կառոյցներու մասին տեղեկութիւններ ստանալէ անմիջապէս ետք, Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ գործի լծուեցաւ օգնելու երկրաշարժէն տուժած մեր հայրենակիցներուն։ Սարսափահար եւ անօթեւան մնացած մարդիկ իրենց տուներէն փողոց ելան պատսպարուելու եկեղեցիներու եւ այլ կեդրոններու մէջ։ Աւելի քան 350 ընտանիքներ ապաստան գտան Բեթէլ Եկեղեցիի սրահներուն եւ բակին մէջ։ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նիւթական աջակցութեամբ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան քաջալերութեամբ, աղէտին առաջին արձագանգողները եղան անմիջական նիւթական աջակցութեամբ՝ հոգալով անմիջական եւ հիմնական կարիքներ, բարոյական աջակցութեան եւ աղօթքներու հետ մէկտեղ։ Բեթէլ եկեղեցին նաեւ յատուկ ծրագիրներ մշակեց եւ կազմակերպեց երեխաներուն համար Եկեղեցիի եւ դպրոցի շրջափակին մէջ՝ անոնց զբաղ պահելու եւ քաջալերելու համար։

Հինգշաբթի օր՝ Փետրուար 10-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանը այցելեց Բեթէլ Եկեղեցի եւ որպէս զօրակցութիւն ժամանակ անցուց պատսպարեալներուն հետ։ «Հայաստան եւ Արցախ իրենց մարտահրաւէրներով ու դժուարութիւններով միշտ մեզի հետ են եւ մեզ հետ կը կիսեն մեր ցաւն ու դժուարութիւնները։ Մեր ձեռքերը Հայաստանի եւ Արցախի մեկնելու փոխարէն, այժմ Հայաստանն է որ իր օգնութեան ձեռքը կ’երկարէ մեզի՝ յատուկ օգնութիւն ուղարկելով Սուրիա եւ պաշտօնապէս յանձնելով Սուրիոյ կառավարութեան», ըսաւ Վեր. Սելիմեան։

Մինչ զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը ամէն ժամ կը բարձրանայ, Բեթէլ Եկեղեցին կը շարունակէ ծառայել, քաջալերել եւ յոյս ներշնչել բոլոր անոնց, որոնք տուժած են Փետրուար 6-ի այս աւերիչ երկրաշարժէն։ Վեր. Սելիմեան կը յայտնէ թէ ներկայիս զոհերու թիւը շուրջ 1580 է, իսկ վիրաւորներու թիւը շուրջ 2500-2550։ Բեթէլ Եկեղեցիին մէջ ապաստան գտածներու թիւը սկսած է նուազիլ։ Ներկայիս անոնց թիւը 150-200 է, քանի անոնցմէ ոմանք կը վերադառնան իրենց տուները եւ կամ այլ բնակավայրեր։ «Մենք նոյն կերպով կը շարունակենք ծառայել անոնց», ըսաւ Վեր. Սելիմեան։ «Կը կերակրենք, կը քաջալերենք եւ յոյս կը ներշնչենք մեր աղօթքներով մէկտեղ։ Միաժամանակ սկսած ենք արձանագրել բոլոր փլուզուած եւ վթարային շէնքերը։ Յատուկ շինարարական փորձագէտներ եւ երկրաչափեր սկսած են այս աշխատանքին՝ գնահատելու զանոնք եւ մեզի ուղղութիւն տալու թէ ինչպէս եւ երբ կրնանք սկսիլ վերանորոգման աշխատանքներուն։ Դպրոցներուն հասած վնասները շուտով կը վերանորոգուին եւ յոյսով ենք որ Երկուշաբթի օր դասերը կը վերսկսին։ Մէկ կողմէն կը փորձենք նուազեցնել անոնց կրած ցնցումը, իսկ միւս կողմէն կը ջանանք բնական կեանքի նշաններ ցոյց տալ, որպէսզի այս ցնցուած վիճակէն վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին»։

Վեր. Սելիմեան նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները մօտ 40,000 շէնքեր գնահատած են վթարային եւ անյապաղ անոնց մէջ բնակողները պէտք է դուրս գան իրենց բնակարաններէն։ Այս շէնքերուն շուրջ 18,000-ը կը գտնուի Հալէպի եւ իր շրջաններուն մէջ։ «Այժմ մենք կանգնած ենք մէկ այլ ահազանգի առաջ։ Մարդիկ, որոնք կը խորհէին թէ պիտի կարողանան վերադառնալ իրենց տուները, արտօնուած չեն վերադառնալու։ Եւ այս մէկը մեր վրայ կը դնէ մէկ այլ պարտաւորութիւն՝ տուներ գտնել եւ վարձել այս ընտանիքները տեղաւորելու համար։ Այս անշուշտ բնական ընթացք մը չէ, քանի որ երեք սենեականոց տուներու մէջ իւրաքանչիւր սենեակի մէջ 5-6 հոգիներ կը տեղաւորուին, եւ այս մէկը անախորժ կենցաղային վիճակ մը կը ստեղծէ», ըսաւ Վեր. Սելիմեան։

«Մեր աղօթքն է որ Սուրիոյ մեր համայնքի տոկուն ոգին կրկին տիրէ այս վերջին աղէտի խորքէն բարձրանալով,» ըսաւ Զաւէն Խանճեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնը։

Ձեր աջակցութիւնը փրկարար օգնութիւն պիտի ըլլայ այս աւերիչ երկրաշարժի պատճառով տուժած մեր հայրենակիցներուն։ Ձեր նուիրատուութիւններուն եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել AMAA-ի կայքը՝ www.amaa.org

—————————

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի  կայքէջը www.amaa.org.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles