Լեզուական Փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը(4)

1 0
Read Time:4 Minute, 15 Second

 Արմենակ Եղիայեան 

Այս այցելութիւնները միակողմ չէին. միայն թուրքեր չէին այցելեր Լիբանան, յատկապէս՝ Պուրճ  Համմուտ,   փոխադարձ այցելութիւնները՝  դէպի Թուրքիա,  անպակաս էին: Ասոնք սկսան… աժան ապրանքի փոխադրութեամբ եւ… ներածութեամբ  սուղ ապրանքներու, ինչպէս՝ կաշեղէնի, հիւսուածեղէնի եւ այլնի, սկիզբը՝ փոքրաքանակ, ճամբորդական ճամբրուկի ձեւաչափով, աւելի ուշ՝ ծանօթ եւ անծանօթ ճամբաներով մեծաքանակ, առեւտրական ձեւաչափով՝ մեր շուկաները յորդեցնելու աստիճան, ինչպէս անոնք ներկայիս կը յորդեցնեն  Հայաստանի հանրախանութները:

Ասոնց կողքին կը գտնուէին բոլորովին հայրենաբաղձական այցերը եւս:

Շատ կանուխէն ես տեղեկացած եմ անոնցմէ երկուքին, այժմ կը բաժնեմ զանոնք ընթերցողներուս հետ այնպէս, ինչպէս  պատմած են ենթակաները իրենք:

ա. Վկայութիւն

Ուրեմն զրուցակիցս էր Գրիգոր Նգրուրեանը՝ գաղութիս մուսալեռցի հանրածանօթ հասարակական ու կրթական երկարամեայ  գործիչն ու մանկավարժը՝ ուսուցիչն ու տնօրէնը:

Ուրեմն  ան կը պատմէր, որ հայրը եղած է շատ առողջ ու աշխուժ ծերունի մը, որ մինչեւ խոր ծերութիւն ծառ կը մագլցէր՝ պտուղ քաղելու կամ անպէտ ճիւղերը յօտելու:

Այս երկաթեայ կազմով ծերունին մէկ ալ կը սկսի հայրենախտի նշաններ ցոյց տալ, հետզհետէ տկարանալ, անկիւն մը քաշուելով սմքած երազել՝ հրաժարելով իր սովորական՝ օրը լեցնող  զբաղումներէն՝ ամբողջ ժամանակը «Մուսա լեռ» հոլովելով:

Ի վերջոյ կ’որոշուի զինք տանիլ իր ծննդավայրը, եւ անշուշտ այդ առաքելութիւնը ի կատար ածողը պիտի ըլլայ Գրիգորը, որ իր կարգին հետաքրքիր է տեսնելու վաղ մանկութեան հեռաւոր մշուշներուն մէջէն իրեն երեւցող տունն ու շրջապատը:

Եւ կը հասնին Մուսա լեռ, իրենց գիւղը, դիւրաւ կը գտնեն փողոցն ալ, ուր կը գտնուէր իրենց պապենական տունը:

−Մեր տունը, որուն մօտեցած էինք,  թեք զառիվար ճամբու մը աջին էր,−կը պատմէ ան,−  ճամբէն մէկ-երկու մեթր ցած:

Տեղացի լաճերը,− չհաշուած չափահասները,− որոնք վարժուած էին նման այցելութիւններու եւ առատաձեռն բաշխուող դահեկաններու, կը շրջապատեն հայրն ու որդին, եւ այս խայտաբղէտ շքախումքը կու գայ կանգ կ’առնէ զրուցակիցիս  տան առջեւ, որուն  ներկայ թուրք տանտիրուհին, ահաբեկ՝ որ տունը ձեռքէն առնելու եկած են,  անհանգիստ շարժումներով կ’ընկալէ զանոնք, այսուհանդերձ ներս կը հրաւիրէ տակնուվրայ եղած:

–Քո՛յրիկ,  մենք այս տունը կը բնակէինք, հայրս կարօտցած է զայն, եկանք որ  քանի մը վայրկեան կարօտը առնէ:

Տանտիրուհին կը հանգստանայ, ներս կ’առնէ զիրենք, կը պտտցնէ ամբողջ տունը բոլոր  սենեակներով ու խորշերով,  պարտէզը եւ այլ տարածքներ:

Ծերունին կը հանդարտի  եւ հանգիստ շունչ մը կ’առնէ:

Կը վերադառնան բակ, ուր տանտիրուհին աթոռներ շարած է եւ թան պատրաստած:

Կը խմեն թանն ալ, ապա շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւ կ’ուղղուին այն փոքրիկ՝ քանի մը մատանի  սանդուղը, որ ճամբայ կը հանէ:

−Հայրս գաղթէն քանի մը օր առաջ սկսած էր  բազրիք մը կառուցել սանդուղի աջին ու ձախին: Ամէն ինչ աւարտած էր, կը մնար միայն աջակողմեան մէկ հատիկ աղիւսը, որ չեմ գիտեր ինչու  կարելի չեղաւ տեղը  դնել եւ զայն  չդրած գաղթական ելանք տունէն:  Եւ ահա խորագոյն յուզումով  նկատեցի, որ ամէն ինչ մնացած էր նոյնը. այդ մէկ հատիկ քարը կը շարունակէր պակսիլ   երեսուն տարիէն աւելի է: Երբ կը պատրաստուէինք ոտքերնիս դնել  առաջին աստիճանին  վրայ, տանտիրուհին, որ կրնկակոխ կը հետեւէր մեր քայլերուն, մէկ վայրկեան առաջ  մեզ այնտեղերէն հեռացած տեսնելու  մտմտուքով,   խոր ափսոսանքով ըսաւ.

−«Ի՞նչ կ’ըլլար, գոնէ սա մէկ քարն ալ դնէիք ու յետոյ երթայիք… »:

բ. Վկայութիւն

Վկայաբերս, այս պարագային, Ազգային առաջնորդարանի երկարամեայ  գործավար եւ  համագաղութային  ճանաչում գտած Երուանդ Տեմիրճեանն է, որ իր օրերուն մեծ նուիրումով  ծառայեց Արամ Ա-ի առաջնորդութեան տարիներուն:

Ուսումնական խորհուրդի նիստերէն մէկուն աւարտին էր, երբ, չեմ յիշեր ի՛նչ բանի համար, զիս հրաւիրեց ժողովասրահին անմիջապէս կից գտնուող իր փոքրիկ գրասենեակը, ու երբ ամէն ինչ աւարտած էր, պատմեց հետեւեալը՝ իրեն յատուկ գունագեղ ոճով ու բառամթերքով, որոնց ճաշակը միայն ի՛նք ունէր:

−Տասնեօթ տարեկան հազիւ կայի,  պատերազմի աւարտէն մէկ-երկու տարի ետք էր,− սկսաւ ան,− երբ Թուրքիա դեսպանութիւն հաստատեց Հալեպի մէջ,  եւ երթեւեկը ազատ  յայտարարուեցաւ բոլոր սուրիացիներուն համար, ներառեալ ու մասնաւորաբար հայերը, ինչպէս  կը շեշտէին շրջապատիս մէջ, ուր հատուկենտ  այցելուներ չէին պակսեր:

Ուրեմն առանց որեւէ մէկուն բառ մը փսփսալու՝ ան կ’երթայ անցագիր (passport) մը կը ճարէ պետութենէն, ապա այցագիր (visa) մըն ալ՝ թրքական դեսպանատունէն, եւ յաղթական ու ճառագայթող դէմքով այս բոլորը կը յայտնէ ծնողներուն, որոնք կը սարսափին այն գաղափարէն, թէ  մատղաշ պատանի՝ իրենց զաւակը առանձին Թուրքիա՝ Տիգրանակերտ,   պիտի երթայ, ծնդավայրն ու պապենական տունը տեսնելու:

Անօգուտ,  տղան գիտցածը կ’ընէ. ան ալ հայրենախտէ վարակուած է:

Որքան կը յիշեմ, իր ընտանիքը յարաբերաբար ուշ ելած է Թուրքիայէն, այդ պատճառով ալ վայրերուն մտապատկերը  զգալիլօրէն թարմ էր յիշողութեան մէջ, ուստի քաջածանօթի շեշտով  կը պատմէր մանրամասնութիւնները: Մանաւանդ որ դիմացը խելօք մը նստած էր ունկնդիր մը, որ ակնդէտ ու շնչակտուր կը լափէր իր իւրաքանչիւր բառն ու շարժումը:

Երուանդ եղիր ու դիմացի՛ր:

− Ուղիղ գացի մեր տունը,− շեշտեց՝   քանի մը ժամ, չըսելու համար՝ քանի մը վայրկեան  առաջ գացողի աշխուժով ու կենդանութեամբ:

− Նոր տանտէրերուն բացատրեցի կացութիւնս, եւ անոնք  սիրով ընդունեցին զիս:

Զինք ամէնէն աւելի հետաքրքրած է բակին կամ պարտէզին մէջ գտնուող բարձրադիր հոլիկը[1]՝ իր ապակեպատ հնգանկիւն վանդակով:

Հետեւաբար ուղիղ կը վազէ բակ՝ դէպի հոլիկը, ուր անցուցած էր ժամանակին մեծ մասը եւ կազմակերպած մանկական խաղերը ՝առանձին թէ  ընկերովի:

Հոլիկը տեղն էր, բայց ահա…

−Օր մը բակի ծառին վրայ  տեսայ գիրուկ թռչուն մը,   անմիջապէս  պատրաստեցի պարսատիկս, նշան առի, սակայն քարս վրիպեցաւ ու  հանդիպեցաւ հոլիկի ապակիներէն մէկուն, որ իսկոյն փշրուեցաւ: Հօրմէս պատիժս կրեցի, բայց նաեւ ակնդէտ  կը սպասէի, որ ապակին նորոգուէր: Ժամանակը անցաւ, այդ ապակին չփոխարինուեցաւ ու այդպէս ալ զայն ձգած՝  տարագրուեցանք: Եւ հիմա՝ վերադրձիս,  տարիներ ետք, որքան դառն եղաւ տպաւորութիւնս, երբ  տեսայ, որ ան նորոգուած չէր տակաւին, եւ ապակիի կտորներ փակած կը մնային  զիս ակնապիշ դիտող պարապ շրջանակի ակօսներուն մէջ:

armenag@gmail.com

[1] Տունէն դուրս, ընդհանրապէս այգիներու, արտերու կամ պարտէզի, թէկուզ բակի մէջ   կառուցուած փոքրիկ  անպաճոյճ օթեւան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles