Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն, Արեւմտեան թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի (1941-2023) թաղման եկեղեցւոյ կարգն ու վերջին օծումը:
Այս առիթով Ս. Պատարագ մատոյց եւ վերջին օծման կարգին նախագահեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, աղօթակից ունենալով սրբազան արքեպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, ազգային եւ համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:
Վախճանեալ Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոսի թաղման տան կարգին նախագահեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, իսկ եկեղեցւոյ կարգին՝ նախագահեց Գանատայի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան եւ ընթերցեց լուսահոգի Տ. Եփրեմ Արք.-ի կեանքն ու ծառայութիւնը գնահատող Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը:
Իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան սրտառուչ զգացումներով խօսեցաւ վախճանեալ սրբազանի անձին ու կեանքի հանգրուաններուն մասին՝ զայն բնութագրելով իբրեւ ամենահամարձակ արտայայտուող, քաջ ու անվեհեր, տոկուն ու աներեր, մշակութասէր ու ազգի հարցերով տագնապող եկեղեցական, որ 1977-էն 1985, իբրեւ Արեւմտեան թեմի երկրորդ առաջնորդ, ձեռնհասօրէն վարեց ազգային-եկեղեցական ղեկավարի պաշտօնը: Սրբազանը նաեւ արտայայտուեցաւ Արեւմտեան թեմի, որպէս ինքնուրոյն միաւոր, գործունէութեան յիսուն տարիներու պատմութեան ու գալիք արշալոյսներու մասին՝ շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռը իր Վեհափառ Կաթողիկոսով, սրբազան ու վարդապետ միաբաններով, քահանայ հայրերով, աշխարհական ժողովականներով ու նուիրեալներով հաւատքի առաքելութիւնն է, որ կը մարմնաւորէ՝ յատկապէս ազգի սփիւռքացած ածուներուն մէջ եւ Հայրապետական հռչակագրին ի լուր՝ ներքին վերաշխուժացման ճամբով Սփիւռքը կը հռչակէ ամէնուժեղ, անհաւասարելի եւ ամենավստահելի կռուանը Հայաստան եւ Արցախ աշխարհաց մշտնջենաւորութեանց, Յաւիտենականին միջնորդութեամբ:
Յընթացս սրբազան արարողութեան, հոգեւոր հայրեր յարգանքով մերձեցան Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոսին եւ համբուրիւ ողջոյն առին անոր միւռոնուած աջէն ու հետը ողջոյն յղեցին Կիլիկեան Ուխտի յաղթականներուն:
Յայտնենք, որ արարողութեանց ընթացքին Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան ընթերցեց վախճանեալ սրբազան հօր կենսագրականը։
Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հոլիվուտի Ֆորեսթ Լոնի մէջ տեղի ունենաւ սրբազանին թաղման-գերեզմանի կարգը:
Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեան ծնած է 24 Հոկտեմբեր 1941 թուականին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունով՝ Յակոբ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոր Սիս թաղամասի Լուսինեան Ազգային Վարժարանին մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մուտք գործած է 1 Հոկտեմբեր 1955-ին։
Աւարտելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի (յետագային՝ Կաթողիկոս)։ Ապա, երեք տարի շարունակելով դպրեվանքեան ուսումը Ընծայարանի բաժնին մէջ, կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 26 Մայիս 1963-ին, ձեռամբ հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱԲԵՂԱՅ։
Վարդապետական գաւազան ստացած է 1965-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի՝ աւարտաճառ ներկայացնելով «Նախալուսաւորչեան Սուրբեր»ը աշխատութիւնը։
Ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 1978-ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։
Եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է 18 Մայիս 1980-ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։
1963-1965 դասաւանդած է Դպրեվանքէն ներս, իսկ որպէս վանական պաշտօն ստանձնած է Մայրավանքի մատակարարապետութիւնը։
1965-1968 հոգեւոր առաքելութեամբ գործուղուած է Իրանա-Հնդկաստանի Թեմ (Սպահան-Պարսկաստան), որպէս Առաջնորդական Տեղապահ։
1973-1977 հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Ամերիկայի արեւմտեան թեմի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ։
1977-ին առաջնորդ ընտրուած է հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմին։ Իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան շրջանին թեմը արձանագրած է եկեղեցաշինական եւ դպրոցաշինական իրագործումներ, սեփական Առաջնորդարանի գնումը կատարուած է, հրատարակուած են դասագիրքեր եւ Առաջնորդարանի «Հռոմկլա» պաշտօնաթերթը։ Անոր առաջնորդական շրջանը եղած է ութ տարի՝ 1977-1985։ Ապա, մինչեւ 2000 թուական նոյն թեմին մէջ իր ծառայութիւնը շարունակած է։
2000-2002 տարիներուն եղած է Կաթողիկոսական Փոխանորդ Քուէյթի թեմին։
1998- 2005, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնրօինութեամբ, ստանձնած է Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչի պաշտօնը։
Սրբազանը իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Փարիզի Institut Catholique համալսարանին մէջ։
Լուսահոգի սրբազանին հրատարակութիւնները եղած են.-
– Հայց. Եկեղեցւոյ Շարականներու աշխարհաբար թարգմանութիւնը։
– Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետին «Ճառեր»-ու գրաբար բնագրէն Աախարհաբարի վերածումը եւ ֆրանսերէնի թարգմանումը։
Վերջին 15 տարիներու ընթացքին Սրբազանը հանգստեան կոչուած է եւ հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմէն ներս ծառայած։