Հ․Օ․Մ․-ը Միշտ Արցախի Կողքին

0 0
Read Time:2 Minute, 39 Second

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2-ին, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամ`Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեան, ընկերակցութեամբ՝ Հ․Օ․Մ․-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` Մարօ Քէշիշեանի, այցելեցին Արցախ, ուր կարգ մը կարեւոր հանդիպումներ ունեցան եւ յատուկ աշխատանքներ կատարեցին։ Ստեփանակերտի մէջ Հ․Օ․Մ․-ի պատուիրակութեան միացաւ Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի Մեկուսի Վարչութեան ատենապետ՝ Լիլիթ Մարտիրոսեանը։

Նոյն օրը, ժամը 13:30-ին, Հ․Օ․Մ․ի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ, որու ընթացքին անգամ մը եւ շեշտուեցաւ շարունակել զօրակցութիւնը Արցախի հանրապետութեան հզօրացման եւ անոր քաջարի ժողովուրդին աջակցութեան կարեւոր գործին։

Հ․Օ․Մ․-ուհիները, գլխաւորութեամբ՝ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Արթիւր Մոսիեանի, շինիչ հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ, որու ընթացքին նախարարը հետաքրքրուեցաւ Հ․Օ․Մ․-ի կողմէ, ի նպաստ Արցախին տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն մասին։ Ան գոհունակութեամբ ողջունեց Արցախի սահմանամերձ գիւղերու մէջ Հ․Օ․Մ․-ի կողմէ արեւային ջերուցիցչներու տեղադրումը «Արեւային Արցախ», Սօսէ Մանկապարտէզներու ցանցը, «Լաւագոյն Ուսանող» եւ զոհուած հերոսներու զաւակներու ծրագիրները։ Կարեւոր այս հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի Պետական Նախարարի օգնականներ՝ Նարինէ Աղաբալեան եւ Յակոբ Իբճեան։

Երեկոյեան մտերմիկ հանդիպում-ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հետ, որու ընթացքին անգամ մը եւս շեշտուեցաւ Հ․Օ․Մ․-ի մարդասիրական օգնութիւնը՝ Արցախահայութեան նկատմամբ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3-ին, առաւօտեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ արեւային ջերուցիցչներու տեղադրող «Շտիգէն» ընկերութեան պատասխանատուներէն պրն. Արմէն Խաչատրեանի հետ, որու ընթացքին ան զեկուցեց ընթացող աշխատանքներու եւ կարգ մը յաղթահարելի դժուարութիւններու մասին, յայտնելով թէ մինչեւ ամանոր կը նախատեսուի սահմանամերձ գիւղերու 101 բնակարաններուն արեւային ջերուցիցչներու տեղադրումը: Քննարկուեցաւ նաեւ չորս «Սօսէ» Մանկապարտէզներուն արեւային ջերուցիցչներու տեղադրումը։

Նոյն օրը Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Նայիրի Տէրտէրեան Հ․Օ․Մ․-ի մարդասիրական գործունէութեան մասին յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ «Ապառաժ»-ի եւ Արցախի պետական ռատիոժամի հետ։

Երեկոյեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հետ, որու ընթացքին մօտէն ծանօթացան մասնաճիւղի բեղուն գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին։

Կիրակի, Դեկտեմբեր 4-ին՝ Նայիրի Տէրտէրեան եւ Համեստ Պէօճէքեան, ընկերակցութեամբ Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի Մեկուսի շրջանի ատենապետ՝ Լիլիթ Մարտիրոսեանի եւ անդամ՝ ընկհ. Տաթեւ Աղաջանեանի, այցելեցին Մարտունի շրջանի Ննգի, Մաճկալաշէն եւ Խնուշինակ սահմանամերձ գիւղերը. ականատես եղան տեղադրուած արեւային ջրացուցիչներուն, զրուցեցին գիւղացիներուն հետ եւ անոնց օրհնանքը ստանալով, մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան Ստեփանակերտ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5-ին Հ․Օ․Մ․-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզ, մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի՝ Նելլի Ղուլեանի հետ։ Ապա, մանկապարտէզի աշակերտութիւնը հիւրերուն ներկայացուց գեղարուեստական գեղեցիկ ու տպաւորիչ յայտագիր մը, որ մեծապէս ոգեւորեց եւ մանաւանդ յուսադրեց պատասխանատու Հ․Օ․Մ․-ուհիները։

Խոստմնալից այս փոքրիկներու ելոյթներու թողած անմոռանալի յիշողութիւններով աւարտեցաւ Հ․Օ․Մ․-ի ազգանուէր չորսօրեայ օգտաշատ այս այցելութիւնը։  Երբ Հ․Օ․Մ․-ը կը պատրաստուի նորանոր ծրագիրներով շարունակել իր հայրենանուէր աշխատանքը Արցախի հանրապետութենէն ներս, ահա պատահեցաւ անմարդկայինը։ Թշնամին փակեց Արցախը աշխարհին կապող Լաչինի միջանցքը, փորձելով ճնշել Արցախահայութեան վրայ։ Սակայն ի զուր, Արցախահայութիւնը վճռակամ է շարունակելու իր պայքարը եւ երբեք չի լքեր իր հայրենի հողը, վստահ այն հաւատքով, որ Արցախը միայն ու միայն հայութեան կը պատկանի։

Հիմնուած 1910 թուականին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) 26 երկիրներուն մէջ գործող մասնաճիւղերով ոչհարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակութեան, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն եւ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles