2023 Նապաստակի Տարի

1 0
Read Time:3 Minute, 22 Second
Happy chinese new year 2023 year of the rabbit zodiac sign, gong xi fa cai with flower,lantern,asian elements gold paper cut style on color Background. (Translation : Happy new year, rabbit year)

Պատրաստեց՝ Գէորգ Պետիկեան

Համաձայն չինական լուսնային օրացոյցին, տարուան անունը կը կրկնուի ամէն 12 տարին անգամ մը, նոյն կենդանիին կամ անասունին անունով: Այլ խօսքով, չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: 2023 տարին «Նապաստակ»ի տարի է:
Չինական աստղաբաշխութեան մէջ նապաստակը կը գրաւէ չորրորդ տեղը:
Կը կարծենք, որ շատեր հաւանաբար պիտի կարդան այս էջին խորագիրը միայն եւ թերեւս ալ անտարբերութեամբ պիտի դարձնեն զայն: Իսկ ասոնց ճիշդ հակառակը ուրիշներ ալ կը կարծեն, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս խանդավառութեամբ պիտի ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ կամ ինչե՜ր պահած է իրենց կենդանակերպը:
Առ ի տեղեկութիւն նախ ըսենք, որ չինական աւանդութեան համաձայն, կ՛ըսուի թէ, երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իր հետ, իր աստուծոյն տանիլ, 12 կենդանիներ: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը կամ առնետը եւ ապա անոր յաջորդած էր ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Աւանդութիւնը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ամէնէն առաջ կատուն հասած էր, բայց մուկը զինք խաբելով, անոր տեղը գրաւած էր ու այսպէսով կատուն դուրս մնացած է այս շարքէն:
Իր կարգին Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Այս ձեւով է, որ ամէն 12 տարին անգամ մը, կրկնուած է անասունին անունը:

2011 տարի -Նապաստակի կամ ճագարի տարի
Երկար եւ հին ժամանակներէ ի վեր, չինացի ժողովուրդին համար նապաստակը յոյսի խորհրդանիշը դարձած է: Իրենց աստղաբաշխութեան լուսին աստուածը իր գիրկին մէջ միշտ նապաստակ ունեցած է կամ պահած է: Այս կը նշանակէ, թէ Նապաստակը չինացի աստուծոյն շատ մօտիկ կենդանի մը եղած է:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, թէ նապաստակը արագութեան եւ հեռաւորութեան չափանիշն ալ է: Իրենց յղիութեան ժամանակ կիներուն արգիլուած էր նապաստակի միս ուտել: Ընդահակառակն, երբ անոնք ծննդաբերած են, նորածինին աշխարհ գալէն ետք նոյն այդ կիները միշտ մէկական նապաստակ նուէր ստացած են: Որովհետեւ ըստ այս ժողովուրդի աւանդութեան, նապաստակը խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն բերող կենդանի մըն է:
Անոնք, որոնք Նապաստակի նշանին տակ ծնած են կամ այս տարի պիտի ծնին անոնք կ՛ըլլան ազնիւ եւ զգայուն, լաւ յիշողութեան տէր անձեր: Կը սիրեն ուրիշներու հետ միշտ հաղորդակցիլ եւ գործակցիլ: Շատ կը սիրեն կեանքն ու իրենց կեանքի ընկերը: Կ՛ուզեն շատ զաւակներ ուկամ ժառանգորդներ ունենալ: Յաճախ կ՛ըլլան արկածախնդիր: յե
Նապաստակի տարիներուն ծնածները կ՛ըլլան նաեւ ստեղծող, հնարիչ: Ընկերասիրութեան կողքին անոնք զգուշաւոր ալ են: Իրենց զգայուն իրավիճակէն մեկնած անոնց համար պատճառ է նաեւ ըլլալ համարձակ եւ միաժամանակ պաշտպանողական: Անոնք չեն սիրեր վտանգաւոր որոշումներ կամ քայլեր առնել:
Այս նշանի տակ ծնածները նաեւ կը սիրեն մշակութային կեանքն ու օտարները: Իրենց համար կեանքի մէջ տուն ու տնեցիները ամէնէն ապահով բաներն են:
Այսպէս, ըստ չինական աստղագիտութեան նապաստակի տարին ծնածները կ՛ըլլան մարդասէր, ընկերասէր եւ ընտանիքին համար զոհուած անձեր: Անոնք, մարդոց իրենց հանդիպման առաջին իսկ վայրկեանին, առանց դիմացը լաւ մը ճանչնալու կը վստահին անոր:
Յաճախ արագ որոշումներ կ՛առնեն: Այս մէկը նոյնիսկ իրենց առողջութիւնը կը խանգարէ: Շատ պահպանողական ըլլալով իրենց զգացումները դիւրութեամբ չեն բացայայտէր: Անոնք նաեւ իրենց ցաւը, իրենց մէջ պահելու արժանիքը ունին: Դարձեալ այս մէկը պատճառ կը դառնայ որ իրենց առողջութիւնը կորսուի:
Նապաստակի տարիներուն ծնածները կ՛ըլլան լաւ լաւ դիւանագէտներ, բժիշկներ, դերասաններ, քաղաքագէտներ, գրողներ, մտաւորականներ եւ կրթական մշակներ:
Բարի բնաւորութեան տէր են եւ կը սիրեն վստահիլ իրենց ընկերներուն: Կը սիրեն լաւ հագուիլ եւ զարդարուիլ: Ճաշակաւոր կ՛ըլլան եւ միշտ իրենց արտաքինի տեսքին հոգ տանող: Զգայուն ալ են եւ շատ ռոմանթիկ: Անոնք կը սիրեն նաեւ խմբական աշխատանքն ու ընկերային կեանքը: Ընտանիքը իրենց համար սրբութիւն է:
Նապաստակի լաւ ամիսներն են Փետրուար, Ապրիլ եւ Դեկտեմբեր:
Բախտաւոր թիւերն են.- 8-13-24-40
Նապաստակ -1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011
Նապաստակի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր
Ալպըրթ Այնշթայն, Պապ Պէնէտիքթ, Անճելա Ճօլի, Պրէտ Փիթ, Ճանի Տիպ, Տէյվիտ Պէքամ, Թայկըր Ուըտ եւ Ուիթնի Հիյուսթն:

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles