Գէորգ Պետիկեան
2023-ի Փետրուար 6-ն ալ պատմութեան անցաւ եւ համայն աշխարհի համար դարձաւ աւերակներով, արցունքներով, ցաւով եւ վիշտով խառնուած նոր թուական մը: Եթէ կ’ուզէք, կրկին Սպիտակի երկրաշարժը յիշեցնող սակայն այս անգամ 21-րդ դարու սարսափազդու թուական մը: Արդեօ՞ք տակաւին մարդ մնաց այս աշխարհի վրայ, որ տեղեակ չըլլայ կամ չտեսնէ այս ահաւոր երկրաշարժին պատճառած նիւթական եւ մանաւանդ մարդկային կորուստները:
Նոյն այս տխրահռչակ օրը, երբ աշխարհէն կտրուած, պարտէզիս ծառերով զբաղուած էի, յանկարծ հարեւանս, ցանկապատի միւս կողմէն, վէրք ստացող վայրի կենդանիի նման, ահաւոր ձայնով ճչաց:
-Հարեւա~ն, քո՛ Հալապը կործանուե~ց…:
Անակնկալի եկայ: Այս մէկը ձայն չէր, այլ՝ բացագանչութիւն, որ զիս շուարումի տարաւ: Չուզեցի հարցումներ ընել: Չէ՞որ, «իմ Հալապն» էր եւ ոչ՝ իրը: Իր «գիտցածը» այդչափ էր: Ուստի վայրկեանին տուն վազեցի, մտածելով, որ նման գոյժ մը «սփռելով», մարդուկը հաստատապէս «բաներ» մը ըսել ուզած էր: Անմիջապէս առանց ժամանակ կորսնցնելու, պատկերասփիւռի հայկական եւ տեղական կայանները իրար խառնելով, եղելութիւնը ստուգել փորձեցի ու միւս կողմէ ալ «այ ֆօն»-իս եւ «ֆէսպուք»-ի կայքս փնտռեցի: Խառնաշփոթ իրավիճակ: Տակնուվրայութիւն ու մտահոգ քրտինք: Վերջին՝ ամէն բան յստակ էր: Պատահած էր ահռելի ու մահացու երկրաշարժ: Արդէն կը դիտէի սարսափելի նկարները: Ահաւոր տեսարաններ: Ուրեմն հարեւանիս բերնէն փրթած բացագանչութիւնը, իրական էր:
Ու ամէն առիթով միշտ կրկնած ու աւելցուցած եմ, թէ Սուրիան կարեւոր ողնասուննե-րէն մէկն է սփիւռքի մեր հայութեան: Սուրիահայութիւնը, եւ մանաւանդ անոր հալէպահայութիւնը, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, իր եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ մարզական փորձառութեամբ, որոշ ու նախանձելի աշխուժութեամբ հաստատուն գաղութ մը կը ներկայացնէ:
Սուրիա եւ Հալէ՛պ, ինչ կ‘ուզէք ըսէ՛ք, շատերուս մօտ տակաւին անոր հողին ջերմութիւնը մնացած է կարօտով:
Կինս, շուտով միացաւ ինծի, դէմքին վրայ գաղտնի վախի մը հետ խառնուած փութկոտութեամբ: Անկասկած, որ մեր երկուքին յուշերը հազար թելերով մեզ կը քաշէին: Անոր համար միաժամանակ անոնց ջերմութիւնն ու յուզումը կ’ապրէինք:
Ու ամբողջ երեկոն եւ տակաւին գիշերուայ ուշ ժամերուն, այր եւ կին մեր դէմքերուն վրայ վախ ու զարմանք բռնած, ժամերով գամուած մնացինք, աշխարհի ամէն կողմերէն տեւաբար ցուցադրուած Հալէպի եւ Թուրքիոյ հայկական Կիլիկիոյ աւերակներուն նկարներուն դիմաց: Շշմած եւ անխօս: Դիտեցինք: Սարսափեցանք: Ինքնածին՝ յուզուեցանք: Ողբերգական եւ վշտալի: Ու տագնապեցանք:
Տակաւին հոն՝ այդ քաղաքին մէջ, երկուքս ալ հին ու նոր յուշեր եւ հարազատներ ունէինք, անոր համար էր, որ մեր ձայներն ալ ինքնածին՝ ծանր բռնած էին:
Հալէպ…: Կասկածէ դուրս է, թէ ան սփիւռքեան մեր ամէնէն եռանդուն եւ օրինակելի գաղութներէն մէկն է, ուր այս օրերուն բոլորին երազները զարնուելով նշուած դժբախտութեան ալիքներուն՝ կը սպառնային խորտակել հայու մեր յոյսերը: Շատերուս համար սուրիական հողը նկատուած է իբրեւ երկրորդ հայրենիք: Հող մը, որ հայութեան փրկութեան լաստ եղած է, տակաւին՝ ասկէ հարիւր տարիներ առաջ: Ու երկրի իրավիճակէն մեկնած, կրնանք նաեւ յիշեցնել, թէ հոն աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, հայոց ներկայ պատմութեան անիւը սկսած էր ծուռ դառնալ եւ հիմա, այս օրերուն, ահա նոր աղէտ մը հասած էր իր դրան շէմին: Բոլորս ալ կը զգանք ու կ’ապրինք այս անիծեալ պատահարին ծանրութիւնը:
Աղէտի յաջորդող ժամերուն իսկ ի յայտ եկաւ, ինչպէս միշտ, նաեւ այս անգամ ալ, թէ հոն տեսիլք ունեցող հաւաքականութիւն ունինք: Ղեկավարութիւն՝ հոգեւոր եւ քաղաքական, որ ունի լուծում ապահովող զարկերակ, հաւատքի եւ հաւաքական ապրումով ու նոր արշալոյսեր առաջնորդող որդեգրումներով:
Ուրեմն, մեր առաջնահերթ պարտականութիւնն էր մեր արագ եւ դրական կերպով մասնակցութիւնը ներկայ կենսական եւ անմիջական իր կարիքներուն: Չենք կրնար անտարբեր ու պարզ ականատեսներ ըլլալ եւ մնալ: Ժամանակն է, որ հոն մեր հայրենակիցներու ապրելու եւ գոյատեւելու միջուկը ամէն միջոցներով բազմացնել: Չենք ուզեր, որ գաղութը կորսնցնէ իր հեւքը:
Այս օրերուն հռետոր խօսքերու ժամանակը չէ: Բոլորիս, հայ մարդու գիտակցութիւնն է էականը, որպէսզի հայ մարդու երազը շարունակուի: Որպէսզի հո՛ն հայ հաւատքի թափը չկոտրի: Վերջապէս, վերանորոգուի եւ վերականգնի գաղութը: Որպէսզի գաղութի կենսունակութիւնը չցամքի: Ուստի, մեզի կ’իյնայ զօրակցիլ եւ աջակցիլ: Կը կրկնեմ: Այս է ահա այս օրերու հրամայականն ու ակնկալուածը եւ մեր բոլորին պատասխանատու կեցուածքը:
Պայման է, թօթափել մեր մտքերու մէջէն անտարբերութեան փոշին, որպէսզի գաղութը իր կենսական դերը շարունակէ, աւելի վճռականութեամբ եւ խանդավառութեամբ:
Հալէպ…Հէ~յ, հարեւան, եթէ չես «իմանում» ըսեմ, որ Հալէպը միայն ի՛մ եւ «քո՛ Հալէպը» չէ՛, այլ մեր բոլորին Հալէպն է, դարերէ ի վեր: Ուստի, պարտաւոր ենք գիտակցիլ այս իրականութեան: Ներելի չէ միայն բառերով եւ զգացականապէս շարժիլ ու մօտէն հետեւիլ յայտարարուած անմեղ եւ սակայն գիտակից կոչերուն: Ստեղծուած տագնապին սրտբաց մօտենալ: Նուիրաբերել: Փոյթով անմիջական կարիքներուն հասնիլ:
Բարեբախտաբար աշխարհի տարածքին, ունինք անհատներ, հաստատութիւններ, նուիրեալներ, բարեսիրական եւ մարդասիրական միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, եւ հայ ժողովուրդ եւ հայրենիք՝ որոնցմով կ’ապրի նաեւ գաղութը:
Յիշեցնեմ, նաեւ որ տարիներէ ի վեր դժուար, դժնդակ, դառն ու ծանր պայմաններու տակ կը գտնուի Սուրիոյ բնակչութիւնը եւ մանաւանդ հոն ապրող հայութիւնը: Արդ, կը հաւատանք, որ մեր բոլորին գերագոյն պարտականութիւնն է, որ սուրիահայերուն համար միասնաբար, համադրուած աշխատանքով եւ արագութեամբ կատարենք մեր խղճի ու մանաւանդ ազգային պարտականութիւնը, մասնակից դառնալով այս առթիւ ծրագրուելիք ու կազմակերպուելիք նիւթական հանգանակութիւններուն ու նախաձեռ-նութիւններուն:
Հեռուներէն միայն յոյս ներշնչելը իմաստազուրկ է: Անհեթեթ:
Ո՞վ տեղեակ չէ, թէ սուրիահայութիւնը պատմութիւն ունեցող եւ մանաւանդ համբուրելի արժէքներու տէր գաղութ մըն է եւ որ սակայն այս օրերուն ճակատագրի բերումով իրեն համար լոյսի եւ օդի չափ եւ աւելի, անհրաժեշտ է նիւթական օժանդակութիւնը: Ուրեմն՝ նիւթապէս զոհաբերենք: Յուսահատիլը արդէն ողբ է:
Պէտք չէ մնալ պարզ հանդիսատեսի դիրքին վրայ: Այս բոլորին լոյսի տակ, հրամայական է, որ այս տառապեալ գաղութը, միշտ մեր լայն ուշադրութեան առարկան դարձնենք: Անտարբերութիւնը ոճիր է: Այնտեղ մեր անձնական եւ հաւաքական զոհաբերութեան անսահման եւ անսակարկ կարիքը կայ:
Ուստի պէտք է փոյթով անոր սրտին հասնիլ, որպէսզի ան բաբախելէ չդադրի:
Մէկ խօսքով, տէր կանգնիլ անոր: Օգնութեան ձեռք երկարել: Կը կրկնեմ՝ նիւթապէս օժանդակել: Արարք մը, որ մեծապէս գնահատելի եւ ողջունելի պիտի ըլլայ պատմականօրէն:
Շատերու համար այս տողերը կրկնութիւն պիտի թուին ըլլալ: Բայց նաեւ կը միտին ընթերցողին փոխանցել սէրն ու գուրգուրանքը՝ Մայր գաղութի ժողովուրդին:
Այս մէկը ազգային գիտակցութեան հետ ատաղձուած է:
Մեր անմիջական օգնութեան կը կարօտի սփիւռքի մեր մայր գաղութը: Լուրջ, հրատապ եւ տագնապալի խիճակ: Վիճակը տխուր է: Իսկ առանց բացառութեան, հոն ապրող մեր հայորդիներուն շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու էականութիւնը, համայն հայութեան համար նկատուած է մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն: Ժամանակն է, որ դարձեալ եւ փոյթով կեանքի կոչել տարիներ առաջ իրենց համար մեր մօտ ծնունդ առած Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտի օժանդակ մարմինը:
Ահա լաւագոյն միջոցը, զօրակցելու այս օրերուն տխուր եւ աւերակ մեր եւ բոլորիս Հալէպին…: