Յունուար 1-ին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին մատուցուեցաւ նոր տարուան անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը ։
Պատարագի աւարտին, միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ հաւատացեալներ թափօրով ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ։ Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան, յանուն Միաբանութեան, ուղերձ ընթերցեց։ Ան անդրադարձաւ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հրաշափառ տօնին եւ մաղթեց, որ խաղաղութեան Իշխանին ծնունդով խաղաղութիւն ծնի համայն աշխարհին, մեր Հայրենիքին, Արցախին եւ Սփիւռքին, ինչպէս նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին տուներէն ներս եւ սրտերուն մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց դարձեալ Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն հատուած մը՝ ընդգծելով սակայն, որ Աստուածաշունչէն եկող բոլոր յիշեցումներն ու պատգամները միշտ այժմէական են ու յաւերժական. անոնք միայն Աստուածաշունչին կամ որոշ շրջապատի ու ազգերու չեն պատկանիր. անոնք յաւիտական են ու անժամանական, ընդգծեց Հայրապետը՝ ընթերցելով առաքեալին խօսքերը։
Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս հարց տուաւ, թէ այսօր արդեօք կա՞յ աւելի սրբազան, հզօր ու այժմէական պատգամ, քան Պօղոս առաքեալի յիշեալ պատգամը։ Հետեւաբար, լսենք անոր պատգամը եւ երբ մեր տուները երթանք՝ բանա՛նք Աստուածաշունչը եւ կարդանք զայն եւ անոր պատգամը մեր կեանքին մէջ ապրեցնենք։ Աւարտին, ան աղօթք վերառաքեց առ Աստուած, որպէսզի բացուող նոր տարին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ լեցնէ երկնային շնորհներով ու պարգեւներով, որպէսզի մեր ազգին կեանքը ըլլայ Աստուծահաճոյ, մեր գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը դառնան իրապէ՛ս Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս կենսաւորող ներկայութիւն։ Թող Աստուած պահէ մեր ազգի զաւակները, որպէսզի անոնք հեռու մնան ամէն տեսակ երեւելի եւ աներեւոյթ չարերէն ու մեղքերէն։ Շնորհաւոր նոր տարի, աւարտեց իր խօսքը Նորին Սուրբ Օծութիւնը։ Աւարտին, բոլոր ներկաները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» եւ Հայրապետական մաղթերգները եւ շնորհաւորելով Հայրապետը՝ ստացան անոր Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնը։
Յայտնենք, որ 2022 տարուան աւարտին եւ 2023 նոր տարուան սեմին, նախագահութեամբ Վեհափառ Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք, որպէսզի բացուող նոր տարին մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցիին համար ըլլայ օրհնաբեր եւ խաղաղաբեր տարի մը։