Երկրաշարժը Հարուածելու Է Մարդկային Անարդարութեանը Եւ Քաղաքական Անխղճութեանը

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Ժընեւ        

Կրկին կ՛արձանագրուի աղէտի մը թուականը պատմութեան տոմարներուն մէջ:

Երկրագունդի ընդերքէն եկող անսպասելի, անակնկալ եւ անգութ հարուածը այս անգամ եկաւ ծանր համեմի ուժգնութեամբ աւելնալու ցարդ անմարդկային իրավիճակին մէջ ապրող ժողովուրդի առօրեային վրայ, երկու տասնամեակ գեհենային կեանք տեսած, իր ծննդավայրին կառչած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի  քաղաքացիներուն, յատկապէս Հալէպ քաղաքին, որ արդէն աղէտեալ գօտիի իրավիճակ կը պարզէ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու նկարներու  ընդմէջէն:

Երկրաշարժ… հայ ժողովուրդի դառն ճակատագրին զօդուած աղէտ, որ մեր յիշողութիւնը կը պեղէ երեսունհինգ տարիներ առաջ Սպիտակի եւ Գիւմրիի մեծ երկրաշարժին, արցախեան ազատագրութեան պատերազմի վաղորդայնին:

Երկրաշարժ… որուն նմանութիւնը ապրեցաւ Պէյրութ` նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք:

«Քորոնա»-ին դիմադրելու կարելիութիւններուն անհասանելիութեան գինը սուղ վճարուեցաւ, շուրջ քսան հայորդիներու կորուստով Սուրիոյ մէջ, նոյնքան մըն ալ` ճակատագրակից Լիբանանի մէջ, ընդհանրապէս հասարակական կեանքի ծառայութեան դաշտի զինուորներէն էին անոնք:

Ռուս-ուքրայինական պատերազմը, որ խորքին մէջ մեծերու աքլորամարտն է, զէնքի առեւտուրի, քարիւղի եւ կենսական սննդամթերքներու սակարանի բարձրացումի հեռանկարը շլացուցած է զանոնք ու սպաննած է մարդասիրական ազնիւ զգացումները:

Տնտեսական տագնապ մը, որ մոխիրի վրայ նստեցուց հազիւ օրապահիկը ապահովող մարդիկը:

Ու հիմա` աւերակ շէնքեր, փլատակ տուներ. քարուքանդ քաղաքի մը պատկերէն անդին` կայ իր իսկ երդիքին տակ մնալու վախը ապրող ժողովուրդ մը, որ անձրեւի եւ սառն կլիմայի դէմ յանդիման կանգնած, զգուշ կը սպասէ` խուսափելով յետցնցումներու աղէտէն:

Վերոնշեալ բոլոր սարսափները կը մնան կշիռքի նժարին մէկ կողմը, միւս կողմը աւելի ծանր կը կշռէ … Ի՞նչ մնաց` պիտի ըսէ այս տողերս ընթերցողը…

Այո՛, աւելի ծանր կը կշռէ մեծերու քաղաքական անխղճութիւնը, որ շրջափակման ենթարկած է Սուրիան` մարդկային նուազագոյն իրաւունքներէ զրկելով քաղաքացին:

Աւերակներու տակէն մարդիկը դուրս բերելու օժանդակ կազմածները վառելանիւթ չունին, վիրաւորները` դեղորայք, ընտանեզուրկ մանուկները` սնունդ, անկարներն ու ծերունիները` փոխադրամիջոց:

Ո՞ՒՐ ԵՍ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles